Վարդանեան՝ France 24-ին․ Իրական խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհը բոլոր պատանդներու ազատ արձակումն է

Իրական եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու միակ միջոցը Ատրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ պատանդներու ազատ արձակումն է։ Այս մասին ֆրանսական France 24 հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է Արցախի նախկին պետական նախարար, քսան տարուան ազատազրկման դատապարտուած յայտնի գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի որդին՝ Դաւիթ Վարդանեան։

Ան նշած է, որ հօր հետ հեռաձայնային խորհրդակցութենէն ետք որոշած են Ատրպէյճանի մէջ չբողոքարկել դատավճիռը՝ նկատի ունենալով ատրպէյճանական դատարանին կողմնակալ եւ միակողմանի կեցուածքը։

«Ինչպէս գիտէք, եւ ինչպէս շեշտած է նաեւ Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, այն փաստը միայն, որ քաղաքացիական անձ մը, որ երբեք զինուորական պաշտօն չէ զբաղեցուցած, դատուած է զինուորական ատեանին կողմէ, հակասութիւն է միջազգային բոլոր չափանիշներուն։ Հօրս միջազգային փաստաբանները երկուսուկէս տարի չէին կրցած կապ հաստատել անոր հետ՝ նախնական կալանքի ամբողջ ընթացքին։ Խախտուած են միջազգային եւ նոյնիսկ ազրպէյճանական օրէնքներու բազմաթիւ հիմնարար դրոյթներ։ Այս բոլորը կը վկայեն, որ տեղի ունեցածը իրական դատավարութիւն չէր, այլ քաղաքական ներկայացում՝ նախատեսուած ներքին լսարանի եւ, թերեւս, նաեւ որոշ արտաքին դիտորդներու համար։ Ատիկա, անշուշտ, արդար եւ օրինական դատավարութիւն չէր, եւ այդ պատճառով հայրս հրաժարեցաւ մասնակցել անոր», ըսած է ան։

France 24-ի լրագրողը յիշեցուցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի այն հարցազրոյցը, ուր ան բացառած էր ներումի հնարաւորութիւնը։

«Ակնյայտ է, որ այդ արտայայտութիւնները խորապէս կը մտահոգեն մեզ (Նիւրնպերգի եւ ֆաշիզմի հետ կատարուած համեմատութիւնները — խմբ.), մանաւանդ որ մայրս հրեայ ծագում ունի եւ այսօր կը լսէ նման ծանր մեղադրանքներ հօրս հասցէին, որ, ինչպէս գիտէք, մարդասէր է եւ, հաւանաբար, տարածաշրջանի ամենաճանաչուած մարդասէրներէն մէկը։ Ձեր հեռուստադիտողներուն համար կարեւոր է նաեւ նշել, որ Ազրպէյճանը մեղադրանքներ կը հնչեցնէ «Աւրորա» նախաձեռնութեան հասցէին, որ մարդասիրական մրցանակ մըն է եւ հիմնադրուած է ոչ միայն հօրս, այլ նաեւ այնպիսի նշանաւոր մարդասէրներու կողմէ, ինչպիսիք էին երջանկայիշատակ Էլի Վիզելը, Վարդան Գրիգորեանը եւ ուրիշներ։ Ազրպէյճանը այս մրցանակը ստեղծած հիմնադրամը կը բնութագրէ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն։

Ասոնք լուրջ եւ ուշադրութեան արժանի մեղադրանքներ են, որոնք հիմնաւորուած չեն։ Մենք, ի հարկէ, յոյս ունինք, որ այս հակամարտութիւնը ի վերջոյ պիտի կարգաւորուի։ Եւ վերջապէս, այն ինչ որ կ’ուզենք բոլորս՝ թէ՛ ատրպէյճանցիները, թէ՛ հայերը, իրական եւ տեւական խաղաղութիւնն է տարածաշրջանին մէջ։ Կարծեմ, որ այդ նպատակին հասնելու միակ ճանապարհը բոլոր պատանդներու ազատ արձակումն է, անոնց տուն վերադարձը, երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ճշմարիտ կարգաւորումն ու անցեալի բոլոր վէրքերուն ամոքումը», ըսած է Վարդանեան։

