Վահան Զանոյեան. Թէ Ի՞նչպէս Վերագտայ Զինք եւ Ո՞վ է Ան

Մովսէս Ծիրանի

Երեւան, 2010, Ձմեռ


Հեռաձայնը հնչեց, ընկեր մըն էր.

–Ու՞ր ես, կրնա՞ս գալ:

–Հեռու եմ, չեմ կրնար գալ, ուշ է արդէն:

–Ուշ չէ, եկուր մեծ անակնկալ ունիմ քեզի:

–Վահրամի (Դաւթեան) հետ եմ, Ռուբէն Աբովեանի  մօտ, որ Մերձաւան գիւղը կ’ապրի:

–Ո՞ւր է ատիկա:

–Էջմիածնի ճանապարհին… :

–Շատ հեռու չէ, մենք կը սպասենք քեզի… եկուր… գոհ կը մնաս…

Գացի: Եւ իսկսպէս անակնկալը մեծ էր: Հոն էր իմ մանկապատանեկան ընկերներէս՝ Վահան Զանոյեանը, որ երեսունէ աւելի տարիներ առաջ մեկնած էր ԱՄՆ ուսանելու, ու ատկէ ետք թէեւ մամուլէն հետեւած էի իր  մասնագիտական նուաճումներուն, բայց բնաւ չէինք հանդիպած: Հոն էր նաեւ իմ մանկապատանեկան ընկերներէս՝ Մարտիկ Չանչանեանին կրտսեր եղբայրը՝ Թոմիկը, որոնք յաջորդող  տարիներուն նոյնպէս ԱՄՆ մեկնած էին: Մեր հադիպումը թէ Վահանի եւ թէ Թոմիկի հետ չափազանց ջերմ էր եւ  … ինչ որ տեղ նաեւ՝  յուզիչ: Ինչե՜ր, ինչե՜ր պատմեցինք այն օրերէն, երբ Այնճարը խաղաղ էր ու մենք միասին որսի կ’երթայինք… գետը կը լողայինք, գիշերները պարտէզները կրակ կը վառէինք, օդը կը կրակէինք ու հոն կը քնանայինք…: Հադիպման «փոթորիկը» խաղաղելէ ետք երբ սեղանի շուրջ նստանք, Վահանը ըսաւ.

–Գիտե՞ս ինչպէս յիշեցինք քեզ:

–Ըսէ նայիմ:

–«Բագին»ներէն մէկուն մէջ Էդիկ Բերդեանի ստեղծագործութիւնները տեսած էի ու հիացած: Յատկապէս մէկը՝ «Վերջին Թաւջութակահարը» խորագրով նկար մէն էր, ուր ծերունի մը առանձին փողոցը նստած կը նուագէր։ Երբ Գաբոյին հարց տուի թէ «ու՞ր կրնայ ըլլալ այդ գեղեցիկ կտաւը», ըսաւ որ «Մովսէսին քով ըլլալու է»:

–Ճիշդ է, այդ նկարը քովս է:

–Կրնա՞մ տեսնել:

–Կրնաս ունենալ, հաշուէ որ քուկդ է արդէն: Ուրիշ բանի մը պէտք ունի՞ս, գուցէ նոր եկած ես Հայրենիք… :

–Ո’չ, ես արդէն քանի մը տարիներէ ի վեր յաճախ հոս կուգամ: Փառք Աստուծոյ… ամէն ինչ կարգին է, կարեւորը զիրար գտանք: Բայց քեզի այլ հարց մը ալ ունիմ…

–Խնդրեմ…

–Կը յիշէ՞ս չէ, Բագինի շուրջ հաւաքուած «Գրական Խմբակ» մը ունէինք, դուն մօտ էիր Սնապեանի հետ ու երբեմն ներկայ կ’ըլլայիր մեր հանդիպումներուն:

–Ճիշդ է:

–Գեղեցիկ աղջիկ մը կար մեր մէջ, Էլօ անունով, կը ճանչնա՞ս, ու՞ր է արդեօ՞ք հիմա…լուր ունի՞ս իրմէ…:

–Սպասէ’, շատ առաջ մի երթար, որովհետեւ այդ գեղեցկուհին տիկինս է հիմա….

