Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Մեր այգին» հայերէն մանկապատանեկան գրադարանին, «Մանկավարժական նորարարութեան գերազանցութեան մրցանակի» ցուցափեղկին եւ բարեկարգուած արուեստի դասարանի բացում

Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանէն ներս, Մոնթրէալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի նորաստեղծ «Մեր այգին» հայերէն մանկապատանեկան գրադարանին, «Մանկավարժական նորարարութեան գերազանցութեան մրցանակի» ցուցափեղկին եւ հանրութեան ներկայացուեցաւ ամբողջովին բարեկարգուած արուեստի դասարանը։

Վարժարանի ընդհանուր տնօրէն Լորի Ապրաքեան ողջունեց ներկաները, ապա Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով խօսք առաւ Անի Թորիկեան Պապիկեան, որ մեծապէս գնահատեց դպրոցի բարերարներուն յանձնառութիւնը՝ ի նպաստ աւելի բարգաւաճ ու բարեզարդ վարժարանի մը կերտման, յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնելով Մանճիկեան եւ Մկրտիչեան ընտանիքներուն, որոնց նիւթական ներդրումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել երկու կարեւոր ծրագիրներ։ Այնուհետեւ յաջորդաբար խօսք առին դպրոցի փոխ տնօրէնները։ Երկրորդականի փոխ տնօրէն Մարիքա Լանկլուա, որ խօսեցաւ արուեստի դասարանի բարեկարգման կարեւորութեան մասին որ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ աշակերտներու ստեղծագործական գործունէութեան վրայ։ Իսկ նախակրթարանի ժամանակաւոր փոխ տնօրէն Սվետլանա Ռագու, խօսելով «Մանկավարժական նորարարութեան գերազանցութեան» մրցանակին մասին ըսաւ, որ անիկա հաստատուած է 8 տարի առաջ, եւ այս մրցանակը կը քաջալերէ եւ կը խրախուսէ ուսուցիչները, իրենց փորձառութիւնը բաժնելու եւ իրենց գեղեցիկ գաղափարներով աւելի նորարար դարձնելու դպրոցը։

Իսկ նոր հիմնուած «Մեր այգին» հայերէն մանկապատանեկան գրադարանին մասին խօսելով վարժարանի ընդհանուր տնօրէն Լորի Ապրաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մանճիկեան ընտանիքին իր նուիրատուութեան եւ գեղեցիկ գաղափարին համար՝ «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան» նախակրթարանի յարկին տակ ստեղծելու հանգուցեալ Յակոբ Մանճիկեանին յիշատակին նուիրուած եւ հայաշունչ Քեսապը յիշեցնող անկիւն մը, ուր աշակերտները պիտի կարենան հայերէն գիրքերով շնչել, սորվիլ ու խաղալ։

Այնուհետեւ քօղազերծուեցաւ «Մանկավարժական նորարարութեան գերազանցութեան մրցանակի» ցուցափեղկը, ձեռամբ տոքթ. եւ տիկ. Արի եւ Փաթիլ Մկրտիչեաններու, ապա Սուրբ Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի օրհնութեամբ եւ Մանճիկեան ընտանիքի անդամներու եւ տնօրէնութեան ձեռամբ բացումը կատարուեցաւ «Մեր այգին» հայերէն մանկապատանեկան գրադարանին։
Այս առիթով բարերարները յաջորդաբար սրտի խօսքեր արտասանեցին եւ խօսեցան այս նուիրատուութիւնները կատարելու իրենց գլխաւոր մղումին մասին, նշելով որ անիկա կատարած են ի նպաստ հայ դպրոցին, հայ նորահաս սերունդին։

Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի եզրափակիչ խօսքէն ու «Պահպանիչ»էն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան։ Անոնք նաեւ առիթը ունեցան շրջելու արուեստի դասարանին մէջ եւ դիտելու երկրորդականի աշակերտներուն այս տարուան աշխատանքներուն ցուցահանդէսը, ընդհանուր յոյսի թեմայով եւ խորագրուած՝ «Espérance», ուր ներկայացուած էին զանազան նիւթերով պատրաստուած արուեստի գործեր, որոնց մէջ յատկանշական էր մանաւանդ Արցախի նուիրուած ու Արցախի բռնագրաւման հարցի իրազեկման թեմայով ստեղծագործութիւնները: Անոնք ներշնչուած էին հանրածանօթ արուեստագէտ Պանքսիի գործերէն։ Նշենք, որ արուեստի դասարանի նորոգութեան ծախսերը կարելի եղած էր հոգալ, շնորհիւ անցեալ տարուան «Evasion» աշակերտական գործերու իւրայատուկ ցուցահանդէսի ընթացքին կատարուած հանգանակութեան։

Յիսնամեակի սեմին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանը իր տնօրէնութեամբ, հոգաբարձութեան եւ հիմնադրամի կազմերով, այս առթիւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին բոլոր նուիրատուներուն, իրենց յանձնառութեան եւ շարունակական նեցուկին համար, որոնց շնորհիւ կանգուն կը մնայ, կը գոյատեւէ ու կը բարգաւաճի հայ դպրոցը։

Comments are closed.