Ուրախ «Հայրերու օր» բոլոր հայրերուն. Հօրս յիշատակին

«Հայրերու օր»ը կը մօտենայ։ Յայտարարութիւններն ու գովազդները կը յիշեցնեն մեզի, թէ մեր ընտանիքներուն թագաւորները՝ մեր հայրերը, արժանի են յատուկ գնահատանքի, շնորհակալութեան, երախտագիտութեան եւ աւելիին…

«Մայրերու օր»ը կը տօնենք ծաղիկներով, անուշահոտով եւ քաղցր խօսքերով։ Սակայն, երբ կարգը կու գայ մեր այր հոգատարերուն՝ հարցը քիչ մը կը տարբերի։ Ըստ մեզ շրջապատող յայտարարութիւններուն եւ գովազդներուն, մեր հայրերը հետաքրքրուած չեն գունաւոր ծաղկեփունջով եւ կամ քաղցր խօսքով։ Իրենց տօնը պէտք է շնորհաւորենք ինքնաշարժի մասերով, գործիքներով եւ… պաղ գարեջուրով։

Իմ աննման հայրս կորսնցնելէս ի վեր, ահաւասիկ երկրորդ «Հայրերու օր»ն է, զոր կը դիմաւորեմ։ Մկանային անգութ հիւանդութիւն մը խլեց զինք մեր ընթրիքի սեղանին գլխէն, եւ երբ այսպիսի տօնական օրեր մօտենան, անպայման իր մասին քիչ մը աւելի կը մտածեմ եւ տեղը կը մնայ քիչ մը աւելի դատարկ։ Սակայն, իմ յուզումս կամ նոյնիսկ կարօտս արտայայտելու համար չէ որ կը փորձեմ մտքիս մէջ բզզացող գաղափարները բիւրեղացնել. ընդհակառակը, հոս արտայայտած մտածումներուս նպատակը անձնականէն աւելի ընդհանրական է։

Թոյլ տուէք որ բացատրեմ…

Անուրանալի է, թէ մեր ընկերութիւնը փոփոխական վիճակի մէջ է. սերունդներու ընդունած սովորութիւնները կը քննուին, կը քննադատուին եւ մէկ կողմ կը դրուին. դէպի հաւասարութիւն, արդարութիւն եւ իրաւացութիւն կը վազենք. հազուագիւտ են այն տուները, ուր մայր ու հայր չեն աշխատիր. հայրը ընթրիքը կը պատրաստէ, իսկ մայրը տան նորոգութիւններով կը զբաղի։ 2019 թուականին, այլեւս խորթ կը թուին անցեալի խիստ եւ անարդար սեռային բաժանումները։ Եւ ահաւասիկ հայրս կը յիշեմ…

Անոնք որոնք անձնապէս ճանչցած են իր փափուկ սիրտը, հետը կիսած՝ կտոր մը հաց եւ կամ իրմէ ստացած երկտող մը, կարծեմ պիտի հաստատեն, թէ մարդկութեան կաղապարը կերպով մը ձեւափոխուած էր, երբ առաջին անգամ ան աչքերը բացած եւ յայտնած էր բոլորին իր «Բարի Գալուստ»ը. նախապէս ըսածս կ’ուզեմ նորէն կրկնել. անձնական սէրս ու կարօտս չեն, որոնք կը մղեն զիս հրապարակաւ մտածումս բաժնելու, այլ՝ մօտենալով «Հայրերու օր»ուան տօնին, կ’ուզեմ հօրս յիշատակին ընդմէջէն, հայ հօր տիպարին մասին արտայայտուիլ։ Իգական սեռին պատկանող ոեւէ խելահաս պիտի ընդունի, թէ իրեն համար իր հայրն է չափանիշը առնականութեան եւ հայրութեան. աշխարհի բոլոր հայրերը կը պաշտպանեն, կը գուրգուրան, կը սորվեցնեն եւ այլն… սակայն հայ հայրերուն պարտականութիւնները այս բոլորէն բան մը աւելի են։ Հայրս ինծի սորվեցուցած է Հայ դատի կարեւորութիւնը… աշխարհի բոլոր անարդարութիւններուն դէմ պայքարելու միջոցաւ։ Քաջալերած է, որ գնահատեմ Կոստան Զարեանն ու Յակոբ Կարապենցը… ու տարեդարձիս Atwood եւ Munroe նուիրած։ Հախվերդեանը բաղդատած Cohen-ին կամ Brel-ին հետ, իսկ իր կուռքը՝ Փարաճանովը, Fellini-ին։

Իր հայրը եղեռնէն վերապրած եւ կեանքի ամենէն դառն օրերը որպէս բնական ընդունած, հազուագիւտօրէն գրկած եւ համբուրած է իր անդրանիկ որդին։ Ահաւասիկ, ամբողջ սերունդի մը ճակատագիրը։ Իմ հայրս, թէեւ ինքն ալ չէր երթեւեկած մէկ վարդագոյն օրէն միւսը, սակայն միշտ կը գրկէր եւ համբոյրներ կը բաժնէր մեզի։ Հայրս, իր առնական մօրուքով, «արջի թաթ»ով, հաստ յօնքերով, թաւ ձայնով, մի՛շտ լաւատես, բարիին խնկարկող, դրական մօտեցումով անձնաւորութիւն մըն էր, որ կ’ուրախանար անծանօթին իսկ յաջողութեամբ։ Կը գնահատէր ամէն գեղեցիկ ծաղիկ եւ կը յուզուէր քաղցր երկու խօսքէ. բնաւ չեմ լսած իր շրթներէն ստորադասական խօսք մը, նոյնիսկ տարակարծութեան ընթացքին, գաղափարի մը շուրջ նոյնիսկ վիճելէ ետք, կը զգայի իրմէ ցոլացող հպարտութեան լուսափայլը։

Ի՞նչ կը նշանակէ հայր ըլլալ, ՀԱՅ ՀԱՅՐ ըլլալ, ներկայ խառնիխուռն իրականութեան մէջ։ «Հայրերու օր»ուան առթիւ, աննման հօրս յիշատակին, իրմէ փոխանցուած մտածումներս կ’ամփոփեմ հետեւեալ տասնաբանեայով.

– Զգայնութիւնը տկարութիւն չէ. այն քեզ կը զօրացնէ։

– Գնահատել ուրիշին ճիգն ու յաջողութիւնը՝ քեզ կ’ազնուացնէ։

– Հայ մշակոյթը սիրել, անոր ծառայել, չի նշանակեր տարբեր մշակոյթներ թերագնահատել։

– Ծնողական կեցուածքը, բնաւ անսխալական չէ։

– Դուստր թէ որդի… երկուքն ալ հաւասար իրաւունքներ ունին։

– Տարիները այնքա՜ն արագ կը սահին ու կ’անցնին… կ’արժէ ամէն վարդ հոտոտել եւ ամէն մայրամուտ գնահատել։

– Այո՛, ստիպուած ենք սփիւռքի մէջ ապրելու, սակայն կրնանք մեր շրջապատն ալ սիրել։

– «Վա՜յ, այս մէկը դո՛ւն ինծի սորվեցուցիր» ըսելդ, զաւկիդ անհուն ուրախութիւն կը պատճառէ։

– Լաւ Գանատացի ըլլալը, լաւ հայ ըլլալ կը նշանակէ։

– Ծաղիկի մը գեղեցկութիւնը գնահատելը առնականութիւն է։

Բարի «Հայրերու օր» բոլոր հայ հայրերուն։

Սարիկ Պապեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.