–Օ՜, ի՜նչ կ’ըսես, բախտաւոր մարդ ես եղեր, միայն սխալ մի հասկնար զիս, ես ամուսնացած եմ արդէն ու երկու տղայ ունիմ: Պարզապէս իր գեղեցկութեամբ աչքի կը զարնէր, տպաւորուած էի… իրմով,  կ’ուզէի տեսնել զինք:

–Հարց չկայ, ինք հոս է արդէն եւ այս քանի մը օրը կը տեսնուինք:

Իմ հետաքրքրասէր ընթերցող՝ այդ օր Վահանը երկու յատկանշական դէպք պատմեց, որոնցմէ առաջինէն տեղեակ էի, իսկ երկրորդը՝ նորութիւն էր ինծի համար: Երկուքն ալ պիտի պատմեմ, բայց նախ՝ առաջինը.

Օր մը, իր հայրը արաբագէտ Բաբգէն Զանոյեանը, ամրան շաբաթավերջին գիւղ՝ Այնճար կ’ելլէ, կը տեսնէ որ իր միակ ուստրը՝ ինը տարեկան Վահանը նստած ինը աղջիկներու մէջ պուպրիկ կը հիւսէ: Վահանը չորս քոյր ունէր եւ հինգ հորաքրոջ աղջիկ: Ի՞նչ մեղքս պահեմ բոլորն ալ վայելուչ էին եւ գիւղին մէջ ճանչցուած՝ իբրեւ գեղեցկուհիներու գերդաստան: Հայրը տղուն դուրս կը հանէ աղջիկներուն մէջէն ու նոյն օրը Այնճարի մօտիկ քաղաքը՝ Զահլէ կը տանի ու որսորդական իսկական հրացան մը կը գնէ, կը նուիրէ իր տղուն ու կ’ըսէ.

–Դուն տղամարդ ես ու Մուսալեռցի, քու խաղալիքդ զէնքը պէտք է որ ըլլայ… գործ չունիս աղջիկներու հետ:

Եւ որովհետեւ Բաբգէն Զանոյեանն ու հայրս՝ որսորդական ընկերներ էին (հայրս ինքնուս էր եւ արաբերէնը կը կատարելագործէր Զանոյեանի միջոցով… ), մենք եւս նախ դարձանք որսորդ ընկերներ եւ ապա ժամանակի ընթացքին մտերմացանք: Իսկ երկրորդի պարագային Վահանը պատմեց հետեւեալը.

—Երբ ներգաղթ կը կազմակեպուի 1948-ին, մեծ հայրս՝ Վահան Զանոյեանը, իր մօտիկ պարագաներուն եւ ազգականներուն կ’ըսէ. «Ես Հայաստան պիտի երթամ, բայց պայման չէ որ դուք ալ գաք… ես  գիտեմ ո’ւր կ’երթամ: Կ’երթամ պարզապէս հայրենիքի մէջ մեռնելու ու հոն թաղուելու համար… ։ Վահան Զանոյանի մտքին մէջ շատ իւրահատուկ տագնապ մը՝ phobia մը կար, որ օտարութեան մէջ մեռնելու եւ թաղուելու վախն էր… Ամբողջ կեանքը աքսորի մէջ անցուցած էր…

 Վահանը լռեց… իսկ ես հետաքրքրութենէ մղուած խնդրեցի որ շարունակէ.

Երէց Վահան Զանոյեանը, աջին Բաբգէնը իսկ ձախին՝ Մարին

Օսմանեան բանակի մէջ սպայ եղած էր… իբրեւ վարպետ դերձակ: Ընտանիքին գրեթէ բոլոր անդամները զոհ գացած են ցեղասպանութեան։ Երբ բանակին մէջ Հայ զինուորականները սկսած են ձերբակալել ու գնդակահարել, ինք փախած է…։ Իմանալով որ զինք կը փնտռեն, ազգանունը փոխած է ու Տողանեանը եղած է Զանոյեան։ Ճամբայ ելած է Սեբաստիոոյ Կէմէրէք գիւղէն, գիշերները  քալելով եւ ցերեկները պահուըտելով ի վերջոյ հասած է Սուրիոյ սահմանը, ուր յանձնուած է Անգլիական զինուժին։ Անգլիացիք  այդ օրերուն փախստական հայ զինուորները կը ղրկէին Փորթ Սաիտ, ուր վրաններու տակ կը մնար Մուսա Լերան ժողովուրդը։ Այսպիսով, Վահան Զանոյեանը 1918-ին կը միանայ Մուսա Լերան հերոսամարտէն վերապրած ժողովուրդին։ Հոն կը հանդիպի Իսկուհի Ճամպազեանին, եւ կ’ամուսնանան։ Երբ 1919ին Ա. Պատերազմը կ’աւարտի եւ Ֆրանսացիք Մուսա Լերան ժողովուրդը կը վերադարձնեն Մուսա Լեռ, մեծ մայրս՝  Իսկուհին յղի եղած է։ Մուսա Լերան իրենց պապենական տունը վերադառնալէն անմիջապէս յետոյ՝ հայրս, Բաբգէնը կը ծնի 1919-ի Օգոստոսին։ 1939ին Մոսալեռցիներու հետ կը փոխադրուի Այնճար… ալ յոգնած էր ու կը վախնար օտար երկինքի տակ վերջին շունչը փչելէ։ Ա՛յդ էր հայրենադարձութեան իր հիմնական դրդապատճառը: Աղջիկներէն երեքը եւ մէկ տղան, Սերոբը, իրենց հօր կը հետեւին իսկ չորորդ աղջիկը՝ Մարին եւ մեծ տղան՝ Բաբգէնը կը մնան Այնճար: Կ’երթայ… «խերով-բարով» կը հասնի հայրենիք, սակայն շատ չանցած, իբրեւ յեղափոխական, իբրեւ «Ժողովուրդի թշնամի», կը կալանաւորուի ու Սիպիր կ’աքսորուի… ուր կը մահանայ 1954ին։  Բայց մարմինը կը նետեն հասարակած-մասսայական փոսի մը մէջ։ Թաղուած տեղը անյայտ կը նմայ…: Եւ հակառակ իմ լուրջ ու հետեւողական որոնումներուն, ոչ մէկ լուր ունիմ իրմէ… :

