Ո՛չ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Անարժանապատիւ Խաղաղութիւն. Այլ Համազգային Դիմացկունութիւն

Photo by Karen Minasyan

Տեսակէտ

Մտքեր Մայիս 28 յաղթանակի և 44 օրեայ պատերազմ պարտութեան առիթով

Ազգովին կ’ապրինք շատ դժուար շրջան մը: Մեր բանակը 44 օրեայ հայ-թրքական պատերազմին ընթացքին պայքարեցաւ և սակայն «յաղթելով» պարտուեցաւ, միատեղ կորսնցնելով շատ բան, ներառեալ ոսկի սերունդ, տարածք, հսկայական տնտեսական հարուած Հայաստանին և ամբողջ ժողովուրդի մը հաւաքական արժանապատուութիւնը. Սա մեզի հասցուց այսօրուայ ազգային ճգնաժամին։

Այսօր, այդ ճգնաժամին կ’աւելնան շարունակուող տնտեսա-քաղաքական ճգնաժամը, որուն վրայ կ’աւելնան օրական մահեր՝ վերջին հարիւրամեակի ամէնավատ համաճարակէն, այս բոլորը կարծես կը պատահի խաբէութեան ենթահոսքի մթնոլորտի մը մէջ, ուր ժողովուրդը կը մնայ պառակտուած քաղաքական «հերոս կամ դաւաճան» narrative-ներու, արտահերթ ընտրութիւններու շէմին:

Նոյն ժամանակ, թուրք-թաթարական փան-թուրանական ուժերը կը շարունակեն իրենց զինուորական գործակցութիւնը,  Հայաստանի սահմաններուն վրայ իրենց ուժերու կուտակումով: Իսկ «բարեկամ» (բայց տկարացող կայսերապաշտ) Ռուսաստանը կը շարունակէ ամէն ձևով օգտուիլ տկարացած Հայաստանէն և խեղաթիւրել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը։ Այս բոլորը կը պատահին երբ միւս կողմէ Էրտողանի նէօ-օսմանական տենչերը,  Ռուսիոյ փոփոխական քաղաքականութիւնը իր «արտերկրի մօտակայքի» հանդէպ, Արևմուտքի ընդհանրապէս նահանջը տարածաշրջանէն ներս, համաշխարհային քարիւղի քաղաքականութիւնը, համաշխարհային փոփոխուող փոխադրութեան corridor-ները, լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժեր կը ստեղծեն Հայաստանի շուրջ, որ կարելի չէ անտեսել: Այստեղ կարևոր է նաև նկատել, Ռուսաստանի և Թուրքիոյ միջև միաժամանակ փոխգործակցային և մրցակցային յարաբերութիւնները, ի գին՝ հայկական շահերուն (ինչպէս տեսանք Լիպիոյ և Սուրիոյ մէջ):

Մէկ բան յստակ է, թէ Թուրքիոյ ակնյայտ և անհերքելի աջակցութեամբ ու մասնակցութեամբ պատահածը կատարուեցաւ. Մէկ դար անց, Թուրքիան վերադարձած է Կովկաս: Թուրքերը միշտ Արցախեան հակամարտութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած են: Սակայն, այս անգամ դերակատարութիունը կարծես կը միտէր ներկայութիւն ըլլալ տարածաշրջանէն ներս՝ մասնակցելով և մարտի դաշտին և սեղանին շուրջ «Sahada ve Masada» սկզբունքով:

Սա պահուն Հայաստանի առջև կան դաժան իրականութիւններ՝ սկսած ներքաղաքական ցնցումներէն մինչև տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան ամբողջական վերաշարադրումը: Շատ մը հայեր ընկճուած ու յուսախաբ են՝ ո՛չ միայն պատերազմի պարտութեամբ, այլև՝ իրենց կորսնցուցած գործակալութեան (sense of agency) զգացումով: Թէ Հայաատանի քաղաքացին և թէ սփիւռքահայը թոյլ անտարբերութեան մը կարծես յանձնուած ըլլան:

Յոյսով եմ, որ բանավէճեր, միթինկներ, և մանաւանդ լուրջ քննարկումներ ու հետազօտութիւններ մաքրողական (catharsis) դեր կ’ունենան յետընտրական յառաջիկայ ամիսներուն: Մեզի կը պակսին շատ տեղեկութիւններ թէ ին՞չ պատահեցաւ և ինչ՞ու. Այս բոլորը կարծես թէ պէտք են, որ պատահին, որպէսզի մեր յաջորդ ազգային կառուցողական ընթացքը նոր վերելքն ու զարթօնքը ունենայ:

