Վախճանեցաւ Տ. Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան
Յունաստանի եւ Գանատայի թեմերէն ներս ծառայութեան անջնջելի դրոշմ թողած, բոլորէն սիրուած Տ. Հրայր Ա. քհնյ. Նիկոլեան, Ուրբաթ, 14 Յուլիսին կորսնցուց պայքարը անողոք հիւանդութեան դէմ ու անցաւ յաւիտենականին։
1973-ին, որպէս միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հանգուցեալ հոգեւորականը ժամանեց Յունաստան եւ ծառայեց իբրեւ հոգեւոր հովիւ Գոքինիոյ, միաժամանակ՝ իր երաժշտական հմտութեամբ նոր թափ ու աշխուժութիւն ստեղծեց գաղութի երգչախմբային կեանքէն ներս։
Իր ծառայութիւնը մատուցեց նաեւ Գանատայի գաղութին, որպէս փոխտնօրէն Հ.Օ.Մ-ի Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանին, ապա որպէս հոգեւոր հովիւ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ։
Վերջին քանի մը տարիներուն վերադարձած ըլլալով Յունաստան, եղաւ Աթէնքի Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ինչպէս նաեւ շրջանի մը համար ստանձնեց Համազգայինի երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ Իր նկարագիրով եւ հովուական փորձառութեամբ սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորէն։
Աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք իր կեանքին ու թողած վաստակին։
Հ Ա Ն Գ Ի Ս Տ
Յունաստանի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Թեմիս Կրօնական ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն վախճանումը
Տ. ՀՐԱՅՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻ
որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2023-ին։
Տէր Հայրը երկար տարիներ ծառայած էր Գանատայի Հայոց Թեմէն ներս որպէս Հոգեւոր Հովիւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ համայնքին։ Վերջին տասը տարիներուն տեղափոխուած էր Աթէնք՝ Յունաստան եւ որպէս Հոգեւոր Հովիւ կը ծառայէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Երէցկնոջ, զաւակներուն եւ հարազատներուն։
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։
ԴԻՒԱՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Comments are closed.