Ան անդրադարձած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու հնարաւոր դերակատարութեան։

«Գնահատելի են Թրամփի վարչակազմին՝ տասնամեակներ շարունակուող այս հակամարտութեան լուծման ուղղուած իրական եւ էական ջանքերը։ Շատ կարեւոր էր նաեւ նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը օգոստոս 8-ին, երբ ան վարչապետ Փաշինեանին ըսաւ, թէ Պաքուի մէջ այդ պահուն կը գտնուին 23 հայ քրիստոնեայ պատանդներ եւ ինք պիտի աջակցի այս հարցի լուծման։ Փոխնախագահ Վենսը Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին բարձրացուցած է այս հարցը եւ վերահաստատած երկու առաջնորդներու հետ իր հանդիպումներուն ժամանակ։ Կարծեմ, որ Թրամփի վարչակազմը կը գիտակցի, թէ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ պատանդներու ազատ արձակումը առանցքային նշանակութիւն ունի։

Մեծ յոյս ունիմ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի կարենան հասնիլ իրական եւ տեւական խաղաղութեան։ Սակայն առանց բարի կամքի՝ ստորագրուած փաստաթուղթը ընդամէնը թուղթ մըն է։ Թերեւս կը յիշէք Նեւիլ Չեմբըրլէնի նշանաւոր լուսանկարը․ թուղթը ոչինչ արժէ, եթէ չկան իրական եւ շօշափելի քայլեր», յայտարարած է Դաւիթ Վարդանեան։

Հարցում ուղղուած է նաեւ Մոսկուայի դերին՝ արդեօք ճնշում կը գործադրէ՞։

«Հայրս Հայաստանի քաղաքացի է, եւ մնացեալ բոլոր հայ պատանդներն ալ Հայաստանի քաղաքացիներ են։ Շատ կարեւոր հարց է։ Վերջապէս Հայաստանի կառավարութեան հիմնական պատասխանատուութիւնն ու պարտականութիւնն է ապահովել այս բոլոր գերիներու ազատ արձակումը։ Խօսքը ոչ միայն հօրս, այլ նաեւ ապօրինի պահուող միւս 18 հայ պատանդներու, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրի պարզաբանման մասին է։ Յոյս ունիմ, որ տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն ոեւէ մէկը պիտի աջակցի այս հարցի լուծման, սակայն վերջնական հաշուով Հայաստանի կառավարութեան գերագոյն պատասխանատուութիւնն է ապահովել, որ իր քաղաքացիները անվտանգ վերադառնան տուն», ըսած է ան։

Անդրադառնալով հօր ուղերձին՝ Դաւիթ Վարդանեան ըսած է․

«Չնայած վերջին 860 օրերուն ընթացքին իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն եւ ճնշումներուն՝ ան կը շարունակէ մնալ լաւատես։ Ան միշտ կը յորդորէ մեզ չկորսնցնել յոյսը եւ հաւատարիմ մնալ մեր սկզբունքներուն։ Այդ ծանր պայմաններուն մէջ դիւրին է յանձնուիլ եւ կասկածի տակ դնել այն համոզումը, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է համագոյակցին փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած իրական եւ տեւական խաղաղութեան պայմաններուն մէջ։ Սակայն հայրս կը մնայ իր սկզբունքներուն հաւատարիմ եւ մեզ եւս կոչ կ՚ուղղէ չտրուիլ վախին, շարունակել պաշտպանել ճշմարտութիւնը՝ անկախ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն եւ անոնց ծանրութենէն։ Ան կը շարունակէ լաւատես մնալ, ոեւէ մէկուն նկատմամբ զայրոյթ չի տածեր եւ անկեղծօրէն կը յուսայ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան, իբրեւ դրացիներ, պիտի կարենան գտնել համագոյակցութեան ձեւ մը», ըսած է ան։

Պաքուի դատարանը Ռուբէն Վարդանեանը դատապարտած է քսան տարուան ազատազրկման։ Amnesty International-ը դատավճիռը բնութագրած է որպէս արդարադատութեան ծաղր։ Ջարետ Գենսըր կոչ ուղղած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփին՝ իր հրապարակային խոստումը կատարելու եւ նպաստելու հայ գերիներու ազատ արձակման։