Սուրիոյ Խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեան հանդիպում ունեցաւ Բրիտանիոյ պատուիրակութեան նախագահ պարոնուհի Գարոլայն Գոքսի հետ
Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբերին, Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ հանդիպեցաւ Բրիտանիոյ լորտերու եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ, որուն կը նախագահէր պարոնուհի Գարոլայն Գոքս եւ որուն ընթացքին անդրադարձան Սուրիոյ վերականգնման շրջանին: Համուտա Սապպաղ յայտնեց, թէ Սուրիա թեւակոխած է արդէն վերականգնման փուլ, եւ կոչ ուղղեց, որ Բրիտանական պատուիրակութիւնը ճշգրիտ պատկերը փոխանցէ Սուրիոյ մէջ իրենց ականատես եղած իրականութիւններուն՝ ամենայն չէզոքութեամբ, նկատի առած որ այդ մէկը պիտի նպաստէ Սուրիոյ վերականգնման, խաղաղութեան եւ կայունութեան:
Պատուիրակութեան նախագահ Գարոլայն Գոքս յայտնեց իր ուրախութիւնը՝ անգամ մը եւս Սուրիա այցելութեանը համար, ցաւ յայտնեց ականատես ըլլալով ահաւոր տառապանքին եւ քանդումին ապա գնահատեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ բանակին տոկալն ու դիմադրելը ընդդէմ ահաբեկչութեան: Ան ըսաւ. «Դուք առաջնագիծի վրայ էիք պաշտպանելու համար հանրային եւ հաւատքի ազատութիւնները՝ տարածաշրջանին մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին, շատ սուղ վճարելով՝ ձեր արեամբ եւ կազմակերպութիւններով»: Ան անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ հարուստ մշակոյթին եւ անոր ազդեցութեան՝ աշխարհի այլ երկիրներու մշակոյթներուն վրայ:
Խորհրդարանի անդամներ իրենց նամակները յղեցին պարոնուհի Գոքսին, որպէսզի իր կարգին ան փոխանցէ Բրիտանիոյ Լորտերու ժողովին: Դոկտ. Նորա Արիսեան եւս ողջունեց պարոնուհին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Դատին հանդէպ անոր ունեցած դրական կեցուածքներուն համար եւ զայն համարեց Հայ դատի բուռն պաշտպաններէն մին: Ան հրաւիրեց զինք Սուրիան եւս պաշտպանելու նոյն ձեւով: Արիսեան յայտնեց, թէ ինք առաջին հայ պատգամաւորուհին է Արաբական Աշխարհի խորհրդարաններուն մէջ, ինչ որ մեծագոյն փաստն է Սուրիոյ բազմամշակութային կեանքին, որ կը դրսեւորուի Սուրիոյ սահմանադրութեամբ:
Դոկտ. Արիսեան պարոնուհի Գոքսին միջոցաւ նամակ յղեց Բրիտանիոյ Լորտերու ժողովին, յայտնելով թէ Սուրիոյ ընկերային շրջանակը համերաշխ է, կենակից է եւ կը հաւատայ բազմամշակութայնութեան: Ան նշեց, թէ պատերազմին ընթացքին շատ մը եկեղեցիներ եւ դպրոցներ քանդուեցան, որոնց վերականգնման աշխատանքները պիտի սկսին շուտով: