Վահրամ Բալայեան. «Արցախի Կառավարութիւնը Պէտք Է Պահուի Հայաստանի Մէջ»

«Արցախի կառավարութիւնը պէտք է պահուի Հայաստանի մէջ», «Նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի խորհրդարանի  ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան:

«Ապագային համար ատիկա պէտք է, որովհետեւ կը կարծեմ` յանձնուիլը սխալ է: Ի վերջոյ ես կը կարծեմ` միջազգային ատեաններու, տարբեր գործընկերներու հետ պէտք է տարուին աշխատանքներ, որովհետեւ երկիրը բռնազաւթուած է, ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանական գործողութիւններ կատարուած են, եւ պէտք է ըլլայ մարմին մը, որ կարողանայ այդ ամէնը ներկայացնել իրաւական հարթութեան մէջ եւ փորձել արցախահայութեան իրաւունքները պաշտպանել: Դուք կը տեսնէք ռազմաքաղաքական զարգացումները շրջանին ու յարակից շրջաններուն մէջ, ամէն ինչ բաւական արագ կ՛ընթանայ ու ամէն պահու կրնայ նոր իրավիճակ ստեղծուիլ, մեզի համար կրնայ շահեկան իրավիճակ ստեղծուիլ, եւ պէտք է այդ բոլորին ձեւով մը պատրաստ ըլլալ: Ատիկա նաեւ թոյլ կու տայ արցախահայութեան հետ կապուած, մասնաւորապէս ընկերային հարցերը լուծել, Հայաստանի մէջ համարկուելու, արցախահայութեան հաւաքականութիւնը պահելու համար», ընդգծեց Բալայեան:

Անդրադառնալով Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան դադրեցման մասին հրամանագիրը չեղեալ նկատելու մասին յայտարարութիւններուն` Բալայեան ըսաւ, որ հրամանագիրը իրաւական տեսանկիւնէն ուժ չունի: «Այդպիսի հրամանագիր չի կրնար ըլլալ: Անիկա չունի իրաւական հենք: Ի հարկէ կարելի է Սահմանադրական դատարան դիմել` հրամանագիրի սահմանադրականութեան հարցով: Այդ հարցին շուրջ քննարկումները պէտք է երկար ու կշռադատուած ըլլան», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Արցախի ընդդիմութիւնը ընտրած էր Շահրամանեանը եւ այդ պատճառով է, որ մինչեւ հիմա հրամանագիրը մերժելու ուղղութեամբ քայլեր չեն ձեռնարկեր` Բալայեան արձագանգեց` ըսելով. «Երբ Սամուէլ Շահրամանեանը նախագահ ընտրուած է, ան նաեւ նախընտրական փոքր ծրագիր մը ներկայացուցած էր, որուն հիմքին մէջ Արցախի անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնն էր: Ձայն տուողները ի՞նչ տրամաբանութեամբ կրնային տրամադրուած ըլլալ, որ այսպիսի բան ըլլար, այսինքն` նպատակը այն եղած է, որ եղածը կարելի ըլլայ օգտագործել, շարունակել պահպանել Արցախի Հանրապետութիւնը: Հրամանագիրը իմ քննարկման հարցս չէ, կը կարծեմ` ատիկա պէտք է ստորագրողները ներկայացնեն, թէ ի՛նչ պայմաններու մէջ ատիկա եղած է, հակառակ անոր որ որոշակի ենթադրութիւններ կարելի է ընել, եւ ակնյայտ էին ազրպէյճանաթրքական կողմէն Արցախի վրայ ճնշումները: Այդ բոլորին դիմակայելը բարդ էր, եւ աշխարհն ալ լուռ էր, երկիրն ալ 9 ամիս շրջափակման մէջ էր, ծանր կացութեան մէջ էր բոլոր առումներով, Ստեփանակերտէն ուր որ նայէիր ազրպէյճանական դրօշ էր, պատճառները շատ են»:

Comments are closed.