Ռոստոմ. Հայ Ժողովուրդի Ամբողջական Ազատագրութեան անձնդիր Առաքեալը (մահուան 100-ամեակ)

«Եթէ Քրիստափորը եղաւ Հ.Յ.Դաշնացութեան միտքն ու կամքը, եւ Զաւարեանը՝ նրա սիրտն ու խիղճը, Ռոստոմը ե՛ւ միտք էր,
ե՛ւ կամք ու խիղճ՝ Դաշնակցութիւնն ինքը իր բովանդակ էութեամբ»
Սիմոն Վրացեան
Յու­նո­ւար 19ի կը լրա­նայ մա­հո­ւան հա­րիւ­րա­մեա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ ծնունդ­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱ­Նին՝ ՌՈՍՏՈ­Մի, որ իր պայ­ծառ ու խրոխտ ճա­կա­տով եւ խո­հա­կա­նու­թեամբ ու խստա­պա­հան­ջու­թեամբ կի­տո­ւած յօն­քե­րով՝ հու­նա­ւո­րեց ու­ղին հա­յու­թեան ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան ա­րիւ­նոտ, այ­լեւ անձ­նո­ւէր պայ­քա­րին՝ մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով Ազ­գի եւ ­Հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կան ու լիար­ժէք ա­զա­տու­թեան մե­ծա­գոյն տես­լա­կա­նը, ա­նոր ձեռք­բեր­ման հա­մար գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու իր կեն­դա­նի եւ ա­ռաջ­նոր­դող օ­րի­նա­կը վա­րա­կիչ դարձ­նե­լով։
Ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ս­տե­փան ­Զօ­րեան՝ ­Ռոս­տոմ կրտսե­րա­գոյնն էր Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան։ ­Թէեւ ներ­կայ ալ չէր ե­ղած 1890ի ամ­րան կա­յա­ցած Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վին՝ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ ու­սա­նո­ղա­կան բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն իր գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար ­Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ իր ծննդա­վայ­րը աք­սո­րո­ւած ըլ­լա­լով, այ­սու­հան­դերձ՝ ­Ռոս­տո­մի շեշ­տա­կի դրոշ­մին կը հան­դի­պինք ոչ միայն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մու­թիւ­նը նա­խա­պատ­րաս­տող խմո­րում­նե­րուն, այ­լեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին ե­րես­նա­մեա­կի գլխա­ւոր բո­լոր է­ջե­րուն վրայ։
­Ռոս­տո­մի ձե­ռագ­րով էր, որ 1890ին հիմ­նո­ւած ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 1892ին վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։
­Ռոս­տո­մի գրի­չով էր, որ նո­րաս­տեղծ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան անդ­րա­նիկ Ծ­րա­գի­րը իր ա­ւար­տուն տա­րա­զու­մը ստա­ցաւ՝ Ք­րիս­տա­փո­րի եւ ­Զա­ւա­րեա­նի միաս­նա­կան ստո­րագ­րու­թեամբ ճամ­բայ հա­նո­ւած ծրագ­րա­յին «Այ­բու­բեն»ը ամ­բող­ջաց­նե­լով իբ­րեւ «Ընդ­հա­նուր ­Տե­սու­թիւն» ու Հ.Յ.Դ. Ծ­րա­գիր։
­Նոյն­պէս ­Ռոս­տո­մի ձեռքն է, որ կ­’ե­րե­ւի ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Զի­նան­շա­նի լու­սա­պատ­կե­րին վրայ՝ ամ­րօ­րէն բռնե­լով ու միա­ձու­լե­լով հայ մշա­կին, մտա­ւո­րա­կա­նին եւ ռազ­մի­կին ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան միաս­նու­թիւ­նը խորհր­դան­շող բա­հը, սուրն ու փետ­րագ­րի­չը։
­Ռոս­տո­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեան կամ ղե­կա­վար­ման կը պար­տինք, յա­ջոր­դա­բար եւ թւու­մի կար­գով՝
1) ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ռա­ջին զի­նա­գոր­ծա­րա­նին հզօ­րա­ցու­մը ­Սալ­մաս­տի մէջ։
2) Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան ա­պա­հո­վումն, իբ­րեւ մար­տա­կոչ մա­մու­լի կա­նո­նա­ւո­րու­մը եւ գա­ղա­փա­րա­կան կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը։
3) 1890ա­կան­նե­րու երկ­րորդ կի­սուն Երկ­րի տա­րած­քին դպրո­ցա­կան ցան­ցի ըն­դար­ձա­կումն ու ու­ժե­ղա­ցու­մը։
4) Ք­սա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, ­Պալ­քան­նե­րու մէջ եւ ընդ­հան­րա­պէս Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին, յա­նուն ազ­գա­յին ա­զա­տագ­րու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման պայ­քա­րող շար­ժում­նե­րու հետ Հ.Յ.Դ. ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջա­ցու­մը։
5) 1903ին հայ ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րաւ­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս ռու­սաց­ման հե­տա­մուտ ցա­րա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման շղթա­յա­զեր­ծու­մը եւ, այդ նպա­տա­կով, Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կին ուժ եւ նե­ցուկ տա­լով՝ հա­մազ­գա­յին ծա­ռաց­ման կազ­մա­կեր­պու­մը։ Ազ­գա­յին ըմ­բոս­տաց­ման այդ շար­ժու­մին շու­տով պի­տի հե­տե­ւէր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կող­մէ որ­դեգ­րու­մը «­Կով­կա­սեան ­Նա­խա­գիծ»ին, ո­րուն դար­բի­նը ե­ղաւ ­Ռոս­տոմ, Ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րու­մի ­Դա­տին զու­գա­հեռ յա­ռաջ մղե­լով նաեւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յու­թեան ըն­կե­րա­յին ա­զա­տագ­րու­մի դա­տը՝ ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար «Ա­ռանց հա­յու ­Հա­յաս­տան» ու­նե­նա­լու ցա­րա­կան կոր­ծա­նա­րար քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։
6) 1905ին ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեան հրահ­րած հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ըն­թաց­քին, հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին ընդ­հա­նուր ղե­կա­վա­րու­մը։
7) 1907ի Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նու­թեան պահ­պա­նումն ու ա­ւե­լիով ու­ժե­ղա­ցած վե­րա­կանգ­նու­մը՝ ա­ջէն թէ ձա­խէն ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման սպառ­նա­ցող պա­ռակ­տու­մի փոր­ձե­րուն եւ սադ­րանք­նե­րուն դէմ։
8) 1908ին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յա­րու­մը Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նին եւ, զու­գա­հե­ռա­բար, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան դա­շին­քի ստո­րագ­րու­թիւ­նը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին գոր­ծող այ­լազ­գի յե­ղա­փո­խա­կան եւ ընդ­դի­մա­դիր շար­ժում­նե­րուն հետ՝ Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման նա­խօ­րէին։ ­Նաեւ՝ ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Զի­նո­ւո­րա­կան Դպ­րո­ցի հիմ­նու­մին։
9) ­Նոյն շրջա­նին բռնկած ­Պարս­կա­կան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման եւ յե­ղա­փո­խու­թեան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Ռոս­տո­մի քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ Եփ­րե­մի ու ­Նի­կոլ-­Դու­մա­նի մար­տա­կան հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։
10) Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման հե­տե­ւած հա­մե­մա­տա­կան խա­ղա­ղու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին, ­Կա­րի­նը կեդ­րոն ընտ­րե­լով, Երկ­րի տա­րած­քին կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան-մշա­կու­թա­յին կեան­քի յաղ­թա­քայլ աշ­խու­ժա­ցու­մին՝ «ո­ջի­լի յաղ­թա­հար­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան» ար­մա­տա­ւո­րու­մով։
11) 1913ի ­Պալ­քա­նեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մով, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու նշա­նա­կա­լից մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ­Ռոս­տո­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ա­նոր քով-քո­վի բե­րած Անդ­րա­նի­կի ու Նժ­դե­հի հրա­մա­նա­տա­րու­թեամբ։
12) Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի բռնկու­մին հետ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ­Ռոս­տոմ ինք դէմ էր քա­ղա­քա­կան այդ քայ­լին։ ­Ռոս­տոմ կը նա­խընտ­րէր հա­կա­ցա­րա­կան պայ­քա­րի լծո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան ու­ժե­րուն հետ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նել ու ամ­րապն­դել։ ­Բայց իր իսկ քա­րո­զած ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան սկզբուն­քին տէր կանգ­նե­լով՝ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման հզօ­րաց­ման գոր­ծին եւ պատ­գա­մեց.-
­Մեր կու­սակ­ցու­թիւնն իր վրայ ու­նի այն­պի­սի՛ պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոն­ցից ա­զատ են ու­րիշ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։ ­Մենք ու­նինք ազ­գո­վին վտան­գո­ւե­լու հոգ­սը, եւ չենք կա­րող ան­տես առ­նել այդ հան­գա­ման­քը։ Ա­մէն ան­գամ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ստի­պուած է ե­ղել դուրս գալ ազ­գո­վին գոր­ծե­լու, նրան մե­ղադ­րել են, թէ նա բուր­ժո­ւա­կան է, կղե­րա­կան… Ես կը կա­մե­նա­յի, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­գա­յին էլ նոյ­նը լի­նէր եւ պէտք ե­ղած ժա­մա­նակ պաշտ­պա­նէր ազ­գի շա­հը։
13) ­Ռու­սա­կան մեծ յե­ղա­փո­խու­թեան ամ­բողջ շրջա­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դին ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­ներն ու պա­հանջ­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու, մա­նա­ւանդ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տը սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն ամ­րագ­րե­լու գոր­ծին մէջ, ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղաւ ­Ռոս­տո­մի ներդ­րու­մը, որ պսա­կո­ւե­ցաւ ­Պա­քո­ւի ­Հե­րո­սա­մար­տին իր ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թեամբ ու պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ղե­կա­վար Ս­տե­փան ­Շա­հու­մեա­նի հետ զի­նակ­ցու­թեան կնքու­մով՝ ընդ­դէմ թուր­քեւ­թա­թար ջար­դա­րար ներ­խուժ­ման։
Ա­հա՛ սոսկ թո­ւար­կու­մը այն ներդ­րում­նե­րուն, զորս ­Ռոս­տո­մի դրոշ­մով ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րած­նուն­դին յաղ­թա­քայլ նո­ւա­ճու­մին մէջ, 1890էն մին­չեւ 1919 թո­ւա­կա­նի ­Յու­նո­ւար 19ի ­Ռոս­տո­մի բծա­ւոր տի­ֆի եւ ան­բու­ժե­լի թո­քա­տա­պի հե­տե­ւան­քով մա­հը եր­կա­րող ե­րես­նա­մեա­կին։
­Ներդ­րում­ներ՝ ո­րոնք ­Ռոս­տո­մին դափ­նեպ­սա­կը կազ­մե­ցին եւ ան­մա­հու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցին Ս­տե­փան ­Զօ­րեան ա­նուն-ազ­գա­նու­նով հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­ւոր մեծ զա­ւա­կը։
­Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւագ հիմ­նադ­րին՝ Ք­րիս­տա­փո­րի նման, ­Ռոս­տոմ եւս հա­յոց պատ­մա­կան ­Գողթն գա­ւա­ռէն է. ծնած է Ցղ­նա գիւ­ղը 18 ­Յու­նուար 1867ին։ ­Նա­հա­պե­տա­կան ու բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ էր եւ, անձ­նա­պէս, կեան­քէն դառ­նա­նա­լու պատ­ճառ­ներ ու­նե­ցած չէր։ ­Բայց զգա­յուն հո­գի ու­նէր եւ ան­սահ­ման պաշ­տա­մուն­քի հաս­նող մար­դա­սի­րու­թեամբ ու այ­լա­սի­րու­թեամբ լե­ցո­ւած էր։ Ա­նանձ­նա­կան այդ հո­գե­կեր­տո­ւած­քը ծայր աս­տի­ճան հո­գա­ծու դար­ձուց ­Ռոս­տո­մին նախ իր շրջա­պա­տին եւ, ա­պա, ա­ւե­լի լայն ընդգր­կու­մով, ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած դառն ճա­կա­տագ­րին նկատ­մամբ. ծանր տա­րաւ եւ բնաւ չհան­դուր­ժեց հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ե­րե­ւու­թա­պէս ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան, իսկ խոր­քով ազ­գա­յին ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը՝ ա­րե­ւե­լեան թէ ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, ­Ցա­րա­կան թէ Օս­մա­նեան բռնա­տի­րու­թեանց կող­մէ, թրքա­կան թէ ռու­սա­կան, վրա­ցա­կան թէ թա­թար-ա­զե­րիա­կան այ­լա­մերժ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան հե­տե­ւան­քով։
Ուս­ման ան­յագ ծա­րաւ ու­նէր եւ իր պա­տա­նե­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան կեան­քը ան­խոնջ վազք մը ե­ղաւ դէ­պի աղ­բիւ­րը լոյ­սին՝ ծննդա­վայր գիւ­ղի ծխա­կան դպրո­ցէն մին­չեւ ­Թիֆ­լի­սի «­Բէգ­լա­րեան» մաս­նա­ւոր դպրոցն ու պե­տա­կան ­Ռէա­լա­կան վար­ժա­րա­նը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ­Վար­շա­ւա­յի մեր­ձա­կայ ­Նո­վօ-Ա­ղեք­սանդ­րեան ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Ճե­մարա­նէն մին­չեւ ­Մոս­կո­ւա­յի ­Պետ­րովս­կա­յա ­Գիւ­ղատն­տե­սա­կան ­Ճե­մա­րա­նը։
Թէեւ բնա­գի­տա­կան եւ ու­սո­ղա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ փայ­լուն ար­դիւն­քի կը հաս­նէր, այ­սու­հան­դերձ՝ հա­յե­րէ­նի, հա­յոց պատ­մու­թեան եւ հայ մշա­կոյ­թի ան­յագ ծա­րա­ւը բա­ւա­րա­րե­լու ոչ մէկ պա­տե­հու­թիւն փախ­ցուց։ Այդ ա­ռու­մով ալ, մտա­ւո­րա­կան իր կազ­մա­ւո­րու­մով եւ աշ­խար­հա­յեաց­քով, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին ա­մէ­նէն մարք­սիստ դէմ­քը ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ ­Ռոս­տոմ միա­ժա­մա­նակ եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ա­մէ­նէն ա­ւե­լի քա­ջա­ծա­նօթ եւ հա­ղորդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին մէջ։
Ա­ւե­լի՛ն. ու­սա­նո­ղա­կան շրջա­նէն սկսեալ, իր մարմ­նա­կան յաղ­թան­դամ կազ­մո­ւած­քին հա­մար ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ «քո­թոթ» ա­նո­ւա­նո­ւած ­Ռոս­տո­մը, խա­ղե­րու եւ զո­ւար­ճան­քի վրայ ժա­մա­նակ կորսնցնե­լու փո­խա­րէն՝ միշտ հե­տա­մուտ ե­ղաւ ինք­նա­զար­գաց­ման. ինչ­պէս Վ­րա­ցեան կը վկա­յէ, ­Ռոս­տոմ թէեւ շատ կար­դա­ցող չէր, բայց իր կար­դա­ցա­ծը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս մար­սող ու իւ­րաց­նո­ղը ե­ղաւ։ ­Ժա­մանցն ու զո­ւար­ճան­քը, ­Ռոս­տո­մի հա­մար, երգն ու աս­մունքն էին՝ հայ թէ օ­տար ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րէն ու աս­քե­րէն յատ­կա­պէս յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չով գոր­ծե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ. կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, օ­րի­նակ, որ ան­գիր գի­տէր ու կ­’աս­մուն­քէր ռու­սա­կան դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան դա­սա­կան­նե­րէն «­Թա­րաս ­Պուլ­պա»ն։
­Պա­տա­հա­կան չէր, հե­տե­ւա­բար, որ ինչ­պէս ­Յով­սէփ ­Տէր-­Դաւ­թեան կը յի­շա­տա­կէ ­Ռոս­տո­մի նո­ւի­րուած իր յու­շե­րուն մէջ, մա­հո­ւան սնա­րին մէջ «պառ­կե­լուց եր­կու օր յե­տոյ, նա յի­շեց Եկ­մա­լեա­նի «­Հայր ­Մեր»ը եւ շա­րու­նակ եր­գում էր՝ պնդե­լով, որ «­Հայր ­Մեր»ը ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն է։ Խնդ­րեց, որ գտնենք այդ հա­զո­ւա­գիւտ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը եւ իր կող­մից նո­ւէր ու­ղար­կենք Ըն­կեր­վա­րա­կան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Բիւ­րո­յի քար­տու­ղար ­Հիւս­ման­սին, ո­րը շատ գնա­հա­տում էր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան եր­գե­րը»։
­Ռոս­տո­մի մա­հո­ւան հա­րիւ­րա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կոչ­ման այ­սօ­րո­ւան է­ջը կը կեդ­րո­նաց­նենք ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի հետ ­Ռոս­տո­մի ու­նե­ցած մտեր­մու­թեան վրայ, որ դէ­պի հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դեց ոչ միայն մեծն ­Թու­մա­նեա­նի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, այ­լեւ՝ նոյ­նինքն ­Հան­ճա­րեղ ­Լո­ռե­ցիի գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան յու­զաշ­խար­հը։
1969ին, ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով, հայ­րե­նի վաս­տա­կա­շատ ա­կա­դե­մա­կան Ա­րամ Ին­ճի­կեան լոյս ըն­ծա­յեց մե­ծար­ժէք մե­նագ­րու­թիւն մը՝ «­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեան» խո­րագ­րով։ ­Թէեւ յետ-ստա­լի­նեան ձիւն­հա­լը շա­տոնց սկսած էր, այ­սու­հան­դերձ՝ տա­կա­ւին խորհր­դա­յին կաշ­կան­դում­նե­րը առ­կայ էին եւ, փաս­տօ­րէն, հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­րո­զար­շա­ւի սեղ­մում­նե­րուն են­թա­կայ ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ փրոֆ. Ա­րամ Ին­ճի­կեան հա­կիրճ բա­ժին մը նո­ւի­րած էր ­Թու­մա­նեա­նի վրայ ­Ռոս­տո­մի ու­նե­ցած բա­րե­բեր ազ­դե­ցու­թեան։
­Նոյ­նինքն ­Թու­մա­նեա­նի յու­շե­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով՝ Ա­րամ Ին­ճի­կեան կը վկա­յէ, որ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղ­ծին հա­մար գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւոր­ման «մի­ջա­վայր» մը ե­ղան «­Բաղ­դի-քե­ռին՝ իր ֆան­տաս­տիկ պատ­մու­թիւն­նե­րով եւ նրա քե­նե­կա­լի եղ­բօ­րոր­դին՝ Ս­տե­փա­նը, որ սո­վո­րում էր ­Թիֆ­լի­սի ռէա­լա­կան դպրո­ցում։ Ինչ­պէս ­Թու­մա­նեանն է բնու­թագ­րել իր յու­շե­րում, Ս­տե­փանն աչ­քի էր ընկ­նում մտա­ւոր զար­գաց­մամբ, մա­նա­ւանդ լաւ գի­տէր ռուս գրա­կա­նու­թիւ­նը, «սի­րում էր ա­ռանձ­նա­պէս ­Գո­գո­լին, ան­գիր գի­տէր «­Տա­րաս ­Բուլ­բան»։
«…­Տար­բեր մի­ջա­վայ­րե­րից ե­կած, տար­բեր դպրոց­նե­րում սո­վո­րող եր­կու պա­տա­նի­ներ, հան­դի­պե­լով ­Բաղ­դի-քե­ռու տա­նը, զրու­ցում են մի­մեանց հետ, կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կում եւ ա­ւե­լի շատ վի­ճում։ Զ­րոյց­նե­րի եւ վէ­ճե­րի նիւ­թը գլխա­ւո­րա­պէս գրա­կա­նու­թիւնն ու պատ­մու­թիւնն էին։ Մր­ցում էին ի­րենց ի­մա­ցա­ծով եւ դէմ դի­մաց հա­նում՝ ­Թու­մա­նեա­նը հայ­կա­կա­նը, ­Զօ­րեա­նը՝ ռու­սա­կա­նը։ «Եւ մի քա­նի տա­րուց յե­տոյ մեր վէ­ճե­րը շատ էին փո­խո­ւել,- գրում է ­Թու­մա­նեա­նը։ — ­Քա­նի ես հակ­ւում էի դէ­պի օ­տար գրա­կա­նու­թիւն­ներն ու ցրւում դէ­պի հե­ռու­նե­րը՝ նա ու­ժեղ թա­փով կենտ­րո­նա­նում էր հա­յու­թեան վրայ»։
«Առ­հա­սա­րակ ­Զօ­րեա­նը բա­րեն­պաստ ազ­դե­ցու­թիւն է ու­նե­ցել պա­տա­նի ­Թու­մա­նեա­նի գրա­կան ճա­շա­կի զար­գաց­ման վրայ, մաս­նա­ւո­րա­պէս սէր ու հե­տաքրք­րու­թիւն ա­ռա­ջաց­նե­լով դէ­պի ռուս գրա­կա­նու­թիւ­նը։
«Ն­րանց հան­դի­պում­ներն ու զրոյց­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւել են հե­տա­գա­յում եւս, երբ ­Թու­մա­նեա­նը վա­ղուց հե­ռա­ցել էր ­Բաղ­դի-քե­ռու տնից։ ­Բա­նաս­տեղ­ծը պատ­մում է, որ «­Հին կռի­ւը» պոէ­մը գրե­լու դրդու­մը ստա­ցել է ­Զօ­րեա­նից. «­Հե­տա­գա­յում էլ մի քա­նի պատ­մու­թիւն­ներ ա­րաւ ու ա­ռա­ջար­կեց, որ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան նիւթ առ­նեմ։ Ես նրա պատ­մած­նե­րից միայն մէ­կից, որ պատ­մեց 1890 թո­ւա­կա­նին, մի տէր­տէ­րի ու իր աղջ­կայ պատ­մու­թիւ­նից օգ­տո­ւե­ցի ու նիւթ ա­ռայ մի պոէ­մի։ ­Պոէ­մը թէեւ գրե­լիս բո­լո­րո­վին փո­խո­ւեց եւ ու­րիշ բան դուրս ե­կաւ, բայց նո­ւի­րե­ցի Ս­տե­փա­նին։ ­Բա­ւա­կան տա­րի­ներ ա­ռաջ ռուս ժան­դար­մա­նե­րը խու­զար­կե­ցին, տա­րան կորց­րին էդ պոէ­մը եւ միայն մի եր­կու կտոր գտայ պա­տահ­մուն­քով, որ տպո­ւե­ցին «­Տա­նը», «Երկ­րում» եւ «­Հա­յոց լեռ­նե­րում» վեր­նագ­րե­րով»։
Ս­տո­րեւ ար­տատ­պո­ւած ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի հռչա­կա­ւոր ու սի­րո­ւած «­Հա­յոց լեռ­նե­րում» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, փաս­տօ­րէն, ներշնչ­ման աղ­բիւր ու­նե­ցած է մեր լեռ­նաշ­խար­հին տո­կու­նու­թեան, դի­մադ­րա­կա­նու­թեան եւ ա­մե­հի վե­հու­թեան ա­մէ­նէն ա­ռինք­նող մարմ­նա­ւո­րում­նե­րէն հան­դի­սա­ցող ան­զու­գա­կան ­Ռոս­տո­մը.

ՀԱՅՈՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒՄ

­Մեր ճամ­փէն խա­ւար, մեր ճամ­փէն գի­շեր,
Ու մենք ան­հատ­նում
էն ան­լոյս մըթ­նում
Եր­կա՜ր դա­րե­րով գը­նում ենք դէպ վեր
­Հա­յոց լեռ­նե­րում,
­Դը­ժար լեռ­նե­րում։

­Տա­նում ենք հը­նուց մեր գան­ձերն ան­գին,
­Մեր գան­ձե­րը ծով,
Ինչ որ դա­րե­րով
Երկ­նել է, ծը­նել մեր խո­րունկ հո­գին
­Հա­յոց լեռ­նե­րում,
­Բար­ձըր լեռ­նե­րում։

­Բայց քա­նի ան­գամ շէկ ա­նա­պա­տի
Օր­դու­նե­րը սեւ
Ի­րա­րու ե­տեւ
Ե­կա՜ն զար­կե­ցին մեր քար­վանն ազ­նիւ
­Հա­յոց լեռ­նե­րում,
Ար­նոտ լեռ­նե­րում։

Ու մեր քար­վա­նը շը­փոթ, սոս­կա­հար,
­Թա­լա­նո­ւած, ջար­դո­ւած
Ու հա­տո­ւած-հա­տո­ւած
­Տա­նում է ի­րեն վէր­քերն ան­հա­մար
­Հա­յոց լեռ­նե­րում,
­Սու­գի լեռ­նե­րում։

Ու մեր աչ­քե­րը նա­յում են կա­րօտ՝
­Հե­ռու աստ­ղե­րին,
Եր­կըն­քի ծէ­րին,
­Թէ ե՞րբ կը բա­ցո­ւի պայ­ծառ ա­ռա­ւօտ՝
­Հա­յոց լեռ­նե­րում,
­Կա­նաչ լեռ­նե­րում։
1902

Այս ա­ռու­մով է, ա­հա՛, որ հա­յոց լեռ­նե­րէն ­Ռոս­տոմ ա­ռաւ եւ իր կեան­քով, գոր­ծով, անձ­նա­զո­հու­թեամբ եւ մար­տու­նա­կու­թեամբ խտա­ցեալ ու­ժա­նա­կի վե­րա­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դին Ան­սա­սան ­Կամ­քը։
­Ռոս­տո­մի ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած իւ­րա­քան­չիւր անդ­րա­դարձ, այդ ա­ռու­մով, կը վե­րա­ծո­ւի ո­գե­ւոր­ման ա­ռի­թի՝ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման դժո­ւա­րին, այ­լեւ ա­րիւ­նա­լի՛ ու­ղին հու­նա­ւո­րող եւ դէ­պի վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ ա­ռաջ­նոր­դող Հ.Յ.Դ. ԱՒԱՆ­Դը, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան վե­րած­նուն­դի բո­լո՜ր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։
­Ռոս­տո­մի գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կին հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ ա­նոր հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րը՝ ընդ­դէմ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը խան­գա­րող, խա­թա­րող եւ կրծող ներ­քին ցե­ցե­րուն։
Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն, «Վ­նա­սա­կար տար­րեր» խո­րագ­րին տակ, 1890ա­կան­նե­րուն ­Ռոս­տո­մի հնչե­ցու­ցած ա­հա­զան­գը, մին­չեւ այ­սօր, այժ­մէա­կա­նու­թեամբ բա­բա­խուն պատ­գամ է ի խնդիր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան մեր վե­րած­նուն­դը ա­մէն կար­գի մա­կա­բոյծ­նե­րու չա­րի­քին դէմ պաշտ­պա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին։
­Ժա­մա­նակ­նե­րը, պայ­ման­նե­րը եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը բնա­կա­նա­բար կը փո­խո­ւին, բայց ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ու լիի­րաւ ա­զա­տագ­րու­մին հա­մար շա­րու­նա­կո­ւող պայ­քա­րը փաս­տօ­րէն, այ­սօր ալ, տա­կա­ւին կը դի­մագ­րա­ւէ ազ­գա­յին ինք­նա­մաքր­ման միեւ­նոյն անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնն ու մար­տահ­րա­ւէ­րը.-

