ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ»

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

Գ․1- «Մտքի Վիճակ»

1995-ին, Համազգայինի հրաւէրով Վ. Օշական Պէյրութ եկած էր՝ իր գրական 50-ամեայ վաստակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկին համար։ Եւ Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Երկրորդական Վարժարանի գաւիթին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ։ Դասախօսութիւնը ձայներիզի վրայ արձանագրած էի։ Նոյն ատեն՝ արձանագրած էր նաեւ Իշխան Չիֆթճեան։ Ձայնագրածս խմբագրելով լոյս ընծայեցի «Յառաջ/Միտք Եւ Արուեստ» 2000 Հոկտեմբեր 1-ի թիւին մէջ, տիտղոս դնելով․ «Ինքնութեան Եւ Առաքելութեան Տագնապներ» (ԻԱՏ)։ Չիֆթճեան անտեղեակ ըլլալով Յառաջեան հրապարակման՝ իր կարգին դասախօսութիւնը խմբագրելով լոյս ընծայեց «Հասկ» պարբերականին մէջ, անոր 2011-ի Փետրուար-Մարտ թիւին, տիտղոս դնելով․ «Սփիւռքահայու Տագնապներ» (ՍՏ)։ Արդ, դասախօսութեան խմբագրումի երկու տարբերակ կայ։ Մերթ ընդ մերթ պիտի նայիմ Չիֆթճեանի խմբագրածին, որովհետեւ տարիներու հեռաւորութենէն, երբ իր կատարածին եւ իմ ըրածին կը նայիմ՝ երբեմն երբեմն կը տեսնեմ յօտելու եռանդիս աւելորդութիւնը։

Վ. Օշական իր սոյն դասախօսութեան միտքերը տարբեր յօդուածներով արտայայտած էր։ Ուստի, պիտի դիմեմ այն յօդուածներէն մի քանիին ալ։
«Սփիւռքը երկու վիճակ ունի. մէյ մը՝ աշխարհագրական, եւ մէյ մըն ալ՝ հոգեբանական», ըսաւ։ Աշխարհագրականը շատ յստակ է. անիկա աշխարհով մէկ, բազում երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ՝ հայութեան տարտղնուածութիւնն է, նաեւ՝ միշտ ցրւումը։ Կարեւորութեան առումով՝ աշխարհագրականը զինք «շատ քիչ» հետաքրքրած է, յայտնեց, եւ բացատրեց՝ թէ աշխարհագրականօրէն տարտղնուածութիւնը, եւ ցրւումը բազում անկիւններով՝ տագնապի պատճառ չեն կրնար ըլլալ։ Տագնապի պատճառը, իր բանաձեւումով՝ «բուն պատճառ»ը եւ «բուն տարածութիւն»ը է «հոգեբանական» (ՍՏ)։

Սակայն աշխարհագրական վիճակի բացատրութեան ատեն, թիւր, բայց հետաքրքրական տարազում մը կատարեց, թէ աշխարհագրականը՝ հայութեան Հայաստանէն դուրս, դէպի դուրս պոռթկալը, տեւական պոռթկալն է․ «քիչ մը Պիկ Պէնկի տեսութեան համաձայն, Սփիւռքը տեւական ինքնիրմէ դուրս կ’ելլէ․ իր ներքին տրամաբանութիւնն է՝ դուրս պոռթկալ»։ «Պոռթկալ» բայը գործածեց տարտղնումին եւ ցրւումին առնչաբար։ Սակայն Պիկ Պէնկի տեսութիւնը տարտղնումի եւ ցրւումի մասին չէ։ Անիկա տիեզերքին խտագոյն ու սաստկագոյն տաք կէտէ մը գոյացումն է եւ ուղղութիւններով ընդարձակումը։ Սովորական աչքին համար՝ այն ընդարձակումը տարտղնում եւ ցրւում կը թուի, սակայն այնպէս չէ։ Իսկ հայութեան Հայաստանէ դուրս «պոռթկալ»ուն Պիկ Պէնկը ե՞րբ պատահած է։ Ըսած է թէ՝ «հազար տարիէ ի վեր սփիւռք մը կայ» («Սփիւռքը Արտերկիր Չէ, Երկի՛ր Է»/Հարցազրոյց, ՍԵՀ)։