Մէկ բան յստակ է, թէ հակամարտութեան նախաշեմին Հայաստանի քաղաքականութիւնն ու հռետորաբանութիւնը, օրինակ՝ տխրահրչակ Պրն. Տօնոյեանի «նոր պատերազմ՝ նոր տարածքներու դիմաց»,  անհամատեղելի էին և երկիրը իւրաքանչիւր առումով գերազանցուած էր: Աւելին, Հայաստանի վերջին տարիներու ռազմական ներդրումները պարզապէս չէին համընկնիր մեր քաղաքական ռազմավարութեան հետ: Հայութիւնը պատրաստ չէր այս պատերազմին, իսկ մեր քաղաքական վերնախաւը, երկա՜ր տարիներու ընթացքին, կայուն քայլերով կը շարժէր դէպի ռազմական աղէտ:

Հայաստանի խնդիրը այն էր, որ իր շուրջ իրադրութեան փոփոխութեան հետ եւ ընթացքին ինքը 26 տարի շարունակ մնաց բաղդատաբար անփոփոխ: 1990-ականներուն Հայերը յաղթեցին պատերազմը, բայց կարծես կորսնցուցին խաղաղութեան կարելիութիւնը, մնալով պատերազմական վիճակի մէջ, երբ հակառակորդի նաւթային «resource»-ները սկսան հաւասարակշռութիւնը փոխել: Հայաստանը չկարողացաւ ճիշտ ժամուն համախմբել իր ձեռքբերումները և կամ նոր իրականութեան հետ փոխուիլ:

Շատեր արդէն անդրադարձան Նիկոլ Փաշինեանի և «Իմ Քայլը» խմբակցութեան կառավարութեան պատասխանատուութեան մասին. Հակառակ, որ այսօրուայ քաղաքական կառավարութիւնը պատասխանաու է և շատ հարցերու պատասխանները տակաւին պարզ չեն, ես վստահ եմ, որ հայոց պատմութիւնը իր վերջնական դատավճիռը կու տայ շուտ կամ կանուխ: Հոս, նաև պէտք չէ մոռնալ Արայիկ Յարութիւնեանն ու իր խմբակի պատասխանատուութիւնը:

Անցնինք յառաջ.

Այս յօդուածի մտքերը կ’ուզէի կապել յետպատերազմական դժուար փուլին հետ:     Յաջորդական մտքերուս նպատակը աւելի խորքային են, և կապ ունին մեր «ազգային հոգեկան», երկրի կառավարման (governance) և դարեր շարունակ պետականութիւն չունենալու և օտար կայսրութիւններու և երկիրներու լուծին տակ ապրելու իրականութեան հետ:

Կարեւոր է անդրադառնալ այս ազդակներուն, որովհետեւ Հայկական արժանավայել պետութեան մը կառուցումը ազգային անհիմն ենթադրութիւններու վրայ կարելի պիտի չըլլայ կառուցել:  Հոս պատասխանատուութիւնը միայն «կողմերու» վրայ պէտք չէ  նետուի ( նախկիները կամ Նորերը), այլ, «անլրջութեան» ընթացք մը կայ, որուն պէտք է անդրադառնայ հայ քաղաքական միտքը: Անլուրջ ժողովուրդները կը ստեղծեն անգիտակից հանրութիւն, որուն հետեւանքները լուրջ և գոյակցական կրնան ըլլալ:

Այս անլրջութեան նշոյլները արդէն յստակ էին 2016-ի քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ յայտարարեցինք, որ «յաղթեցինք» և կորուստներ կրելէ ետք, յաջորդ չորս տարիներու ընթացքին հայկական բանակը չկարողացաւ յարմարուիլ գրեթէ բոլոր առումներով: Ճիշտ հոս է, որ «շան գլուխը թաղուած է»: Հայկական պետական վարչագիտութիւնը (statecraft) բացայայտուեցաւ, որպէս զառանցքային (dilusional)  ինքնավստահութեան և միամիտ զգացականութեան խառնուրդ:  Ան զառանցեց ռազմական հաւասարակշռութեան և պատերազմի հաւանականութեան առաջ, միևնոյն ժամանակ անբաւարար ներդրումներ կատարելով մարտական ճիշտ կարողութիւններու և ընդհանրապէս  երկրի պաշտպանողութեան ոլորտին մէջ:

 

Յետ պատերազմական օրերուն ընդդիմութեան շեշտը վարչակազմի փոփոխութեան վրայ եղաւ կարծես: Բայց մեր հարցերը խորքային համակարգային  փոփոխութեան հետ շատ աւելի կապուած են այսօր: Յաջորդ կառավարութեան հիմնական գործը պէտք է ըլլայ խորքային բարեփոխումներ յառաջացնել, կանխելու համար մեր անվտանգութեան, տնտեսութեան և հաւանական արտագաղթի նոր փուլերը:

Յաջորդ փուլին Հայաստանին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ոչ թէ միայն ազգային դատարկ լոզունգներով առաջնորդուող վերնախաւ, այլ լուրջ բարեփոխումներ իրականացնող կոալիցիա:  Ազգային Ժողովին մէջ կազմուող «Ազգային Փրկութեան Շարժումը» նախ և առաջ յանձնառու պիտի ըլլայ կեդրոնանալ ռազմական, կառավարման և տնտեսական բարեփոխումներու վրայ, անկախ ամէն ինչէ: Այսինքն, մեզի պէտք չէ արտօնուի,  որ Ազգային Ժողովի 72% ը մէկ կուսակցութեան ձեռքը իյնայ վերստին, երբ հանճարեղ նախկինները 2015 թուականին մեր սահմանադրութեան մէջ որևէ հակակշռող և զսպման մեքանիզմներու մասին չմտածեցին։

Ապագային , յաջորդ յօդուածով մը կը փորձեմ անդրադառնալ, թէ յետ անկախութեան տարիներուն մենք ազգովին ի՞նչ թերագնահատեցինք: Բայց հիմա վերադառնանք ժամանակակից խնդրին.

Եթէ այսօր ժամանակակից մեր պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային պահերը կ’ապրինք, ապա կարելի է յետադարձ հայեացք մը նետել մեր ազգին անլուրջ սովորութիւններուն վրայ, որոնք կ’արժէ փոխել: Պարտականութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս վրայ է:

Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն հետեւանքները չեմ կրնար գուշակել, բայց բեւեռներուն մէջ «կախարդական փայտիկներ» յայտնուած չեն, որպէսզի դիմագրաւենք այս ճգնաժամը: Յետպատերազմեան խորհրդարանական ուժերու դասաւորումը պէտք է, որ անպայման ստեղծէ միասնական ազգային զգացում: Այսօրուան հրամայականը պէտք է ըլլայ ո՛չ պատերազմ եւ ո՛չ ալ անարժանապատիւ խաղաղութիւն, այլ՝ ազգային Դիմացկունութիւն, ընդդէմ մեր շուրջ կատարուող աշխարհաքաղաքական նենգ փոփոխութիւններուն:

Այսօր, հայ քաղաքական միտքը և կամքը առաջընթաց մարտահրաւէր ունի դէպի հզօր պետականութիւն:  Հայաստանի փրկութիւնը կախուած է, թէ ինչ պիտի ընենք ազգովին յառաջիկայ տարիներուն, և ոչ թէ, ինչ պիտի ընեն մեր թշնամիները: Վերջին հաշուով, մենք պարտուեցանք մեր վերջին 30 տարուայ անլրջութեան պատճառով. Նիկոլ Փաշինեանը այն անճարակ ղեկավարն էր, որ մեզ տարաւ անխուսափելի պարտութեան:

Պարտութիւն սգալ և գիտակցիլը աւելի մեծ ոյժ և վեհութիւն կը պահանջէ մեզմէ, քան՝ անցեալի յաղթանակներ տօնելը: Մեր պարտութիւնը իմաստաւորելու պահը պիտի ըլլայ Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններն ու յառաջիկայ տարիները:

Այսօրուայ գերագոյն հարցը Հայաստանի քաղաքական և մարտական համակարգի առողջութեան հարցն է, և ոչ թէ այս կամ այն կողմերու ընտրական աքլորամարտը:

Անկախ ընտրութիւներու արդիւնքներէն, միացեալ հայութիւնը շատ շուտով իր հաւաքական կամքը պէտք է թարգմանէ իր գերագոյն յանձնառութեամբ՝ անյետաձգելի հայրենակերտ գործին, դիմացկունութեան ճամբով և լուսապայծառ ապագայի հաւատքով:

Միայն հաւաքական  դիմացկունութեան վէմով է, որ կարելի պիտի ըլլայ կերտել մեր նահատակներու վայել հզօր հայկական պետութիւնը:

Այս գիտակցութեամբ է, որ հայ քաղաքացին իր ընտրութիւնը պէտք է ընէ  Յունիս 20ին: Նոյն այս գիտակցութեամբ է, որ քաղաքական վերնախաւի խմբաւորումները յաջորդ ԱԺ-ին մէջ յանձնառու պէտք է ըլլան հայութեան հաւաքական դիմացկունութեան հրամայականին:

Շատ անողոք է պատմութիւնը. 1918-ի Մայիսեան դիւցազնամարտի 103-րդ ամեակին պատգամ կը փոխանցէ հաւաքական դիմացկունութեան, որպէսզի շարունակենք ունենալ քաղաքական ինքնուրոյն պետութիւն. Իսկ տկարութեան պարագային, կարող ենք ընդմիշտ վերադառնալ 1920 Նոյեմբեր 29-ի մութ ամպերուն և կամ աւելին` թրքական եաթաղանին:

Մնացէ’ք պինդ:

Ռաֆֆի Արտալճեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.