Սեւան Նշանեան հրապարակած է իր բանտարկութեան պատմութիւնը
2243
0
Թրքական բանտէն վերջերս փախուստ տուած այլախոհ Սեւան Նշանեան իր պլոկ-ին վրայ Հինգշաբթի, Յուլիս 20-ին զետեղած է գրութիւն մը, ուր «Բանտապատում» խորագրին տակ կը հիւսէ իր արգելափակման երեք ու կէս տարիներու պատումը:
Կը գրէ. «2014 Յունուար 2-ին մտայ Թորպալըի բաց դրութեամբ բանտը։ Այդպիսի բանտեր համեմատաբար հանգիստ են, սակայն ատոր փոխարէն ստիպուած ես կողք-կողքի ապրելու սահմռկեցուցիչ կրթութեան մակարդակով եւ բարոյական արժէքներով քանի հարիւր մարդու հետ։ Ստիպուած ես հանդուրժելու գրեթէ անոնց մակարդակին գտնուող ղեկավար կազմի վիրաւորանքներուն եւ ստորացումներուն»։
Այնուհետև մտաւորականը կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր կենցաղը անախորժ էր բանտի ղեկավարութեան համար եւ ամիս մը ետք ան փոխադրուեցաւ փակ դրութեամբ բանտ: Հոն՝ Պուճայի փակ բանտին մէջ ծանօթ մտաւորականը 40 հոգիի համար նախատեսուած բանտախուցը կը բաժնէր 120 բանտարկեալի հետ: Այնուհետեւ կը տեղափոխուի Շաքրանի փակ բանտը, ուր ամիս մը կը մնայ զանգուածային սպանդի պատճառով 56 տարի բանտարկութեան դատապարտուած տիգրանակերտցի կալուածատիրոջ մը եւ անոր մեղսակիցին հետ նոյն բանտախուցին մէջ:
2014 Յուլիսին Նշանեանը կը փոխադրեն Այտընի Ենիփազար փակ բանտը: Հոն, ան կ՚ունենայ ազատ բանտախուց եւ շաբաթը 5 օր, 6-ական ժամ համակարգիչէ եւ համացանցէ օգտուելու կարելիութիւն: Այդպէս, 14 ամիս այդ պայմաններուն մէջ կ՚աշխատի իր հեղինակած բառարանին վրայ, կ՚ուսումնասիրէ թրքերէն եւ օսմաներէն հարիւրաւոր աղբիւրներ: Այդ ընթացքին իր դէմ յարուցուած դատերը կը շարունակուին եւ իրեն տրուած պատիժը կ՚աւելնայ՝ նախ հասնելով 11, ապա՝ 17 տարուան:
2015 Օգոստոսին բաց դրութեամբ Սէօքէի բանտը կը տեղափոխուի: Սեպտեմբերին եւ Դեկտեմբերին երկու անգամ արձակուրդի իրաւունք կը ստանայ: «Առաջինին, “Նոքթա” հանդէսէն հարցազրոյցի եկան։ Հրատարակեցին այնպիսի նկարով մը, ուր կը ստացուէր այն տպաւորութիւնը, թէ մեր յարգելի ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարութեան ձեռքի տգեղ նշան կ՚ընեմ (նկարը՝ ստորեւ): Իսկ երկրորդ արձակուրդը կը զուգադիպէր տարեդարձիս։ Որոշեցի ընկերներու, բարեկամներու հետ խնճոյք կազմակերպել։ Չեմ գիտեր՝ ուրկէ՞ պորտախաղի պարուհի մը յայտնուեցաւ, նաեւ՝ լրագրող մը, որ նոյնպէս չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ հոն կը գտնուէր. անմիջապէս լուսանկարեց մեզ։ Եւ չեմ հասկցած ինչո՞ւ, այս ոչնչութիւնը մեծցուց եւ իր թերթին մէկ անկիւնը հրապարակեց այդ նկարը», կը պատմէ Նշանեան:
Ատկէ քանի մը շաբաթ ետք բանտին մէջ Նշանեանը «կը բռնեն» համակարգիչ գործածելու ընթացքին եւ կը խզեն համացանցային կապը: Ապա, ան կրկին կը տեղափոխուի փակ բանտ ու կ՚ենթարկուի կարգապահական բազմաթիւ եւ շատ խիստ պատիժներու:
2016 Մարտին կը տեղափոխուի Մենեմէնի փակ բանտ, ուր անհաւատալիօրէն խճողուած բանտախուցերու մէջ՝ սինլքորներու հետ կենակցելու կը պարտադրուի: Շատ դժուար օրեր կ՚ապրի: Նամակներու տեսքով գիրք մը կը գրէ իր փոքր աղջկան՝ Անահիտին եւ ա՛յդ է, որ զինք կը փրկէ ընկճախտէն, որու մէջ մխրճուած էր:
2017 Փետրուարին տեղի ունեցած օրէնքի փոփոխութիւններուն շնորհիւ՝ Մարտ 25-ին հայ մտաւորականը կը տեղափոխուի Ֆոչայի բաց բանտ: «Նախկիններուն հետ համեմատած՝ հոն շատ հանգիստ ու յարմարաւէտ էր։ Ինծի շատ նեղութիւն չէին տար։ Ես ալ, ի հարկէ, կ՚օգտուէի առիթէն։ Նոյնիսկ ազատօրէն տեղափոխուելու համար հեծանիւ ձեռք ձգեցի եւ դարձայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ հեծանիւով առաջին դատապարտեալը», կը պատմէ ան:
Ի վերջոյ, Նշանեանի համբերութիւնը կը սպառի: Ան կը հասկնայ, որ ոչ ոք տրամադրութիւն ունի զինք ազատ արձակելու: Աւելի՛ն, տարիներ առաջ հեռատեսիլի յայտագրերէ իր այս կամ այն արտայայտութեան համար դեռ նորանոր դատեր կը յարուցուին եւ պատիժը հետզեհետէ կ՚աւելնայ:
«Իրականութեան մէջ, երկու տարի առաջ արդէն յստակ էր, որ ատոր վերջը այսպէս պիտի ըլլայ։ 2015 Դեկտեմբերին ես արդէն պատրաստ էի փախելու։ Բայց ընկերներս թելադրեցին քիչ մը եւս սպասել, համբերատար ըլլալ, լաւ պատրաստուիլ… Մինչդեռ, այդ ամէնը զուր էր։ Իրականութեան մէջ, եթէ կ՚ուզես առնել որեւէ կտրուկ քայլ՝ երբեք ականջ պիտի չկախես իմաստուն մարդոց խորհուրդներուն։ Նման քայլ առնելու համար պէտք է խենթ ըլլալ, չմտածել սկիզբին ու աւարտին մասին», կը գրէ Նշանեան:
Վերջաւորութեան մէկ առ մէկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր հեռու-մօտիկ, ծանօթ ու անծանօթ անձերուն, որոնք այս կամ այն ձեւով զօրակցեցան իրեն՝ բանտարկութեան ամբողջ ընթացքին եւ փախուստի ժամանակ: