Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց Հալէպի Ռազմական գործողութիւններու վարչութեան պատասխանատուն
Ուրբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան Համայնքապետարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Հալէպի Ռազմական գործողութիւններու վարչութեան պատասխանատուներէն Ապտուլ Քատէր Թահհանը, որուն կ’ընկերակցէր Սուրիոյ Լատին Համայնքի Առաջնորդ Հաննա Եպս. Ճալլուֆ: Սոյն հանդիպումին ներկայ էին Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւներ, համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ կրթական հաստատութիւններու տնօրէններ:
Վերապատուելին ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց Սուրիոյ ազատագրումը, ինչպէս նաեւ վեր առաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին ունեցած դերակատարութիւնը երկրի ընկերային, ծառայողական եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:
Իր կարգին, Թահհան յայտնեց Սուրիոյ ապագայի տեսլականը, որ հիմնուած է, Սուրիան՝ սուրիացիներուն սկզբունքին վրայ: Ան հաստատեց Սուրիոյ ժողովուրդին իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու ապահովման կարեւորութիւնը, ապա անդրադարձաւ երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն, որոնց յաղթահարումով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել կենցաղային աւելի լաւ պայմաններ: Ռազմական կառավարման պատասխանատուն յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը երկրի նոր սահմանադրութեան ձեւաւորման համար պիտի կազմակերպէ համաժողով։
Եզրափակելով Վերապատուելին շեշտեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն հետ, որպէսզի նորանոր յաջողութիւններ արձանագրենք յանուն նոր Սուրիոյ վերակառուցման:
Comments are closed.