Վահրամ Բալայեան. «Բերձորը Պոկուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզէն` Անոր Կազմաւորումէն Ամիսներ Անց Եւ Բռնակցուած Ազրպէյճանին»

99 տարի առաջ` 7 յուլիսին Արցախի մէկ հատուածին վրայ ձեւաւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը, որուն սահմաններէն` միայն Հիւսիսային Արցախէն, դուրս մնացած է 102 հայկական բնակավայր: Հակառակ անոր որ Ազրպէյճանի ջանքերով Արցախի զգալի մէկ հատուածը ինքնավար մարզի սահմաններէն դուրս մղուած է, այդուհանդերձ, ամրագրուած է, որ մարզը ստեղծուած է Արցախի հայկական հատուածին վրայ` անով իսկ փաստուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ հէնքի վրայ ստեղծուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հետ որեւէ աղերս չունի: Այդ մասին «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ պատմաբան, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան:

«Բանակցային գործընթացին մէջ հայկական կողմը պէտք է առաջ տանի այդ առանցքային կէտը, այսինքն` երբ կը խօսուի երեք կարեւորագոյն սկզբունքներու մասին, որոնցմէ մէկը տարածքային ամբողջականութիւնն է, պէտք է բացառուի այն թիւրընկալումը, թէ տարածքային ամբողջականութեան առումով Ազրպէյճանը Արցախի նկատմամբ յաւակնութիւն ներկայացնելու որեւէ հիմք ունի: Շատ կարեւոր է արձանագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը, որուն հիմքին վրայ ստեղծուած է Արցախի Հանրապետութիւնը, ինքնավար միաւոր էր Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ` իր կառավարման բաժանումներով, եւ քաղաքականապէս կ՛ենթարկուէր Մոսկուային: Ի վերջոյ, փաստը կը մնայ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը հինգ պատգամաւոր  ունեցած է Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին մէջ», շեշտեց Բալայեանը` աւելցնելով, որ ատիկա այն անհերքելի ապացոյցներէն մէկն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ինքնուրոյն միաւոր էր` օժտուած այն բոլոր իրաւունքներով, որոնցմով  օժտուած էին միութեան միւս ինքնավար միաւորները, եւ Արցախի հետ կապուած Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման մասին խօսիլը անհեթեթ է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.