Եւ այսպէս հայրենի հողի մէջ յաւիտեանս ննջելու, այս իրաւ հայուն իղձը կը մնայ առկախ, որու հետքն իսկ գոյութիւն չունի… ցայսօր :

Սակայն,

Փոքրիկ Վահանը Այնճարի մէջ. Այս լուսանկարը իր հայրը մկրտած է «Երեք Հորթուկները»

Վահանը իր մեծ հօր ու անոր գերդաստանի յիշատակը յաւերժացնելու համար պատմամշակութային նշանակութիւն ունեցող յուշարձան- խաչքար մը զետեղեց Վարդահովիտի իր առանձնատան բակը՝ բնութեան մէջ՝ իր սարքած արհեստական լճակին կողքին: Խաչը երիզուած է Հայ ժողովուրդի ամենայատկանշական սրբութիւններով ու հերոսներով, սկսեալ Հայկ նահապետէն, Վահագնէն ու Անահիտէն, մինչեւ Մեսրոպ Մաշտոցը, Սասունցի Դաւիթն ու Արամ Մանուկեանը: Խաչին վրայ՝ դրոշմուած է, մեր ազգային սրբութիւն-սրբոց «Է» տարը, որ դրուած կ’ըլլայ հայկական եկեղեցիներու խորաններու ամենասուրբ տեղը՝ ճակատին՝ իբրեւ աստուածային էութեան, տիեզերական յաւերժական ԼՈՅՍ-ի խորհրդանշան: Երկու կողքերը փորագրուած են Վահան եւ Իսկուհի, Բաբգէն եւ Մարի Զանոյեաններու անունները, որոնք յետագային կրնան համալրուիլ իրենց անուններով: Մոռցուած չէ նաեւ իր կողակիցը՝ Շարլոթը, որուն ի պատիւ Խաչքարի աջ կողմի վարը պատկերուած են երկիրն ու առհասարակ կեանքը պաշտպանող Կելտական զոյգ դիւցազունները: Ի դէպ, այս արժանաւոր տիկինը ոչ միայն ինք հայերէն սորված է, այլեւ երկու երիտասարդ՝ (Շահան եւՎարանդ) մեծցուցած է, որոնք մաքուր հայերէն կը խօսին, կը գրեն ու կը կարդան, նոյնիսկ Արեւելահայերէնի յատուկ դասընթացքներու կը հետեւին, որպէս զի ամառները երբ հայրենիք գան (բարեսիրական նպատակներով), կարողանան բնական կերպով հաղորդակցիլ տեղուոյն երիտասարդ երիտասարդուհիներու հետ:

Վայոց Ձոր, 2019, Հոկտ. 24

Նստած էինք Վահանի Վարդահովիտի առանձնատան բակը, իր ազգականներէն Արտակ Տօնիկեանի եւ իրաւապաշտպան՝ Աւետիք Իշխանեանի հետ: Բնութիւնը դիւթիչ էր ու հրաշափառ: Վեհանիստ արեգակը օրուայ վերջին ճառագայթներով կ’օծէր մեր սեղանն ու կ’օրհնէր մեր բարձր տրամադրութիւնը…: Զրոյցի ընթացքին Աւիկը հարց տուաւ.

