Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը

14 Փետրուար 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնէցքան։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի գծով Փարիզի (Ֆրանսա) մէջ վերջերս կայացած հանդիպումին, որուն մասնակցած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Եգիպտոսը եւ Քաթարը, Լիբանանի տնտեսական ներկայ կացութեան եւ նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերուն։

Յիշեալ հարցերուն գծով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, շեշտեց նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութեան հաստատումով ու բարեկարգութեան մշակումով երկիրը դնել վերականգնումի ընթացքին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.