Սուրիական Ճգնաժամի Ընթացքին Հայաստանը Իր Հաստատուն Աջակցութիւնը Ցոյց Տուաւ Սուրիոյ. Վարչապետ Փաշինեան

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին Ազգային տօնին առիթով: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդը Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ազգային տօնին առիթով:

Հայ-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ յատուկ են պատմականօրէն ձեւաւորուած ամուր բարեկամութիւնը, փոխադարձ համակրանքը, համագործակցութեան եւ փոխաջակցութեան ոգին:

Սուրիական ճգնաժամի ընթացքին Հայաստանը իր հաստատուն աջակցութիւնը ցոյց տուած է Սուրիոյ, որուն խօսուն ապացոյցը Հալէպի մէջ հայկական մարդասիրական առաքելութեան գործունէութիւնն է: Համոզուած եմ, որ մեր պետութիւններու միջեւ աւանդական երկխօսութիւնը յետագային եւս պիտի շարունակուի ընդլայնուիլ եւ խորանալ` ի շահ մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներու:

Լիայոյս եմ, որ Սուրիան կը յաղթահարէ առկայ ճգնաժամը եւ կը թեւակոխէ յառաջընթացի եւ զարգացման նոր փուլ: Օգտուելով առիթէն` կը ցանկամ վերահաստատել մեր յանձնառութիւնը` նպաստելու վերականգնողական գործընթացներուն:

Կը մաղթեմ Ձեզ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին` խաղաղութիւն եւ առաջընթաց»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.