Վստահաբար, գիտէր, թէ անկէ առաջ ալ՝ հայեր գաղթած էին թէ՛ կամաւորաբար, եւ թէ բռնութիւններու եւ բրտութիւններու ենթարկուելով։ Ուստի, ինքն իրեն հարց տուած էր․ «Ուրկէ՞ սկսիլ (…) պատմութեան հիմերու ո՞ր խորութեան մակարդակէն ճամբայ ելլել դէպի ներկան»։ Եւ պատասխանած․ «Սկսինք մեր գլխուն պայթած բոլոր չարիքներուն արմատէն, որ սելճուքներն եղան» (Սփիւռքի Արմատները, ՍԱ)։ Ուրեմն, հայութեան տարտղնումի եւ ցրւումի Պիկ Պէնկը 11-րդ դարո՞ւն պատահեցաւ։ Պատմութենէն ծանօթ ենք, թէ սելճուքներէն ետք՝ թուրանական յաջորդական արշաւանքներն ալ տարտղնում եւ ցրւում պատճառեցին։ Սա կը նշանակէ՝ թէ այլ Պիկ Պէնկեր ալ եղան մինչեւ Մեծ Եղեռն։ Եթէ տիեզերքի գոյացման բազում Պիկ Պէնկերու տեսութենէն տեղեակ ըլլար, հաւանաբար հայութեան գլխուն եկած աղէտներէն իւրաքանչիւրը «քիչ մը» Պիկ Պէնկի պիտի նմանցնէր։ Վերջինով՝ Մեծ Եղեռնեան Պիկ Պէնկով է, որ գլխագիր Սփիւռքը կը սկսի, որովհետեւ՝ վերջինին կը հետեւի փորձը հասկնալու «Սփիւռք կոչուած աննախընթաց երեւոյթը»։ Գուցէ խորհած էր, թէ նախորդ սփռումները «աննախնթաց երեւոյթ»ներ չէին, որովհետեւ չունեցան սահմանուելու պահանջք։ Այստեղ, հաւանաբար ընթերցող մը առարկէ, թէ ինչպէ՞ս չունեցան սահմանուելու պահանջք։ Մեր մատենագրութեան սահմանումները ի՞նչ էին։ Պատասխա՞ն։ Մատենագրութեան սահմանումները՝ խորապէս «վասն մեղաց մերոց»ի սահմանումներ էին։ Իսկ այժմեանին սահմանումը՝ կը փորձէ հասկնալ երեւոյթին «մղիչ օրէնքներ»ը, եւ ո՛չ միայն հասկնալ զանոնք, այլեւ կը փորձէ «ուղղութիւն մը տալ անոր ընթացքին»։ Դարձեալ առարկութիւն։ Մատենագրութիւնն ալ ճգնած էր «մղիչ օրէնքներ»ը հասկնալ, եւ ուղղութիւն տալ՝ զղջումի եւ ապաշխարութեան կոչով։ Պատասխան. Սփիւռքը ապագաղափարաբանական տարածք է, եւ «մտքի վիճակ է էապէս»։ Առարկողը կ’ուզէ շարունակել, բայց իրեն պէտք է ըսել, թէ իր հակաճառութեան եւ տեսակէտներուն համար՝ հսկայ գործ մը կը սպասուի, ապա յաջողութիւն մաղթելով՝ ճամբու դնել զինք։

Աշխարհագրականի տարազումէն յետոյ, ըսաւ՝ թէ «հոգեբանականը սակայն աւելի շահեկան է» (ՍՏ), որովհետեւ Սփիւռքին «բուն պատճառը եւ բուն տարածութիւն(ն)» է, ինչպէս ըսի։ Ապա անմիջապէս՝ «Մտքի վիճակ մըն է Սփիւռք ըլլալը. սփիւռքահայ ըլլալը, ամէն բանէ առաջ, մտքի վիճակ մըն է»։ Ուրեմն, «հոգեբանական» եզրը կը նշանակէ տարբեր բան մը քան «psychologique»ը։ Ի՞նչ. 1) «Հոգեբանական»ին եւ «մտքի վիճակ»ին արագ առնչումը` պարզապէս կ’ըսէ, թէ առաջինով հասկցուած է երկրորդը։ 2) Հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, թէ ինք չի նշմարեր սփիւռքեան «ընդհանրական ոգի մը», եւ թէ՝ «Սփիւռքի ճշմարտութեան օտար կը թուի ըլլալ ատիկա» («Սփիւռքը Իր Տագնապներով»/Հարցազրոյց, ՍՏՀ)։ Ասիկա կը թելադրէ, որ «հոգեբանական»ը նաեւ կարելի է փոխարինել «ոգեբանական»ով (թող արտօնուի այս բառաշինութիւնը)։ Այսպիսով՝ կը պարզուի, թէ «հոգեբանական»ը, «մտքի վիճակ»ը եւ «ոգեբանական»ը նոյնիմաստ են։ Բայց քանի Վ. Օշական չէ գործածած «ոգեբանական» եզրը՝ զայն մէկ կողմ կը ձգեմ, եւ քանի, հաւանաբար շփոթութեան մը առաջքը առնելու համար, «հոգեբանական»էն շատ արագ անցած է «մտքի վիճակ» բացատրոյթին, հռետորական հարցումս կը դնեմ. ի՞նչ է «մտքի վիճակ»ը։

