Վահագն Խաչատուրեանը Ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը
13 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեանը երդումով ստանձնեց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Հայաստանի Հանրապետութեան 5-րդ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդման համար Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի ունեցած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Նիստը կը վարէր Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան:
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Վահագն Խաչատուրեանը, ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վրայ, երդումը կատարեց:
Երդմնակալութենէն ետք հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեան խօսք արտասանեց:
Արարողութեան կը մասնակցէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահի լիազօրութիւնները մինչեւ այդ թուականը կատարող Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, նախարարներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, այլ պաշտօնատար անձեր: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չէին մասնակցած յատուկ նիստին:
Նախագահի պաշտօնին Խաչատուրեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Հայաստանի Ազգային ժողովը Վահագն Խաչատուրեանը հանրապետութեան նախագահ ընտրած էր 3 մարտի նիստին: Վահագն Խաչատուրեանը Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է 7 տարուան ժամկէտով: