Սահմանադրական դատարանը մինչեւ յուլիս 4 պէտք է հրապարակէ ընտրական գործով որոշումը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ — Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը մինչեւ յուլիս 4 պէտք է հրապարակէ յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող գործով իր որոշումը։
Սահմանադրական դատարանի նախագահ Արման Դիլանեան յայտնած է, որ դատարանը գործը քննելու եւ որոշում կայացնելու համար սահմանափակ ժամանակ ունի։ Այդ պատճառով ան առաջարկած է նիստ գումարել նաեւ յառաջիկայ ոչ աշխատանքային օրը՝ յունիս 27-ին։ Դիլանեանի համաձայն, այդ նիստի ընթացքէն պարզ պիտի դառնայ, թէ անհրաժեշտ պիտի ըլլա՞յ նիստ գումարել նաեւ Կիրակի օր։
Սահմանադրական դատարանը յունիս 26-ին սկսած է խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող դիմումներու քննութիւնը։
Դատարան դիմած են «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը, «Միասնութեան Թեւեր», «Դեմոկրատիա, Օրէնք, Կարգապահութիւն», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Յանուն Հանրապետութեան», «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքը եւ «Նոր Ուժ» ռեֆորմիստական կուսակցութիւնը։