Ռուստամեան` «Հորիզոն»-ին. «Յառաջիկայ ընտրութիւնները բախտորոշ են Հայաստանի ապագային համար»
- (0)

ՀՅԴ-ի 135-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ Գանատա գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան հարցազրոյց մը տուաւ Հորիզոն Մետիա-ին։ Զրոյցի ընթացքին ան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, ՀՀ իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային ուղեգիծին, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Սփիւռքի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ այս հարցերուն շուրջ ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն։
Անդրադառնալով առաջիկայ ընտրութիւններու կարեւորութեան՝ Ռուստամեան ընդգծեց, որ Հայաստանը կը գտնուի բախտորոշ շրջափուլի մը մէջ, երբ ընտրութիւններուն պիտի որոշուի երկրի ապագայ ուղեգիծը։
«Մենք հիմա կը գտնուինք բախտորոշ շրջափուլի մը մէջ, երբ յառաջիկայ ընտրութիւններով պիտի որոշուի, թէ մեր երկիրը ո՞ր ուղեգիծով պէտք է առաջ շարժի։ Այն ուղեգիծը, զոր կը գործադրէ ներկայ վարչախումբը, մեզ կը հեռացնէ մեր ազգային եւ պետական նպատակներէն եւ աւելի շուտ կը սպասարկէ թուրք-ազրպէյճանական օտար շահեր», ըսաւ ան։
Ռուստամեանի հաստատեց, թէ իշխանութիւնները կը վարեն քաղաքականութիւն մը, որ կը հակասէ Ազգային ժողովին կողմէ հաստատուած կառավարական ծրագիրին։ Ան յատկապէս մատնանշեց Արցախի հարցը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը եւ Հայաստանի անվտանգային համակարգին վերաբերող խնդիրները՝ նշելով, որ այս բոլոր ուղղութիւններով այժմ կը գործադրուի հակառակ քաղաքականութիւն։
Անդրադառնալով Արցախի հարցին՝ Ռուստամեան նշեց, որ իշխանութիւնները, որոնք ստանձնած էին պաշտպանել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ երաշխաւորել արցախահայութեան անվտանգութիւնը, ի վերջոյ փաստաթուղթ ստորագրեցին, որով Արցախը ճանաչուեցաւ Ատրպէյճանի մաս։
«Արցախը յանձնեցին՝ յայտարարելով, թէ իբրեւ թէ այդ անհրաժեշտ էր Հայաստանի անկախութիւնը ամրապնդելու համար, սակայն տեղի ունեցաւ հակառակը․ բոլոր վտանգները փոխադրուեցան Հայաստան», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այսօր ատրպէյճանական ուժերը կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ, խախտուած է երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ վտանգուած է ինքնիշխանութիւնը։
Ռուստամեանի գնահատմամբ, իշխանութիւններուն կողմէ ներկայացուող այսպէս կոչուած «իրական Հայաստանի» գաղափարը կը հեռացնէ երկիրը ազգային նպատակներէն եւ կը ստեղծէ լուրջ ռազմավարական վտանգներ։
Խօսելով այս պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին՝ ան շեշտեց, որ հիմնական խնդիրը ներկայ ուղեգիծը փոխելն ու ազգային-պետական ուղղութիւնը վերահաստատելն է։
«Հակառակ պարագային պիտի արձանագրենք մեր ինքնութեան կորուստը, պիտի արձանագրենք Հայաստանի՝ որպէս տարածաշրջանային գործօնի կորուստը եւ պիտի դառնանք թուրք-ատրպէյճանական տանդեմին կցորդ պետութիւն մը», նշեց Ռուստամեան՝ ընդգծելով, որ այս հեռանկարը պէտք է կանխել։
Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ պատահական չէ, որ ներկայ իշխանութիւններուն գաղափարական եւ քաղաքական հիմնական թիրախը Հայաստանի մէջ նոյնինքն Դաշնակցութիւնն է։
Հարցազրոյցին ամբողջական տարբերակը կարելի է դիտել տեսանիւթին մէջ։