Շաբթուան ամփոփումը (26 մարտ 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Շաբաթ, 21 մարտ 2026-ին Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի 2025-2027 երկամեակի լիագումար ժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցան անցնող շրջանի գործունէութիւնը, ձեռքբերումներն ու մարտահրաւէրները եւ սահմանուեցան յառաջիկայ տարուան առաջնահերթութիւնները։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Հայ Դատի աշխատանքներու համակարգուած ընդլայնման, քաղաքական լոպիինկի եւ հանրային կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան աւելի լայն ներգրաւման անհրաժեշտութեան վրայ։ Ժողովին վերահաստատուեցաւ յանձնախումբին յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները, նպաստելու հայ գերիներու ազատ արձակման եւ արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրացման, ինչպէս նաեւ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման։ Միեւնոյն ժամանակ ընդգծուեցաւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ կրօնական ազատութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը։

– Թորոնթոյի Հայ Օգնութեան Միութեան ամէնօրեայ վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները, Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան շրջածիրէն ներս, Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Գերագոյն Մարմնի անդամ, Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի հետ՝ Սիմոն Վրացեան կեդրոնին մէջ։ Աշակերտները ունկնդրեցին ներկայացումներ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին, ազգային մարտահրաւէրներուն եւ Արցախի ու Հայ Դատի վերաբերող հարցերուն շուրջ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան։ Այցելութեան ծիրէն ներս անոնք նաեւ շրջայց կատարեցին Դաշնակցութեան թանգարանին մէջ։

– Մարտ 9-ին Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի (CSW) 70-րդ խորհրդաժողովի բացման նիստին, որ կը կեդրոնանայ «կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովման եւ ամրապնդման» թեմային վրայ։ ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները, որոնց շարքին՝ Գանատայի շրջանը ներկայացնող ընկերուհիներ, մասնակցեցան բարձր մակարդակի հանդիպումներու, ներառեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի հետ քննարկման, եւ հանդիպումներ ունեցան միջազգային տարբեր պաշտօնեաներու հետ՝ ներկայացնելով Միութեան գործունէութիւնը։ Խորհրդաժողովի ծիրէն ներս ՀՕՄ-ը կազմակերպեց նաեւ առանձին նիստ մը՝ նուիրուած տագնապի գօտիներու մէջ ապրող կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան։

– Մարտ 23-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, ուր քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող պատերազմի զարգացումներն ու անոր հետեւանքները՝ յատկապէս Լիբանանի վրայ։ Քննարկումներուն ընթացքին ընդգծուեցաւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ անվտանգային ծանր կացութիւնը, ներառեալ Լիբանանի մէջ գաղթականական ալիքը եւ տնտեսական տագնապը, ինչպէս նաեւ այս խնդիրներու ուղղութեամբ տարուող համագաղութային աշխատանքներու համադրումը։

– Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 24 մարտ 2026-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի նուիրուած յիշատակի երեկոյ, որուն ընթացքին լայնօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ գրականագէտ, կրթական մշակ, քննադատ, քաղաքական ու մշակութային գործիչ, հրապարակագիր եւ դաշնակցական մտաւորական Աղբալեանի կենսագրութեան ու լայնածաւալ գործունէութեան՝ Թիֆլիսէն Հայաստան, Մոսկուա, Գահիրէ եւ Լիբանան։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի պետական համալսարանի եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադիր Նիկոլ Աղբալեանը, որ մինչեւ իր մահը Լիբանանի Հայ ճեմարանին մէջ դասաւանդեց հայ գրականութիւն եւ գրաբար։ Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցաւ ճեմարանի յուշերու ներկայացում, ընթերցումներ եւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր։


ՀԱՅԱՍՏԱՆ

– Մարտ 22-ի առաւօտեան Երեւանի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի մը ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան փորձած է Հայաստանի քարտէսի պատկերով կրծքանշան նուիրել Արցախէն բռնի տեղահանուած Արմինէ Մոսիեանին, սակայն ան մերժած է՝ ըսելով «մենք ուրիշ քարտէս ունինք»։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան անամօթաբար արձագանգած է կոշտ ձեւակերպումներով՝ ծաղրելով արցախահայութեան արդար վերադարձի իրաւունքը։ Այս հարցին ուղղութեամբ, Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները, համատեղ յայտարարութեամբ, խիստ կերպով դատապարտեցին Փաշինեանի արտայայտութիւնները՝ զանոնք բնութագրելով որպէս պառակտիչ եւ անընդունելի, ընդգծելով որ նման բարբաջանք կը վիրաւորէ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, կը խաթարէ ազգային համերաշխութիւնը եւ թէ Փաշինեան չի կրնար կասկածի տակ դնել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի անօտարելի իրաւունքը։

– ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան քննադատեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ իր չվերընտրուելու պարագային նոր պատերազմ կրնայ տեղի ունենալ՝ նշելով, որ իշխանութիւնը ընտրութիւններուն ընդառաջ կրկին կը փորձէ հասարակութիւնը վախցնել պատերազմի սպառնալիքով։ Սաղաթէլեան յիշեցուց, որ նման զրաբանութիւն կիրառուած էր նաեւ 2021-ին, սակայն այդ ժամանակուան խոստումներուն հակառակ՝ տեղի ունեցան նոր բախումներ, ներառեալ 2022-ի յարձակումը Հայաստանի դէմ եւ 2023-ին Արցախի հայաթափումը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Տաւուշի գործընթացին՝ պնդելով, որ նոյն տրամաբանութեամբ զիջումներ կատարուած են։ Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ Փաշինեան կը ներկայացուի որպէս խաղաղութեան երաշխաւոր, մինչդեռ իրականութեան մէջ կը մարմնաւորէ պատերազմն ու պարտութիւնը, եւ կոչ ուղղեց կանխելու անոր վերարտադրութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն։

– Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւններու տարեկան զեկոյցը կը նշէ, որ թէեւ Հայաստան–Ատրպէյճան վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ յառաջընթաց գրանցուած է, սակայն տակաւին առկայ են լուրջ խոչընդոտներ, յատկապէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ։ Զեկոյցին համաձայն՝ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւնները կը հաստատեն, թէ սահմանադրական խնդրայարոյց փոփոխութիւններու յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ։ Անոնց գնահատմամբ՝ յառաջիկայ ամիսները չափազանց վճռորոշ պիտի ըլլան՝ նկատի ունենալով ներքաղաքական մարտահրաւէրները եւ խաղաղութեան փխրուն գործընթացը։

– Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան կը շարունակէ մնալ տնային կալանքի տակ, նկատի ունենալով որ Վերաքննիչ դատարանը մերժեց անոր նկատմամբ խափանման միջոցը վերացնելու միջնորդութիւնը, թէեւ արտօնեց մասնակցիլ պատարագներուն։ Ութ ամիս կալանքէ ետք տնային կալանքի տակ գտնուող Սրբազանը անիրաւաբար կը մեղադրուի իշխանութիւնը զաւթելու հրապարակային կոչերու պատճառաւ, ինչ որ ինք կը մերժէ՝ որակելով զանոնք որպէս քաղաքական հետապնդում։ Սրբազանին առողջական վիճակը, ըստ բժիշկներուն, կայուն է։


ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

– Մարտ 18-ին Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումէն ետք, արաբական եւ իսլամական 12 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը՝ պահանջելով Իրանի կողմէ իրականացուող յարձակումներու «անմիջական եւ անպայմանական դադրեցում»։ Յայտարարութեան մէջ նախարարները խստօրէն դատապարտեցին քաղաքացիական եւ կենսական ենթակառոյցներու թիրախաւորումը։ Անոնք նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին Հորմուզի եւ Պապ էլ-Մանտէպի նեղուցներու անվտանգութեան եւ համաշխարհային ուժանիւթի մատակարարումներուն վրայ ազդեցութեան կապակցութեամբ, միաժամանակ վերահաստատելով Լիբանանի կայունութեան իրենց աջակցութիւնը, շեշտելով որ տարածաշրջանային թէժացումները կրնան յանգեցնել «օրինական անհրաժեշտ քայլերու»՝ ապահովելու համար շրջանի անվտանգութիւնը։

– Վերջին օրերուն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութեան սրումի վտանգը համեմատաբար նուազած է միջազգային միջնորդական աշխոյժ ճիգերու շնորհիւ․ Թուրքիա, Եգիպտոս եւ Փաքիստան առանցքային դեր ստանձնած են՝ պահելով հաղորդակցութիւնը Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ, մինչ Օման կը շարունակէ իր միջնորդական առաքելութիւնը անուղղակի բանակցութիւններով։ Բրիտանիան եւս ներգրաւուած է գործընթացին մէջ՝ փորձելով կանխել ուժանիւթային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը։ Այս ճիգերու արդիւնքով Իրանը պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու նաւագնացութեան վերականգնումը, ինչ որ հիմք հանդիսացած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի կողմէ ռազմական գործողութիւններու հնգօրեայ յետաձգման, մինչ միջնորդական աշխատանքները կը շարունակուին փակ դռներու ետին՝ վերջնական համաձայնութեան հասնելու նպատակով։