Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ծառայողական աշխատանքներուն հետքերով…
1507
0
-Երկուշաբթի, 13 Մարտ 2023-ին, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջ. Վարչութիւնը Ազգ. Պատսպարանի կառոյցէն ներս հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանը, որուն ձեռամբ միութեան փոխանցուեցաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ազգ. Պատսպարանին յատկացուցած նիւթական օժանդակութիւնը։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչն ու Պատսպարանի Յանձնախումբի անդամները։
-Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրաշարժի կեդր. յանձնախումբը այցելեցին Սուրիական Կարմիր Մահիկի մանուկներու յատուկ հիւանդանոցը եւ փոքրերու յատուկ խաղալիքներով ու տաքուկ ծածկոյթներով ուրախացուցին դեռատի հոգիներն ու անոնց ծնողները։
Հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը բարձր գնահատեց միութեան մարդասիրական այս ծրագիրը: Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին հակիրճ կերպով ներկայացուց երկրաշարժի աղէտէն ետք ծաւալուած մարդասիրական ու բարեսիրական այլ ծրագիրները։
Շրջ. Վարչութեան այցելութիւնը նախաքայլը համարուեցաւ Կարմիր Մահիկի հետ սերտ համագործակցութեան հեռանկարին։
-ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը սուրիական Կարմիր Մահիկ Կազմակերպութեան տնօրէնութենէն ստանձնեց մեծաքանակ դեղորայք, փոքրերու կաթ ու սննդեղէն, որոնք առաքուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ որպէս Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն։
Իր կարգին, Շրջ. Վարչութիւնը դեղորայքն ու կաթը յանձնեց ՍՕ Խաչի դարմանատան տնօրէնութեան, որպէսզի տրամադրուի դիմորդներուն, իսկ սննդեղէնը տրամադրեց՝ ժողովուրդին եւ Ազգ. Պատսպարանին։
-Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը 7 Մարտ 2023-ի առաւօտեան այցելեց Պետական Համալսարանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունքի քաղցկեղով տառապող փոքրիկներուն, անոնց փոխանցելով խաղալիքի ծրարներ ինչպէս նաեւ իր աշխատանոցէն ներս պատրաստուած տաքուկ ծածկոյթներ։
Սրբազան հօր կ’ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան անդամները, նաեւ հիւանդանոցէն ներս ծառայող եւ ՍՕ Խաչի Առողջապահական Յանձնախումբի ատենապետ բժշկուհի Թագուհի Թաշճեան։
Պատուիրակութիւնը նախ հանդիպեցաւ հիւանդանոցի տնօրէն տոքթ. Նատիմ Զահլուքի, որ ողջունեց ՍՕ Խաչի մարդասիրական այս ծրագիրը, մինչ սրբազան հայրը, իր կարգին, դրուատեց հիւանդանոցի մատուցած լայնածաւալ ծառայութիւնը, յատկապէս երկրաշարժի աղէտի այս օրերուն։
Ապա սրբազան հայրը, Շրջ. Վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ շրջեցաւ հիւանդանոցի սենեակները, օրհնեց մանուկները եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց անոնց։