Պասքերու երկրին մէջ հայերու ազգականները

ինչո՞ւ պասքերը իրենց տղաքը Այտոր կը կոչեն

Աւելի քան չորս հազար քիլոմեթր իրարմէ հեռու գտնուող հայ եւ պասք ժողովուրդներուն նմանութեան մասին քիչ չէ գրուած։ Սակայն շատ բան դեռ չէ բացայայտուած։ Խօսքը հայերուն եւ պասքերուն մասին է։

Հակառակ անոր որ պասքերը անյիշելի ժամանակներէն կը բնակին Իտալիոյ հիւսիսը եւ Ֆրանսայի հարաւը, սակայն այդ առեղծուածային ժողովուրդին ծագման մասին միասնական տեսութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ չկայ միասնական կարծիք անոնց լեզուին ծագման մասին։

Խորհրդային գիտութիւնը ձգտած է ազգակցական կապեր գտնել պասքերու եւ վրացիներու միջեւ, սակայն այդ վարկածը չէ հաստատուած՝ փաստերու բացակայութեան պատճառով։ Իրենք՝ պասքերը, կտրականապէս կը հերքեն այդ վարկածը։

«Անոնք ոչ միայն կը հերքեն, այլ նոյնիսկ քմծիծաղով կ’ընդունին զայն։ Պասքերը համոզուած են, որ այդ վարկածը յօրինած է Սթալինը՝ Եւրոպայի մէջ յեղափոխութեան գաղափարը տարածելու համար», Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է բազմաթիւ վաւերագրական ֆիլմերու եւ հաղորդումներու հեղինակ Արտակ Աւտալեանը, որ նաեւ վաւերագրական ֆիլմ նկարած է պասքերուն մասին։

Նախապէս հրապարակումներ յայտնուած են պասքերու եւ հայերու միջեւ ազգակցական կապի մասին։ Հետաքրքրական է, որ առաջին անգամ այդ մասին խօսած են Էուսկադիի (Էուսկադի – պասքերու երկրին անունը) հետազօտողները եւ ազգագրագէտները, որով խիստ հետաքրքրած են տեղի գիտնականները։

«Երկար տարիներ մեր միտքէն անգամ չէ անցած, որ հիւսիսային Սպանիոյ այս ժողովուրդը հայերու հետ կապեր ունի», նշած է Աւտալեանը։

Անոր խօսքով՝ այն տեսութեանը, որ պասքերը արմատներով կը սերին Հայաստանէն, կը յառին ոչ միայն Պասքոնիոյ գիտնականներու եւ ազգագրագէտներու մեծամասնութիւնը, այլ նաեւ բնակչութեան զգալի մասը։

«Նոյնիսկ պասքերու ազգայնամոլական տրամադրութիւն ունեցող բնակիչները վստահ են եւ կը պնդեն, որ անոնք 5000 տարի առաջ եկած են Հայաստանէն», ըսած է ան:

Լուսահոգի հետազօտող Վահան Սարգսեան, որ նաեւ Պասքերու արքայական ակադեմիայի պատուաւոր անդամ էր, անոնց գիտնականներուն հետ միասին ուսումնասիրած է երկու ժողովուրդներուն միջեւ կապերը, մասնաւորապէս՝ հայոց լեզուն եւ էուսկերանը:

«Վահան Սարգսեանը պասքեան ստեղծագործութիւնները թարգմանած է հայերէնի, ընդ որում այդ աշխատանքները անոնք պատուիրած են », ըսած է Աւտալեանը։

Ստեղծագործութիւններէն մէկը, զոր թարգմանած է Սարգսեանը, Ճոզէֆ Ակուսդին Շաոյի «Այտոր։ Կանտաբրիական լեկենտ» գործն է, որ առաջին անգամ հրապարակուած է 1845 թուին «Արիէլ» թերթին մէջ։ Այն հսկայական ազդեցութիւն ունեցած է պասքագիտութեան զարգացման եւ պասքեան ազգային ինքնագիտակցութեան ձեւաւորման մէջ։

Գլխաւոր հերոսը Այտորն է, զոր հեղինակը կը ներկայացնէ որպէս իրենց ժողովուրդին նախահայրը։ Ինչպէս կ’ենթադրեն հետազօտողները, այդ անունը ծագած է պասքեան aitoren seme (արիսթոկրատ-զտարիւն) բառակապակցութենէն։

Միեւնոյն ժամանակ, Այտոր անունը բառացիօրէն կը համապատասխանէ հայի թոռ արտայայտութեանը.

Այտոր = հայ թոռ

Այդ մասին գրած է նաեւ գերմանացի հայագէտ Եոզէֆ Քարսթը։

Աւտալեանի խօսքով՝ այսօր Այտորը Պասքոնիոյ տղամարդոց ամենատարածուած անուններէն է։

Հիմնուելով Վահան Սարգսեանի ուսումնասիրութիւններուն վրայ՝ ան գտած է ընդհանրութիւններ ունեցող բառերու օրինակներ։ Անոնց շարքին են՝ «կտրտել», «ճմռթել», «հուռթի» (բերրի), «որդի», «քար» բառերը։ Հայերէնով կ’ըսուի դաշտավայր, պասքերու լեզուով՝ «ծաւալատեղ»։ Երկու լեզուներուն «չ» ժխտածանցը նոյն իմաստը ունի, իսկ բառերու վերջաւորութեան «ք» տառը կ’արտայայտէ յոգնակի թիւ։ Անկախ ասոնցմէ, երկու լեզուներուն մէջ կը համընկնին բայերու խոնարհումները։

Աւտալեանի խօսքով՝ լեզուներու միջեւ նմանութիւնը յաճախ կը հասնի այն աստիճանի, որ երբեմն կարելի կ’ըլլայ հասկնալ բառակապակցութիւններու եւ նախադասութիւններու իմաստը: Ան կը նշէ, որ էուսկարին հայերէնի արխայիկ տարբերակն է. պէտք է հաշուի առնել այն փոփոխութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են 5000 տարիներու ընթացքին, առաւել եւս, որ լեզուները տարբեր կերպով զարգացած են:

Երկու երկիրներուն տեղանունները նոյնպէս նման են, օրինակ, պասքերը ունին Արալեռ, որուն ստորոտէն կը հոսի Արաքս գետը։ Այնտեղ նաեւ Տեբա (Տեբետ), Ուրմիա գետեր կան։ «Ինչպէս ինծի պատմեցին պասքերը, անոնք ցանկացած են իրենց պատմական հայրենիքի տեղանունները բերել նաեւ այստեղ, բայց քանի որ Էսկուատիոյ մէջ լիճ չկայ, անոնք Տեբա եւ Ուրմիա անուանումները տուած են գետերուն», ըսած է Աւտալեանը։

Տեսանիւթը՝ պասքերու ազգագրական պար

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.