Գրած է․ «զուտ գիտակցական դիրքորոշում մը, կեցուածք մըն է՝ կեանքը, մարդիկ ու աշխարհ ըմբռնելու ոճ մը, ֆորմիւլ մը բնորոշող» (ՓՍՏ1)։ Ասիկա որպէս անհատակա՞ն փորձառութիւն, թէ հաւաքական։ Անհատական։ Եւ ոչ միայն անհատական, այլեւ աւելին՝ անհատապաշտական։ Վաւերական Սփիւռքը Արշակաւան մըն է անհատապաշտներու («Ո՞ւր Կ’երթայ Հայութիւնը», ՈԿՀ)։ Ուրեմն, «մտքի վիճակ»ը՝ որպէս «զուտ գիտակցական»՝ անհատապաշտական է, որ յուզումներէ եւ զգացումներէ զերծ՝ ենթակայական «զուտ» լոյսով կ’ապրի եւ կը սահմանէ «յարափոփոխ յղացք» գոյութենական ճշմարտութիւնը։ Անիկա պէտք է, որ «քալէ ժամանակի մայթերուն երկայնքով», որպէսզի կարենայ դիտել եւ տեսնել ինչ որ կայ ճամբաներուն վրայ, եւ պէտք է, որ «փոխուի, նորոգուի ամէն վայրկեան», միշտ աչքերը դար մը առջեւ յարած. օրինակ՝ հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, թէ 20-րդ դարու հայը պէտք է 21-րդ դարու մարդ ըլլայ, եւ ոչ թէ՝ 19-րդ դարու հայ («Ի՞նչ Կը Նշանակէ Հայ Ըլլալը»)։

Ժան-Փօլ Սարթրի առիթով, գրած է, թէ ան «ողջ ըլլալու իւրայատուկ ձեւ մը ունի, որուն համար ինքզինքը պատասխանատու կ’ուզէ բռնել»։ Եւ կ’ուսուցանէ զոհ չերթալ «գլխու պտոյտ տուող՝ ըլլալու, մտածելու ու զգալու աւանդական ֆորմիւլներուն». չըլլալ «մեղսակից (…) բարեմիտ քնաշրջիկներու ահաւոր տգիտութեան ու դաւադրութեան»։ Նաեւ՝ ճգնիլ յստակատես ըլլալ։ Յստակատեսութիւնը «միակ առաքինութիւն»ն է. «Ոչ թէ Տէքարթի լիւսիտիթէն, որ անելի կը յանգի. ոչ թէ Վալէրիի զուտ իմացական յստակատեսութիւնը, որ նպատակ էր քան միջոց. ոչ ալ Ժիտի հոգեբանական վճիտութիւնը, անկեղծութեան կարօտը, որ անոր մորթէն շատ չհեռացաւ։ Այլ մեր արդի ժամանակները յատկանշող ճշմարտութեան պահանջքը, նուաստացած, լքուած, քայքայուած ու կանխահաս մարդու միակ յանցանքը ու փրկութեան միակ կարելիութիւնը» («Սարթր/Յառաջապա՞հ Թէ Յետսապահ»): «Նոր ժամանակներու պորտին կայնած» այս փիլիսոփային նուիրուած Վ. Օշականի խօսքերը՝ առաւել կը բացատրեն «զուտ գիտակցական» դիրքորոշումն ու կեցուածքը՝ որպէս գոյութենական յստակատեսութեան դիրքորոշում ու կեցուածք։ Նոյնպէս՝ մարդիկ ու աշխարհ ըմբռնելու գոյութենական «ոճ»ը, եւ «ֆորմիւլ»ը՝ որպէս «ողջ ըլլալու իւրայատուկ ձեւ», եւ հանգանակ՝ «մեղսակից» չըլլալու տգիտութեան ու դաւադրութեան, այլ դառնալու «ճշմարտութեան պահանջք»ին։ Այս դարձը, ինչպէս իր «Քաղաք» քերթողագիրքին մէջ գրած է, «ամէն առտու» (նախորդ պարբերութեան մէջ քաղուածք մը՝ «ամէն վայրկեան» կ’ըսէ. տառացիօրէն պէտք չէ առնել զայն, ինչպէս՝ «ամէն առտու»ն։ Երկուքն ալ փոխաբերութիւն են՝ յարանոր ընթացքի մը անհրաժեշտութիւնը թելադրող) կը վերստեղծէ ճշմարտութիւնը, որ վերստեղծուելէն յետոյ՝ «շերտ շերտ կ’իյնայ մեր վրայէն»…

(Շարունակելի 3)