Չարդախլու՝ հայ զօրականներու գիւղը
Զօրավարներ Համազասպ Բաբաջանեան եւ Յովհաննէս Բաղրամեան
Խաչիսար կամ Չարդախլու գիւղը, ներկայիս կը գտնուի Ատրպէյճանի Շամխորի շրջանին մէջ, Շամխոր քաղաքէն դէպի արեւմուտք: Ան պատմական Մեծ Հայքի Ուտիք նահանգի Շակաշէն գաւառի գիւղերէն է։ Մինչեւ Արցախեան հակամարտութիւնը ունեցած է բացառապէս հայկական բնակչութիւն։
Չարդախլուն հին, բազմադարեան մշակոյթ ունեցող գիւղ է։ Ան եկած է դարերու խորքերէն։ Այդ մասին կը վկայեն բազմաթիւ յուշարձանները՝ խաչքարերը, տապանաքարերը, մատուռները, եկեղեցին։
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Չարդախլուէն պատերազմի մեկնած է 1250 հոգի, անոնցմէ 12-ը զօրավար դարձած են, 57-ն` գնդապետ, իսկ 7 չարդախլեցի արժանացեր են Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման։
Չարդախլու գիւղը 1987 թուականին հայաթափուած է Շամխորի շրջանի առաջին քարտուղար Ասադովի անմիջական ջանքերով։ Ան նաեւ բռնութեամբ ձերբակալեր է գիւղի հայ տղամարդիկը: Գիւղի տեղահանուած բնակչութեան 310 ընտանիքը, ինչպէս նաեւ 12 ընտանիք Շահումեանի շրջանէն ապաստան գտան Տաւուշի Զօրական գիւղին մէջ:
Չարդախլուի նշանաւոր անձնաւորութիւնները.
– Յովհաննէս Բաղրամեանը. Խորհրդային Միութեան մարշալ, կրկնակի հերոս
– Համազասպ Բաբաջանեանը. Խորհրդային Միութեան Զրահատանկային զօրքերու Գլխաւոր մարշալ
– Արշակ Տէր-Ղուկասովը. Ցարական բանակի հայազգի զօրավար, տեղապահ-գնդապետ
– Գարեգին Ա Յովսէփեանը. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս (1943-1952)
– Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը. Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ, արմատներով հերոսական Չարդախլու գիւղէն (1954)
– Ջհան Մարգարեանը. Ցարական բանակի տեղապահ-տասնապետ
– Եուրի Մարտիրոսեանը. տեղապահ-տասնապետ
– Իլիա Բաղրամեանը. տեղապահ-տասնապետ
– Լէոնիդ Մարտիրոսեանը. տեղապահ-տասնապետ
– Գարեգին Գաբրիէլեանը. տեղապահ-տասնապետ
– Ռաֆայէլ Յովհաննէսեանը. տեղապահ-տասնապետ
– Գրիգորի Ղարակէօզեանը. տեղապահ-գնդապետ
– Աբգար Մանուչարեանցը. Գէորգիեւեան խաչերու ասպետ, օդաչու
– Սարգիս Մանասեանը. հայ ազգային-ազատագրական պայքարի մասնակից, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի տեղակալ, ներքին գործերու նախարար
– Սմբատ Դանիէլեանը. զինուորական գործիչ, պահակախումբի գնդապետ (1940), բաժանմունքի հրամանատար