Վստահ Եմ, Որ Թրամփի Վարչակազմը Ատրպէյճանի Նկատմամբ Աւելի Կոշտ Դիրքորոշում Պիտի Որդեգրէ. Ռուբէն Վարդանեանի Փաստաբանը

Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը՝ Ճերըտ Կենսըր The Armenian Report-ի հետ ունեցած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին իր պաշտպանեալին եւ միւս 15 հայերուն դէմ առաջադրուած մեղադրանքները «քաղաքական դրդապատճառներով առաջադրուած մեղադրանքներ» որակեց։
Ան ընդգծեց, որ դատավարութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան զինուորական դատարանին մէջ՝ անկախ բանտարկեալներու քաղաքացիական կարգավիճակէն, զուրկ են թափանցիկութենէ եւ անաչառութենէ:
Իբրեւ այս դատավարութիւններու հիմնական առանձնայատկութիւն՝ ան առանձնացուց հետեւեալ կէտերը.
– Դռնփակ գործընթաց. դատական լսումները տեղի ունեցած են փակ դռներու ետին՝ միայն ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներու մասնակցութեամբ: Արգելուած եղած է միջազգային լրատուամիջոցներու եւ անկախ դիտորդներու մուտքը:
– Օրինական իրաւունքներու խախտում. Ռուբէն Վարդանեանին չէ արտօնուած իր փաստաբանին հետ կապ հաստատել. ան կարելիութիւն չէ ունեցած ծանօթանալու հիմնական իրաւական փաստաթուղթերուն, օրինակ՝ 400 էջնոց մեղադրական եզրակացութիւնը, որ գրուած է ատրպէյճաներէն, եւ որուն Վարդանեան չի տիրապետեր:
– Խոշտանգումներ. բանտարկուած ղեկավարները ենթարկուած են ֆիզիքական եւ հոգեբանական ծանր խոշտանգումներու, որոնց կարգին՝ մենախուց, ուտելիքէ եւ ջուրէ զրկում եւ մնայուն կերպով խիստ հսկողութեան պայմաններ:
Կենսըր ընդգծեց, որ այս դատավարութիւնները հայերու ինքնորոշման ջանքերը ճնշելու եւ տարածաշրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ջնջելու աւելի ընդգրկուն ծրագիրի մը մէկ մասն են:
Ըստ Կենսըրի՝ Տանըլտ Թրամփի վերադարձը Սպիտակ տուն շրջադարձային է. ան յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ վարչակազմը պատրաստ է աւելի կոշտ քաղաքականութիւն որդեգրելու Ատրպէյճանի նկատմամբ, ներառեալ՝ հնարաւոր պատժամիջոցներ եւ դիւանագիտական ճնշում: Կենսըր կարեւոր նկատեց Թրամփի՝ նախապէս Արցախի մէջ ցեղային զտումներու դատապարտումը, ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ այդ հարցը անոր ղեկավարութեան ուշադրութեան կիզակէտը պիտի դառնայ:
Միացեալ Նահանգներու վերաբերող լաւատեսութեան լոյսին տակ՝ Կենսըր հիասթափութիւն յայտնեց Վարդանեանի եւ մնացած բանտարկեալներու շահերու պաշտպանութեան հարցով Հայաստանի կառավարութեան սահմանափակ ջանքերուն գծով: Ան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կոչ ուղղեց՝ աւելի աշխոյժ դերակատարութիւն ցուցաբերելու միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը ներգրաւելու համար այս գործին մէջ:
Կենսըր նաեւ յորդորեց Հայկական Սփիւռքը՝ միասնութիւն ցուցաբերել եւ գործողութիւններ իրականացնել: Ան ներկայացուց յստակ քայլեր, որոնց կրնան նախաձեռնել անհատները եւ համայնքները, որոնց կարգին՝
– Գրել յօդուածներ եւ փոխգործակցիլ լրատուամիջոցներու հետ՝ ընդլայնելու եւ բարձրացնելու հարցին մասին իրազեկութիւնը.
– Համագործակցիլ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ՝ կառավարութիւններու եւ կառոյցներու վրայ ճնշում գործադրելու համար:
«Այս պայքար է համընդհանուր մարդու իրաւունքներու համար: Խօսքը միայն հայերուն մասին չէ. խօսքը արժանապատուութեան եւ ազատութեան հիմնարար իրաւունքին մասին է», ըսաւ Կենսըր:
Հակառակ բացասական հանգամանքներուն՝ Կենսըր իր յոյսը չի կորսնցներ: Ան կը կարծէ, թէ միջազգային չդադրող քարոզչութիւնը եւ Ալիեւի վարչակարգին վրայ ահագնացող ճնշումները վերջապէս պիտի յանգեցնեն արդարութեան: Ան կ՛ընդունի Վարդանեանի եւ մնացած բանտարկեալներուն համար խիստ պատիժի հաւանականութիւնը, սակայն ան կը շեշտէ, որ այդպիսի գործողութիւններ յաճախ կը յառաջացնեն համաշխարհային զայրոյթ՝ ստիպելով բռնատէր երկիրներու առաջնորդները՝ վերանայելու իրենց կեցուածքը:
«Ռուբէն Վարդանեանի պատմութիւնը տոկունութեան վկայութիւնն է, եւ անիկա կը յիշեցնէ բոլորիս, որ արդարութեան համար պայքարը երբեք ապարդիւն չ՛ըլլար», եզրափակեց Կենսըր:
Comments are closed.