Դեկտեմբեր 04, 2025
Պաքուի Բանտը Գտնուող Դաւիթ Մանուկեան Եւ Դաւիթ Բաբայեան Միջնորդեցին՝ Նիկոլ Փաշինեանը Եւ Արարատ Միրզոյեանը Իբրեւ Վկայ Կանչելու
- (0)

Պաքուի մէջ կը շարունակուին անօրինաբար պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու դէմ դատական շինծու նիստերը:
Զօրավար Դաւիթ Մանուկեան եւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան միջնորդեցին՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արարատ Միրզոյեանը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը իբրեւ վկայ կանչելու:
Դաւիթ Բաբայեան առաջարկեց դատի տալ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները, յատկապէս դեսպան Քասփրչիքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը:
Արցախի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան իր կարգին միջնորդեց իբրեւ վկայ ներգրաւել ռուս խաղաղապահներու 6 զօրավարներ՝ Մուրատովը, Քոսապոքովը, Անաշքինը, Վոլքովը, Լենցովը եւ Քուլաքովը: