Սերժ Սարգսեան. «ՀՀԿ-ն երբեք պիտի չպառակտէ ընդդիմադիր դաշտը»

Հայաստանի երրորդ նախագահ եւ ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Կոմիտասի անուան պանթէոն կատարած այցելութեան ընթացքին, անդրադարձած է երկրի քաղաքական ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ Սարգսեան հերքած է այն պնդումները, թէ իր ղեկավարած ուժը կը փորձէ պառակտել ընդդիմադիր դաշտը՝ շեշտելով, որ նման քայլի երբեք պիտի չդիմեն:

Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ սեպտեմբերին հաւանական է նոր ու աղետաբեր պատերազմ, եթէ իշխող կուսակցութիւնը չստանայ սահմանադրական մեծամասնութիւն, Սերժ Սարգսյան խիստ քննադատութեամբ արձագանգած է՝ նշելով, որ իշխանութիւնները կրնան ըսել այն, ինչ կ’ուզեն:

Նախկին նախագահը նաեւ վերահաստատած է իր դիրքորոշումը Արցախի հարցով՝ ընդգծելով, որ որեւէ իշխանութիւն իրաւունք չունի փակուած համարել Արցախ վերադարձի թղթածրարը կամ դադրեցնել Ղարաբաղեան շարժումը: Սարգսեան յայտնած է, որ յառաջիկայ ապրիլ 4-ին կայանալիք ՀՀԿ համագումարի ընթացքին աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնայ քաղաքական բոլոր կնճռոտ հարցերուն:

Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի մտահոգութիւններուն, վերջինս աւելի վաղ յայտարարած էր, որ խաղաղութեան գործընթացի վերանայման ձգտող ուժերը կրնան երկիրը տանիլ դէպի անխուսափելի բախումներ, ինչ որ Սարգսեանի եւ ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ կը դիտուի իբրեւ անհիմն քաղաքական ճնշում: