Պոլիս–Երեւան ամենօրեայ թռիչքներ՝ 11 մարտէն

Այս տարի Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը պիտի սկսի Պոլիսէն դէպի Երեւան կանոնաւոր թռիչքներ իրականացնել։

Այս տեղեկութիւնը «Էքս» հարթակին վրայ հրապարակած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը։

Ան ընդգծած է, որ Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին հերթական առաջընթաց քայլ մը իրականացուած է։

Ըստ Քըլըչի, Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը 11 մարտ 2026-էն սկսեալ պիտի գործարկէ Պոլիս–Երեւան–Պոլիս ուղղութեամբ ամենօրեայ կանոնաւոր թռիչքները։