Ոչ Եւս Է Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան. Կենսագրական գիծեր

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն կորուստը Աստուծոյ, հայ ազգին ու մշակոյթին ծառայ՝ հաւատաւոր քարոզիչ, բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանի, որ ի տէր հանգեաւ Շաբաթ, 2 Նոյեմբերին:

Ժագ Ս. Յակոբեան ծնած է 1 Օգոստոս 1917-ին, Երուսաղէմի մէջ, Ստեփան Յակոբեան (ատափազարցի) եւ Սրբուհի (երուսաղէմցի) ամոլէն: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափուխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ յաջորդաբար հետեւեալ դպրոցներուն մէջ.

– Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան (մանկապարտէզ, 1922-24)

– Գալուստեան Ազգային Վարժարան (1924-29)

– Պէրպէրեան Գոլէժ (1929-34)

– Collège Des Frères (Khoronfish, Baccalaurèat – sèrie mathèmatiques, 1935-37)

– Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Faculté Française de Médecine – École de Pharmacie-ի մէջ (1937-39)

1939-ին կը ծագի Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր դեղագործական ուսումը շարունակել Գահիրէի պետական համալսարանի School of Pharmacy-ին մէջ (1939-42), ուր կ’աւարտէ իր դեղագործական ուսումը 1942-ին:

Եգիպտական օրէնքի մը համաձայն, ան պարտաւորութիւնը կ’ունենայ անցընելու արաբերէն Պաքալորեայի համազօր երկու քննութիւններ՝ արաբերէն լեզու եւ արաբական գրականութիւն, զորս ինքնաշխատութեամբ յաջողութեամբ կ’անցընէ եւ ձեռք կը ձգէ դեղագործական վկայականը 1944-ին:

Արաբերէնի քննութեանց պատրաստութեան շրջանին, ան միաժամանակ կը գործէ ֆրանսական Lebon Gas-ի ընկերութեան մէջ:

Այնուհետեւ, իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Վերին Եգիպտոսի մէջ (1944-46):

1947-ին կ’ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, որ թոռնուհին էր Վռամշապուհ Արք. Քիպարեանի (առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի՝ Զօրավար Անդրանիկը պսակողը եւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ին «ղարիպ տէրտէր»ը):

Երկու տարի ետք, նորապսակ զոյգը կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպըռն): Տարի մը ետք կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’աշխատի որպէս դեղագործ զանազան դեղարաններու մէջ: 1956-ին տիկնոջ եւ երեք անչափահաս զաւակներուն հետ գաղթել Պէյրութ, Լիբանան, ուր կայք կը հաստատէ, եւ ուր կը ծնի իր չորրորդ զաւակը:

1957-էն 1965 կը պաշտօնավարէ Կենաց Երկրորդական Վարժարանին մէջ (Տպպայա), որպէս ուսուցիչ հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ ազգային պատմութեան:

1965-ին երկրորդ անգամ կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպըռն):

1967-ին կը գաղթէ Ամերիկա վերջնականապէս, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ, ուր կ’ապրի մինչեւ այսօր:

Ի միջի այլոց, ան ամբողջ 21 տարիներ (1967-88), աշխատած է որպէս քիմիագէտ դեղորայքի գործարանի մէջ՝ Life Laboratories (Sun Valley).

Իր դեղագործական ասպարէզին կողքին, իր ուսուցչական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանը (1988-2000):

Կարճ ժամանակ մը, ան եղած է նաեւ հայ գրականութեան դասատու Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ:

Իր ասպարէզին կողքին, կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ Գահիրէ-Հելիոպոլիս (1951-1953) եւ Էնսինօ, Գալիֆորնիա (2003-2009):

1974-ին կը սկսի Աստուածաշունչի սերտողութեան ժողովներու՝ նախ հաւատացեալներու բնակարաններու մէջ, սկսեալ Հոլիվուտէն, ապա Հոլիվուտի մէկ Baptist Church-ի սրահին մէջ, հուսկ ապա Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիին գմբէթին տակ, հովանաւորութեամբը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյն:

