Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան պարգեւատրեց հայ զինուորին մահուան վրէժը լուծած զինծառայողները
1868
0
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան բարձր պարգեւատրման արժանացուցած է հակառակորդի կրակոցէն զոհուած զինծառայող Սիփան Սերժիկի Մելքոնեանի մահուան վրէժը լուծած զինծառայողները: Այս մասին ֆէյսպուքեան գրառմամբ յայտնած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան։
Յունիս 1-ին, ժամը 07:30-ին, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացաւ հրազինային վիրաւորմամբ ՊԲ (Պաշտպանութեան Բանակ) հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն ժամկէտային զինծառայող, 2000 թուականի ծնունդ Սիփան Սերժիկի Մելքոնեանը: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանգրով՝ ՊԲ զինծառայող Սիփան Մելքոնեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։