Վեհափառ Հայրապետները կը շեշտեն միասնութեան, ինքնութեան պահպանման եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերարժեւորման հրամայականը
- (0)

Փարիզի մէջ Ապրիլ 11-12-ին տեղի ունեցած Սփիւռքի ազգային զօրաշարժի խորհրդաժողովին առիթով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսներու ուղերձները կեդրոնացան համազգային միասնութեան ամրապնդման, ինքնութեան պահպանման եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու վերաիմաստաւորման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը այսօր կը դիմագրաւէ լուրջ ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին առանձնայատուկ մտահոգութիւն կը յառաջացնեն ազգային կեանքին մէջ խորացող պառակտումները, ատելութեան մթնոլորտը եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու խաթարուած վիճակը։
Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ եկեղեցին եւ ազգային կառոյցները պարտաւոր են համախմբել համազգային ներուժը, ապահովել հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ ամրապնդել համագործակցութիւնը՝ միաժամանակ պահպանելով լեզուն, հաւատքը եւ ազգային ինքնութիւնը։ Ան նաեւ վերահաստատեց, որ հզօր պետութեան եւ կազմակերպուած Սփիւռքի փոխադարձ աջակցութեամբ միայն կարելի է ապահովել հայ ժողովուրդի կայուն ու բարօր ապագան։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իր հերթին աւելի ընդգծուած ինքնաքննութեան կոչ ուղղեց Սփիւռքին՝ հարց բարձրացնելով անոր ներկայ վիճակին եւ դերակատարութեան մասին։ Ան նկատել տուաւ, որ Սփիւռքը կանգնած է նոր մարտահրաւէրներու դիմաց համաշխարհայնացած աշխարհի պայմաններուն մէջ, եւ անհրաժեշտ է վերանայել գոյութիւն ունեցող կառոյցները, մտածելակերպը եւ գործելաոճերը՝ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ ազգային շունչը պահպանելու համար։
Արամ Ա. յատկապէս քննադատեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու երկարամեայ անորոշութիւնն ու վերջին շրջանի անկումը՝ զայն կապելով Հայաստանի իշխանութիւններու ազգակործան քաղաքականութեան հետ, եւ շեշտեց, որ Սփիւռքը պէտք է ունենայ իր ինքնուրոյն մտածողութիւնը՝ միաժամանակ ծառայելով համազգային նպատակներուն։ Ան նաեւ կարեւորեց համասփիւռքեան օրակարգի ձեւաւորումը, ազգային պահանջատիրութեան վերաիմաստաւորումը եւ ուժեղ Հայաստանի կերտման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս համազգային առաջնահերթութիւն։
Երկու կաթողիկոսներու ուղերձները, տարբեր շեշտադրումներով հանդերձ, ընդհանուր առմամբ միեւնոյն առանցքային պատգամը փոխանցեցին՝ ներկայ բարդ պայմաններուն մէջ ազգային համախմբումը, արժէքներու պաշտպանութիւնը եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու առողջ վերակառուցումը այլընտրանք չունին։