1975-ին կը ձեռնարկէ նաեւ անձնական աւետարանչական գործունէութեան մը, որ կը տեւէ տասը տարի, մինչեւ 1985: Կը հաստատէ 15 վայրկեաննոց շաբաթական աւետարանչական ռատիօժամ մը՝ «Աշխարհի Լոյսը, Հայաստանեայց Աւետարանասփռումի ժամ», սուրբ գրային եւ ազգային բովանդակութեամբ:

Գիրքերու կողքին, ան հրապարակ հանած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):

Հայերէնի կողքին, ան գրած է նաեւ ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնցմով ան մասնակցած է ֆրանսական գրական մրցումներու (Jeux Floraux du Languedoc, 1936, Toulouse):

1938-ին, Ժագ Յակոբեան «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով՝ գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հեղինակն է շուրջ 35 գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են Առաջին Մրցանակի:

Գեղեցիկ հայերէնով մը արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:

Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ, նախաձեռնութեամբ առաւելաբար Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, առաջնորդութեամբ բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի:

Երկու տարբեր առիթներով, ան կը պարգեւատրուի Կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ.-ի եւ Արամ Ա.-ի:

Ան արժանացած է «Համազգային»ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին, հետեւեալ գնահատականով. «Այսու կը հաստատենք, թէ Ժագ Յակոբեան գրական իր վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ իր տեւական ծառայութեամբ նպաստած է հայ մշակոյթի հարստացման»:

Ժագ Յակոբեան ունեցած է բեղուն աշխատանք, ստորեւ կը ներկայացնենք իր հրատարակած գիրքերը.

Գաղտնի ճամբան 1938 Գահիրէ

Մեղրալուսին 1943 Գահիրէ

Մեսրոպաշունչ 1946 Գահիրէ

Մարդ մը մեռաւ… 1947 Գահիրէ

Վերածնունդ 1949 Գահիրէ

Յիսուս, Կիրակի, Հայց. Եկեղեցի (արձակ գեղօններ) 1959 Պէյրութ

Մասիսածին 1963 Պէյրութ

Ջահերթ 1964 Պէյրութ

Յիսուսաբոյր 1965 Պէյրութ

1994 ԱՄՆ

Ժագափունջ (չափածոյ եւ արձակ) 1969 Պէյրութ

Հայատրոփ* 1970 Պէյրութ

Հրաշադար* 1978 ԱՄՆ

Ուլունքաշար* 1983 ԱՄՆ

Կռունկը կը կանչէ… (թատերախաղ) 1986 ԱՄՆ

Հողաշնչում* 1991 ԱՄՆ

Հայագոյն* 1991 ԱՄՆ

Տէր-Զօր դեղին* 1991 ԱՄՆ

Եօթնօրեայ մահ (չափածոյ վիպակ) 1995 ԱՄՆ

Հարսնագնաց երամ 1996 ԱՄՆ

Յիսուսահար 2001 ԱՄՆ

Ինչո՞ւ փուշեր ու բոցեր… 2003 ԱՄՆ

Մայրատօն 2004 ԱՄՆ

Անունը՝ Նարեկ 2004 ԱՄՆ

Դպրո՛ցն ահա հայկական… 2005 ԱՄն

Անմեղ մեղապարտը՝ Պատարա՛գ 2006 Պէյրութ

Աշխարհաշարժիչը 2006 Գանատա

Քրիստոս Յիսո՞ւս, թէ՞ Christian Dior 2007 ԱՄՆ

Մեսրոպավէպ 2007 ԱՄՆ

Թէքէեան Վահան՝ Աստուածախո՛յզը 2009 ԱՄՆ

Լիլոյշատոչոր 2010 Պէյրութ

Յաւերժօրէն քոյդ… 2011 Պէյրութ

Ողկոյզ 2012 ԱՄՆ

Գոյնզգոյն 2014 ԱՄՆ

Փախչիլ չկայ հա՜… 2015 ԱՄՆ

Ոսկեհոս ջրվէժ 2015 ԱՄՆ

Մշտափաց պատուհանները երկինք 2016

Փախչիլ չկայ քեզի, ո՛վ թուրք 2017

* Խաչանշուած երկերը՝ արժանացած Ա. մրցանակի

Աստուած հոգին լուսաւորէ Ան մահազաւ Ամերիկայի փասատինա քաղաքին մէջ 102 տարեկանին

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.