Վարդան Օսկանեան. Եթէ այսօր նման հնարաւորութիւն ունենար, Փաշինեան պիտի փորձէր չեղարկել Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի հանդիպումը

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան յայտնած է, թէ եթէ այսօր նման հնարաւորութիւն ունենար, Նիկոլ Փաշինեան պիտի փորձէր չեղարկել Երեւանի մէջ նախատեսուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի հանդիպումը։

«Անցեալ տարի Նիկոլ Փաշինեան խնդրեց, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի հանդիպումներէն մէկը կազմակերպուի Երեւանի մէջ՝ զայն դիտումնաւոր կերպով ժամանակաւորելով Հայաստանի վճռորոշ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ։ Հաշիւը յստակ էր․ օգտագործել եւրոպացի ղեկավարներու ներկայութիւնը՝ ներքաղաքական վարկանիշը բարձրացնելու համար»,– նշած է Օսկանեան։

Անոր համաձայն, սակայն, այն ինչ արդէն այն ատեն կարճատես որոշում մըն էր, այսօր վերածուած է քաղաքական բեռի։

«Եթէ մէկ բան յստակ է, ապա այն է, որ այս հանդիպումը աւելի պիտի գործէ Փաշինեանի դէմ, քան՝ ի նպաստ իրեն։ Հայաստանցի ընտրողը արդէն հասկցած է, որ Փաշինեանական ոճի միակողմանի եւ ոչ մէկ տեղ տանող «եւրոռեւերանսներ»-ը (դէպի Եւրոպա առեւելումը-Խմբ.) խորապէս անբովանդակ են եւ նոյնիսկ վտանգաւոր՝ Հայաստանի համար։

Տարածաշրջանային կացութիւնը կտրուկ վատթարացած է։ Դրացի Իրանի մէջ պատերազմ կ՚ընթանայ, լարուածութիւնները բազմապատկուած են, եւ Հայաստանը յայտնուած է աւելի խոցելի դիրքի մէջ։ Եւրոպական համայնքը, թէեւ ուղղակի մասնակցութիւն չունի պատերազմին, սակայն ակնյայտօրէն բացասական դիրքորոշում ունի Իրանի նկատմամբ։ Նաեւ յստակ է Եւրոպական միութեան պաշտօնական բացասական վերաբերմունքը Ռուսաստանի հանդէպ։ Աւելին, օրերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան–Փութին հանդիպումը աւելի եւս սրեց իրավիճակը, երբ, առանց դիւանագիտական նրբութիւններու պահպանման, Փաշինեան փաստացի դրուեցաւ ընտրութեան առջեւ՝ Եւրոպա՞ թէ Եւրասիական միութիւն։

Այս պայմաններուն մէջ եւրոպական քաղաքական համայնքի բարձր մակարդակի հանդիպում մը հիւրընկալելը այլեւս քաղաքական առաւելութիւն չէ, այլ՝ վտանգաւոր քայլ։ Հայաստանին անհրաժեշտ է զգուշաւոր եւ հաշուենկատ արտաքին քաղաքականութիւն, ոչ թէ նախընտրական ցուցադրական քայլեր։

Դժուար չէ հասնիլ այն եզրակացութեան, թէ եթէ այսօր նման հնարաւորութիւն ունենար, Փաշինեան պիտի փորձէր չեղարկել Երեւանի մէջ նախատեսուած հանդիպումը։ Սակայն ան չի կրնար։ Եւ այժմ այն, ինչ նախատեսուած էր որպէս անձնական քաղաքական առաւելութիւն, կը սպառնայ վերածուիլ նոր ապացոյցի մը, թէ ինչպէս իշխանատենչութիւնը կրնայ վնասել ազգային շահերուն։ Մանաւանդ երբ Փաշինեանի իշխանութեան տարիներուն բազմապատկուած տնտեսական կախուածութիւնը Ռուսաստանից կրնայ լուրջ հարուած հասցնել իւրաքանչիւր Հայաստանի քաղաքացիին՝ յարաբերութիւններու սրման պարագային»,– գրած է Վ. Օսկանեան։