Սփիւռքի Կարծիքը Ներկայացնող Մարմինը Պէտք է Ձեւաւորուի Ընտրութիւններով` Ողջ Սփիւռքի Մէջ. Կիրօ Մանոյեան

Եթէ Սփիւռքի կարծիքը ներկայացնող մարմին պիտի ըլլայ, ապա ան պէտք է ձեւաւորուի ընտրութիւններով: Այս մասին, ըստ «Նիուզ»-ի՝ Փետրուար 22-ին, «Հայաստան-սփիւռք․ յարաբերութիւններու փոփոխութիւն, աշխատանքային նոր ձեւաչափ» թեմայով քննարկման ժամանակ նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Ան կարծիք յայտնած է, որ ճիշդ չէ, որ կառավարութիւնը նախաձեռնէ Սփիւռքը ներկայացնող ինչ-որ կառոյցի ձեւաւորումը, որովհետեւ երրորդ պետութիւններու կողմէ սփիւռքը կրնայ ընկալուիլ որպէս 5-րդ շարասիւն:

Մանոյեանի խօսքով, ճիշդը այն է, որ Սփիւռքը նախաձեռնէ նման կառոյցի ստեղծումը, իսկ պետութիւնը օգնէ։ «Վարչապետը ներկայացուց, որ պէտք է ըլլայ մէկ կառոյց, որուն հետ խորհրդակցելէ ետք համարենք, որ լսած ենք Սփիւռքի տեսակէտը այս կամ այն հարցի մասին: Ես վստահ չեմ, որ այդպիսի կառոյց հաստատելը շատ արագ ու հեշտ գործ է: Մենք առաջարկած ենք 2014-էն սկսած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնաժողովը վերածել համազգային խորհուրդի: Ատիկա բաւական ձգձգուեցաւ, որովհետեւ տարբեր պատկերացումներ կային, թէ ինչպէս պէտք է տեղի ունենայ ատիկա եւ որոնք պէտք է ընդգրկուին: Մեր առաջարկը այն էր, որ եթէ Սփիւռքի կարծիքը ներկայացնող մարմին պէտք է ըլլայ, ապա ան պէտք է ձեւաւորուի համամասնական ընտրութիւններով` ամբողջ Սփիւռքի տարածքին»,-ընդգծած է Մանոյեան` աւելցնելով, որ այդ պակագային կառոյցը կ’ունենայ հեղինակութիւն:

Միւս մօտեցումը, որ կայ կառավարութեան ծրագրին մէջ, ըստ Մանոյեանի, հորիզոնական ցանցերու ստեղծումն է, որ ինքնին դրական երեւոյթ է: «Մենք միշտ կողմնակից եղած ենք, որ այդպիսի կառոյցներ ձեւաւորուին` մասնագիտական հիմունքներով: Բայց միշտ ալ հարց է, թէ ինչպէս պէտք է այդ կառոյցները աշխատին, եթէ պաշտօնական Երեւանն է որոշողը, միւսներն ալ պէտք է ենթարկուին»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.