Պաքու. «Հայաստանը Ատրպէյճանական 8 Գիւղ Չէ Յանձնած»

8 Նոյեմբերի առաւօտուն, Ստեփանակերտի եւ այլ քաղաքներու մէջ նախատեսուած զօրահանդէսին ընդառաջ, Պաքու յայտարարեց, որ 2020էն ի վեր հասած է իր նպատակներուն եւ վերականգնած «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»: Սակայն, պաշտօնական յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ,  որ Պաքու Երեւանէն տակաւին ստանալիքներ ունի:

«Հայաստան մերժեց վերադարձնել ատրպէյճանական 8 գիւղեր, որոնք ցարդ բռնագրաւման տակ են», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքին՝ ղարաբաղեան առաջին պատերազմէն ետք, հայկական կողմը «բռնագրաւած է Ղազախի շրջանի եօթը գիւղերը եւ մէկ գիւղ Նախիջեւանի Սադարակի շրջանին մէջ»:

Երեւան հակադարձած էր այս յայտարարութեան՝ ըսելով, թէ հայկական կողմն ալ 90ականներէն բռնագրաւուած տարածքներ ունի Ատրպէյճանի մէջ: «Մենք էլ մեր հերթին ասում ենք, որ մենք էլ 8 գիւղերի խնդիր ունենք, որովհետեւ նոյն Տաւուշի մարզում մենք ունենք Ադրբեջանի կողմից օկուպացուած (գրաւուած) տարածքներ Բերքաբեր գիւղում, Այգեհովիտ գիւղում, Վազաշէն գիւղում, Պառաւաքար գիւղում, այլ տարածքներում նոյնպէս», ըսած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Նախորդ ամիս, Հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին եւ անկէ առաջ Փաշինեան յայտարարած էր, որ հայկական կողմը կ՛առաջարկէ այդ տարածքները փոխանակել, փաստօրէն` համաձայնիլ, որ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ անցածը մնայ Հայաստանին, Ատրպէյճանն ալ տնօրինէ հայկական տարածքները:

Սակայն, Պաքու մնայուն կերպով եւ 7 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ ալ ընդգծեց, թէ այդ տարբերակին համաձայն չէ: Չբացայայտելով Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները` Ատրպէյճան յորդորեց Երեւանին արդար եւ կառուցողական ըլլալ ու ճիշդ ըմբռնել տարածաշրջանային իրողութիւնները:

«Հայկական կողմը պէտք է վերջապէս գիտակցի, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ համագործակցութիւնը այլընտրանք չունին», շեշտեց Պաքու։

 

Comments are closed.