Պարոյր Հայրիկեանի ԱԻՄ-ը եւ Վարդան Ղուկասեանի «ԴՕԿ»-ը միասնաբար պիտի մասնակցին յառաջիկայ ընտրութիւններուն

Պարոյր Հայրիկեանի գլխաւորած «Ազգային Ինքնորոշում Միաւորում» կուսակցութիւնը եւ Վարդան Ղուկասեանի «ԴՕԿ» կուսակցութիւնը որոշած են միասնաբար մասնակցիլ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած է ԱԻՄ առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը՝ նշելով, որ միաւորման առաջարկը եղած է իր կողմէ, իսկ «ԴՕԿ»-ի շտաբի պետը դրական արձագանգ տուած է այդ գաղափարին։

Հայրիկեանի փոխանցմամբ, կողմերը արդէն քննարկած են հարցը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են միասին աշխատելու։

Սակայն դեռ յստակ չէ, թէ միաւորուած ուժերը ի՛նչ անուան տակ պիտի հանդէս գան կամ ո՛վ պիտի ըլլայ անոնց վարչապետի թեկնածուն։ Պարոյր Հայրիկեան միայն յստակեցուցած է, որ ինք պիտի չգլխաւորէ նախընտրական ցուցակը։

Միեւնոյն ժամանակ, «ԴՕԿ» կուսակցութեան շտաբի պետ, փաստաբան Լեւոն Պաղտասարեան տեղեկութիւն տարածած էր նաեւ Ստեփան Տեմիրճեանի հաւանական մասնակցութեան եւ համագործակցութեան մասին։ Սակայն, Ստեփան Տեմիրճեան «Ա1+»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հերքած է այս լուրերը՝ յայտարարելով, որ նման տեղեկութիւններ չեն համապատասխաներ իրականութեան։