Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի գործունէութիւնը նոր թափ կը ստանայ

Ուրբաթ, Ապրիլ 8, 2022-ին, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան, Վանգուվըրի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կլոր Սեղան մը, ներկայութեամբ ՀՅԴ «Ս. Վրացեան» Կոմիտէի եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն եւ խումբ մը մշակութասէր համակիրներու։

Հանդիպումին նպատակն էր վերաշխուժացնել Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղին գործունէութիւնը, սերտելով մշակութային ծրագիրներ յառաջացնելու կարելիութիւնները:

Նախքան Կլոր Սեղանը, Համազգային Գանատայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ ընկհ. Թամար Շահինեան հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն Կոմիտէի կազմին հետ, զրուցելու շրջանի ընդհանուր մարտահրաւէրներուն մասին եւ ապահովելու Համազգայինի գոյատեւումը Վանգուվըրի մէջ։ Կոմիտէն իր ամբողջական նեցուկը հաստատեց սոյն հանդիպումին։

Կլոր Սեղանի աւարտին, 28 ներկաներ անդամագրուեցան Համազգայինի շարքերուն ապա ընտրեցին «Վարագ» մասնաճիւղի հինգ անդամներէ բաղկացած նոր վարչական կազմը հետեւեալ անդամներով՝

Ընկհ. Ազօ Մովսէսեան (Ատենապետ)

Ընկ. Ռաֆֆի Չափանեան (Փոխ-Ատենապետ)

Ընկհ. Սիլվա Ղազարեան (Ատենադպիր)

Ընկ. Յակոբ Տէր Յակոբեան (Գանձապահ-Հաշուապահ)

Ընկհ. Անի Միսաքեան (խորհրդական)

Նորակազմ վարչութիւնը մեծ խանդավառութեամբ անցաւ ծրագրային իր աշխատանքին, վառ պահելու ջահը Համազգայինի առաքելութեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.