«Ա­մէն ան­գամ, երբ յե­ղա­փո­խա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան անձ­նա­զոհ, տո­կուն եւ անվ­հատ գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ձեռք է բե­րում ուժ եւ ազ­դե­ցու­թիւն, կեան­քի մէջ ստեղծ­ւում է հա­ւատ դէ­պի գոր­ծի յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ հարթ­ւում է ո­րոշ աս­տի­ճա­նով յե­ղա­փո­խա­կան ու­ղին, ա­մէն ան­գամ էլ հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խա­ւե­րի մէջ ի­րա­րան­ցում է ընկ­նում։ ­Բայց ընդ­հան­րու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան ո­գու բարձ­րա­նա­լուն հետ միա­տեղ, ա­մէն մի տե­ղից վեր­կա­ցող բախ­տախն­դիր, ա­մէն մի վաշ­խա­ռու, կե­ղե­քիչ, մին­չեւ իսկ մատ­նիչ­ներ, դա­ւա­ճան­ներ, մի խօս­քով՝ ա­մէն տե­սակ սո­ղուն­ներ, ո­րոնք գի­տեն հիա­նա­լի կեր­պով յար­մա­րո­ւել հան­գա­մանք­նե­րին եւ ա­մէն տե­սակ ջրե­րում ձուկ որ­սալ, աս­պա­րէզ են դուրս գա­լիս իբ­րեւ «յե­ղա­փո­խա­կան­ներ» կամ յե­ղա­փո­խու­թեան հա­մակ­րող բա­րե­կամ­ներ։
«Վ­նա­սա­կար են այդ սո­ղուն­նե­րը այդ­պի­սի րո­պէ­նե­րում, երբ փքուն խօս­քեր փչե­լով ու փա­րի­սե­ցիա­կան ձե­ւեր բա­նեց­նե­լով՝ շա­հա­գոր­ծում են ամ­բո­խի դիւ­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը ու տգի­տու­թիւ­նը։
«Իսկ ան­տա­նե­լի են, ցաւ ու պա­տու­հաս են դրանք յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման հա­մար այն ժա­մա­նակ, երբ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կրում է
ժա­մա­նա­կա­ւոր ան­յա­ջո­ղու­թիւն եւ սկսում են տի­րել ա­ւե­լի վատ­թար պայ­ման­ներ յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ­նե­րի հա­մար։ Այդ ժա­մա­նակ այդ զազ­րա­լի ա­րա­րած­նե­րը սուս ու փուս քաշ­ւում են ի­րենց բնե­րը, եւ ար­դէն «խո­հե­մու­թիւն», «հե­ռա­տե­սու­թիւն», «ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն», «միու­թիւն» եւ այլ դի­մակ­նե­րի տակ դար­ձեալ շա­րու­նա­կում են խա­ղալ ժո­ղովր­դի հետ՝ աշ­խա­տե­լով մի կերպ քո­ղար­կել ի­րենց իս­կա­կան գոյ­նը։ ­Շա­րու­նա­կե­լով կրել «յե­ղա­փո­խա­կան», «ազ­գա­սէր» տիտ­ղոս­նե­րը, դրանք դառ­նում են իս­կա­կան յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի ա­մե­նավ­նա­սա­կար խո­չըն­դոտ­ներ։
«Այդ ա­րա­րած­նե­րը աղ­բեր են, ո­րոնք մեծ ու փոքր կոյ­տե­րով, տե­սակ-տե­սակ բուր­մունք­նե­րով եւ գոյ­նե­րով թա­փո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան ճա­նա­պար­հի վրայ՝ ա­պա­կա­նում են յե­ղա­փո­խա­կան մի­ջա­վայ­րը։
«Ա­մէն մի յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծիչ ստի­պո­ւած է ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ թող­նել իր բուն գոր­ծը եւ զբա­ղո­ւել այդ աղ­բե­րով, ո­րոնք ընկ­նում են ոտ­քե­րի տակ եւ խան­գա­րում իր կա­նո­նա­ւոր ըն­թաց­քը։
­«Ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ, կա­մայ-ա­կա­մայ նա իւր վրայ պէտք է առ­նի այդ զզո­ւե­լի աշ­խա­տան­քը՝ ի­մա­նա­լով հան­դերձ, որ իւր ցա­խա­ւե­լի հէնց ա­ռա­ջին հա­րո­ւա­ծից այդ կոյ­տե­րը միան­գա­մից կը բա­ցո­ւեն եւ կը լցնեն օ­դը ի­րենց գար­շա­հո­տու­թիւն­նե­րով։
«Ար­ձա­կո­ւած բամ­բա­սանք­նե­րի, զրպար­տու­թիւն­նե­րի, ինտ­րի­գա­նե­րի մթնո­լոր­տի մի­ջով պէտք է դի­մի յե­ղա­փո­խա­կան իս­կա­կան գոր­ծի­չը դէ­պի իւր բուն նպա­տա­կը»։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.