Վարդան Օսկանեանի Գլխաւորած Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչները 21 Օգոստոսին հանդիպում ունեցան Արցախի հարցով միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ապառաժ»ը։

Յանձնախումբի անդամները ներկայացուցին զեկոյց մը իրենց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն մասին: Անոնք յատկանշական նկատեցին, որ միջազգային կառոյցներու պատասխանատուներ միշտ ընդառաջած են բոլոր հանդիպումներուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած լսելու Արցախի տեսակէտները:

Ըստ յանձնախումբը համակարգող Վարդան Օսկանեանի զեկոյցին` յանձնախումբը արտերկրի մէջ ունեցաւ տասնեակ հանդիպումներ հայ քաղաքական  գործիչներու եւ միջազգային զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներու  հետ, որոնց կարգին Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչին հետ: Հանդիպումներուն առանցքը Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ միջազգային երաշխիքներով Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի ու իր հայրենիքին մէջ ապահով եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութիւն եւ հետապնդումն է:

Յանձնախումբը  կազմուեցաւ Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ եւ կոչուած է զբաղելու Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձին եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերով:

Comments are closed.