Վահանի մեծ մայրը՝ Իսկուհին, Հօրեղբայրը՝ Սերոբ եւ հօրաքոյրը՝ Արաքսին

–Վահան ջան՝  ո՞նց ես գտել բնութեան այս հրաշալիքը:

–Պատահաբար: Ընկերներով որսի էինք եկել այս կողմերը, ճիշդ այս ծառի դիմացից մի խումբ կաքաւներ թռան, ես որոշեցի իմ հանգստատունս այստեղ կառուցել: Եթէ մեծ հայրս բախտը չունեցաւ հայրենի հողի մէջ իր վերջին կայքը գտնելու… յաւիտեանս, յոյս ունեմ որ ես նոյն դժխեմ ճակատագրին չեմ արժանանայ… :

Որպէս զի Աւիկը ճիշդ ընկալէ Վահանի որոշումն ու իղձը, ըսի.

–Վահանը տարուայ մեծ մասը անցկացնում է այս ամայքների մէջ: Այստեղից ընդամէնը մի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է Վարդահովիտ գիւղը, որ մեծապէս «օգտուեց» եւ շարունակում է օգտուել Վահանի ներկայութիւնից: Չեմ ուզում մանրամասնել… պարզապէս նրա համեստութիւնը չվիրաւորելու համար… յետոյ քեզ  բացատրելու եմ… միայն պէտք է ասեմ, որ նա իր առանձնատունը չկառուցեց Երեւանի մօտիկ ինչ որ տեղ… այլ ուղղակի սահմանի վրայ, Քէլփաջարի հանդիպակաց կողմը :

–Հրաշալի է: Վայրի գազաններ չկա՞ն…

Վահանը բացատրեց.

–Կա’ն: նոյնիսկ մի օր, դեռ արեւը չծագած, ինչ որ ձայներ լսեցի… արթնացայ ու ի՜նչ տեսնեմ: Մի արջ իր երկու քոթոթների հետ եկել էր…ա՜յ… այդ ծառերից վայրի տանձ էր ուտում: Աւիկ ջան՝ միայն այստեղ կարելի է նման բացառիկ երեւոյթի հանդիպել… սա հրաշք է… չէ՞…:

–Բայց չէ՞ք վախենում…:

–Վախը ո՞րն է Աւիկ ջան, երբ որոշել էի այս բնակարանը կառուցել, ճարտարապետին ասացի որ, «ես Մուսալեռցի եմ, այս տանը մէջ գրադարանի կողքին ուզում եմ ունենալ նաե’ւ զինադարան»: Իմ պապերս եւ հայրս միաժամանակ թէ զէնքի եւ թէ մշակոյթի մարդիկ են եղել: Մշակոյթ եւ Ուժ: Նկատի առ, որ մենք Մուսալեռցիներս հաւատում ենք թէ մշակոյթին եւ թէ ուժին: Միայն թէ սխալ չհասկանանք: Ուժ ասելով մենք զէնքին զուգահեռ հասկանում ենք նաեւ՝ թէ գիտութիւնը, թէ տնտեսութիւնը, թէ կրթութիւնը եւ թէ առհասարակ մշակոյթը…: Այս հաւատքն է որ Մուսալերան ծերպերում մեզ պահել է… հազարաւոր տարիներ…:

Ոտքի, ձախէն աջ՝ Է. Հերկելեան, Շ. Զանոյեան, Մ. Հերկելիան եւ Շանթ Զանոյեան՝ նստած՝ Հ. Հերկելեան եւ Վահան ու Վարանդ Զանոյեաններ

Այո’, իմ հաւտարիմ ընթերցող՝

Հակառակ անոր, որ Վահանը մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է ու շօշափելի նուաճումներ արձանագրած՝ միջազգային հարթակներու վրայ, ան բանաստեղծ ու գրող է նաեւ: Հրատարակած է բանաստեղծութեան երկու հաւաքածոյ հայերէն լեզուով եւ չորս վէպ, անգլերէնով, որոնցմէ մէկը՝ «Սրբազան Աւազուտքներ» (The Sacred Sands), որ Արեւմտեան կարգ մը համալսարաններու մէջ որդեգրուած է իբրեւ լրացուցիչ դասագիրք: Անոր գրական վաստակը գնահատելու ու արժեւորելու տեղը չէ հոս… ցոյց տալու համար իր վիպագիրի տաղանդն ու գրական վաստակը, հարկաւոր է առանձինն անդրադառնալ…:

                                                                                                                        Մովսէս Ծիրանի
                                                                                                                (Մոնթրէալ, 2022, Նոյ.)

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.