Սահմանադրութեան Փոփոխութիւններու Հանրաքուէն Պիտի Կայանայ Ապրիլ 5-ին
Ազգային ժողովի կողմէն 2020 Փետրուար 6-ին Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին որոշման ընդունումէն եւ Փետրուար 7-ին Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ զայն Հանրապետութեան նախագահին ներկայացնելէն ետք, Սահմանադրութեամբ Հանրապետութեան նախագահի գործառոյթները կը սահմանափակուին միայն հանրաքուէի օրը նշանակելով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հանրապետութեան նախագահը, ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ստորագրած է հրամանագիր Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն Ապրիլ 5-ին նշանակելու մասին:
Հրամանագիրին մէջ նշուած է. «Ղեկավարուելով Սահմանադրութեան 206-րդ յօդուածով, ինչպէս նաեւ «Հանրաքուէի մասին» սահմանադրական օրէնքի 12-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ հիմք ընդունելով Ազգային ժողովի 2020 Փետրուար 6-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը հանրաքուէի դնելու մասին» ԱԺՈ-001-Ն որոշումը.
1. Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէն նշանակել 2020 Ապրիլ 5-ին:
2. Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն»։