Պաքու Դարձեալ Կը Պնդէ, Որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Խաղաղութեան Պայմանագիրին Հիմնական Խոչընդոտն Է

Պաքու կը շարունակէ պնդել, որ առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, աւելի ճիշդ՝ առանց Մայր օրէնքէն Անկախութեան հռչակագիրի յիշատակումը հանելու, Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը չի կրնար ստորագրուիլ։ «Այդ փաստաթուղթին մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կան», ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով «Ազատութեան» տարածաշրջանային թղթակից Ճոշ Քուչերայի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։

Աւելի՛ն՝ Ամիրպեքով պնդեց, որ ինքնին ա՛յդ է խաղաղութեան գործընթացի միակ խոչընդոտը այդ է այս պահուն: «Մենք կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը անկարելի պիտի դարձնէ ապագային որեւէ վերադարձ վրէժխնդրութեան կամ Ատրպէյճանէն տարածքային որեւէ պահանջի, որուն ականատեսն էինք։ Մեզի համար անընդունելի է, որ Հայաստան խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան հետ կը վերաբերի իբրեւ ժամանակ շահելու մարտավարութիւն՝ իր ռազմական կարողութիւնները ամրապնդելու եւ այս պատմութեան դարձեալ սկսելու համար»:

Ան դիտել տուաւ, որ կարծիք կայ այն մասին, որ խաղաղ բանակցութիւնները կարելի եղածին չափ շուտ աւարտին հասցնել կարեւոր է եւ թերեւս պայմանագիրի նախագիծը ստորագրել Նոյեմբերին՝ COP29ի ծիրին մէջ։ «Բայց մենք կը կարծենք, թէ այդ մէկը իմաստ պիտի չունենայ, առանց անդրադառնալու Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ։ Աւելի՛ն, ես կը կարծեմ, թէ անիկա կրնայ հակաարդիւնաւէտ ըլլալ, որովհետեւ համաձայնագիրի նախագիծը հապճեպ ստորագրելու պարագային, եթէ իրաւական խութեր մնան, անոնք կրնան թոյլ տալ Հայաստանին՝ ապագային վերակենդանացնելու տարածքային իր պահանջները, երբ տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուի իրենց օգտին», յայտնեց Ամիրպեքով՝ աւելցնելով. «Եթե մենք գործող Սահմանադրութիւնը անփոփոխ ձգենք կամ անուշադրութեան մատնենք, կը նշանակէ, որ եթէ նոյնիսկ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրենք, կարելի է նոր կառավարութիւն մը գայ եւ չեղարկէ զայն, որովհետեւ այդ փաստաթուղթը թեքնիք առումով կը հակասէ Հայաստանի գործող Սահմանադրութեան։ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը եւս կրնայ ըսել, որ խաղաղութեան պայմանագիրը հակաօրինական է, որովհետեւ Մայր օրէնքին մէջ այլ դրոյթները ամրագրուած են»:

Ամիրպեքով յայտնեց, որ Հայաստան ներկայիս յառաջ կը մղէ այն փաստարկը, թէ ասիկա քաղաքականապէս շատ ծանրաշարժ գործընթաց է, թէ Սահմանադրութեան նախագիծը կրնայ պատրաստ ըլլալ միայն 2027ին։ «Շատ լաւ, այդ ալ տարբերակ մըն է, բայց արդեօք արտաքին աշխարհը պատրա՞ստ է այդքան երկար սպասելու, մինչեւ որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի։ Որովհետեւ ակնյայտ է, որ մենք կարիքը չունինք շտապելու եւ ստորագրելու թուղթի կտոր մը, որ կրնայ չեղարկուիլ նոր կառավարութեան մը կողմէ», ըսաւ Ամիրպեքով եւ աւելցուց, որ եթէ Հայաստան ուզէ նոր Սահմանադրութիւն մը մշակել, անիկա իր ներքին գործը եւ իրաւունքն է: «Մենք կը խօսինք նախաբանը փոխելու մասին՝ անոր համար տարիներու քննարկումներու կարիք չկայ» ըսաւ ան։

«Կ՛ուզէ՞ք խաղաղութեան հասնիլ Ատրպէյճանի հետ, թէ՞ նոր հակամարտութեան կարելիութիւնը պահել։ Կը կարծեմ, եթէ անոնք այս հարցը այս ձեւով դնեն, հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը խաղաղութեան պիտի աջակցի, որովհետեւ 2021ին, երբ Փաշինեան Ղարաբաղի պատերազմին կրած ծանրագոյն պարտութենէն ետք արտահերթ ընտրութիւններ կատարեց, անոր կուսակցութիւնը յաղթեց։ Սովորաբար ոեւէ առաջնորդ, պատերազմը այդ ձեւով պարտուելէ ետք ջախջախիչ պարտութիւն կը կրէր ընտրութիւններուն, բայց ան յաղթեց», պատմեց Ամիրպեքով:

Խնդրայարոյց միւս հարցը, ըստ Ամիրպեքովի, ԵԱՀԿի Մինսքի խումբն է, որ պէտք է լուծարուի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ միջազգային դատարաններուն ներկայացուած հայցերը, որոնց մէջ եւս Ատրպէյճան տարածքային նկրտումներ կը տեսնէ։ Այս հարցերուն մէջ, ըստ Ամիրպեքովի, Հայաստան համաձայնած է լուծումներու երթալ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք միայն։  Կողմերը, ըստ անոր, փոխադարձաբար ընդունելի տարբերակ մը գտած են նաեւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող ճամբու հարցով, զոր Պաքուի մէջ տարիներով «Զանգեզուրի միջանցք» կը կոչեն ։

«Մենք հասկցանք, որ մենք չենք կրնար տեսանելի ապագային աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրը, եթէ Սահմանադրութեան հարցէն բացի այլ տարակարծութիւն մը պահենք՝ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը։ Առ այդ, երկկողմ համաձայնութեամբ որոշեցինք այս պարբերութիւնը հանել խաղաղութեան պայմանագիրէն եւ անոր վերադառնալ հետագայ փուլին», նշեց Ամիրպեքով՝ աւելցնելով. «Երբ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, երկու պատուիրակութիւնները կամ երկու երկիրները կրնան վերսկսիլ քննարկումներուն՝ գտնելու իրենց համար ընդունելի բանաձեւ մը Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւնը վերաբանալու համար»: Նոյն ատեն Ամիրպեքով շեշտեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը Հայաստանի համար անմիջապէս կարելիութիւններ պիտի բանայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար։ Յիշեցնելով Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներուն նախորդ շաբաթ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած հանդիպումը՝ Ամիրպեքով ընդգծեց, որ Անգարա անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ Երեւան ժամանակ կը վատնէ, եթէ կը կարծէ, թէ կրնայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել Պաքուն շրջանցելով։

Comments are closed.