Շաբթուան ամփոփումը (2 ապրիլ 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


ԳԱՆԱՏԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ

– Սպահանի մէջ տեղի ունեցած սաստիկ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով արձանագրուած է հայ զոհ մը՝ Սիմոնեան մականունով, ինչպէս կը փոխանցեն Թեհրանէն՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքին։ Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն՝ վերջին օրերուն թէ՛ Թեհրան եւ թէ՛ Սպահան ենթարկուած են շարունակական հրթիռային հարուածներու։ Միաժամանակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ ամէնօրեայ կապ պահել պատերազմի գօտիներուն մէջ գործող հայ թեմերու պատասխանատուներուն հետ՝ հետեւելով համայնքներու իրավիճակին։

– ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը մարտ 26-ին հրապարակած յայտարարութեամբ տեղեկացուց, որ իր վերջին լիագումար նիստին քննարկած է միջին արեւելեան հայ գաղութներուն իրավիճակը՝ տարածաշրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ։ Կեդրոնական վարչութիւնը վերահաստատեց, որ գաղութները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը՝ հակառակ դժուարութիւններուն, եւ ընդգծեց, թէ մօտէն կը հետեւի զարգացումներուն՝ պատրաստ ըլլալով իր բոլոր միջոցները ծառայեցնելու անոնց աջակցութեան։ Նոյն ժողովին, Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ որոշեց 440,500 տոլարի յատկացումներ կատարել հայրենի եւ սփիւռքեան զանազան հաստատութիւններու եւ ծրագիրներու։


ՀԱՅԱՍՏԱՆ

– Մարտ 26-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց հիմամբ ուղղակիօրէն կը հրաժարի հայ ժողովուրդի ազգային օրակարգէն եւ ազգային պահանջատիրական պայքարէն։ Ան հաստատեց թէ ինք, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, կը մերժէ «պատմական արդարութեան վերականգնման» գաղափարը, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու իրաւունքներու հետապնդումը ներկայացնելով որպէս «գաղթականի հոգեբանութիւն»։ Այս գիծը կը զուգորդուի իշխանական այլ ներկայացուցիչներու՝ ներառեալ Ալէն Սիմոնեանի բացայայտ յայտարարութիւններուն, թէ «Արցախը Ատրպէյճան է», ինչ որ կը նշանակէ Պաքուի թեզերու ամբողջական ընդունում։ Այս ամբողջ հռետորաբանութիւնը «խաղաղութեան» անունով կը ներկայացնէ վտանգաւոր անձնատուութիւն, ուր ազգային պահանջատիրութիւնը կը զոհաբերուի ներքաղաքական նպատակներու եւ յառաջիկայ ընտրութիւններու հաշւոյն։

– Մարտ 23-ին «Երկիր Մետիա»-ի «Երկրի հարցը» հաղորդաշարը հիւրընկալած էր ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, որ յայտնեց, թէ ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ Հայ Դատի գրասենեակները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու եւ միջազգային հարթակներու վրայ՝ առաջնահերթ համարելով արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Հայաստանի միջազգային դիրքերու ամրապնդումը։ Ան «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ը բնութագրեց որպէս ճնշումներու տակ նախաստորագրուած փաստաթուղթ, որ կասկածի տակ կը դնէ անոր օրինականութիւնը, եւ շեշտեց, թէ Արցախի հարցը լուծուած չէ։ Մանոյեան ընդգծեց նաեւ, որ հարցը միջազգային օրակարգ վերադարձնելու կարելիութիւնը կախուած է Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումէն՝ նշելով, որ առանց արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքն ու գերիներու ազատ արձակման հարցերը յստակօրէն բարձրացնելու, միջազգային հարթակներու վրայ առաջընթաց չի կրնար արձանագրուիլ։

– Հայաստանի Ազգային ժողովը մարտ 25-ին ընդունեց օրէնսդրական փոփոխութիւններ, որոնց համաձայն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ այլեւս անվճար հող պիտի չտրամադրուի, եւ հողերը պիտի տրուին միայն լիակատար օգտագործման իրաւունքով՝ պահպանելով պետական սեփականութիւնը։ Իշխանութիւնները քայլը կը ներկայացնեն որպէս վարչական կարգաւորում, սակայն իրականութեան մէջ յստակ է, որ ան անմիջականօրէն կապուած է եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւնիւններուն շարունակուող անօրինական արշաւին:

– Արցախի պետական նախարար Նժդեհ Իսկանդարեանի համաձայն՝ 2023-ի բռնի տեղահանութենէն ետք, Հայաստանի մէջ հաստատուած արցախահայերուն միայն մօտ 10 տոկոսը յաջողած է բնակարան ձեռք ձգել պետական աջակցութեան ծրագիրներով, մինչ շուրջ 25 հազար տեղահանուածներ արդէն լքած են երկիրը։ Ան նշեց, որ կառավարութեան առաջարկած 5-10 միլիոն դրամի աջակցութիւնը մեծ մասամբ անբաւարար է բնակարան գնելու համար եւ հաշուի չ’առներ աշխատանքի խնդիրները, ինչ որ կը դժուարացնէ վերաբնակեցումը։ Իսկանդարեան նաեւ քննադատեց իշխանութիւններուն եւ Արցախի կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան բացակայութիւնը եւ կասկածի տակ դրաւ ձեռնարկատիրական ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը, միաժամանակ ընդգծելով, որ շատեր կը տատամսին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու հարցով՝ մտավախութիւն ունենալով, թէ այդ քայլը կրնայ թուլցնել իրենց վերադարձի իրաւունքը։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ մինչեւ փետրուար 1 միայն 4,400 ընտանիք ստացած է բնակարանային հաստատագրեր, որոնցմէ մօտաւորապէս կէսը արդէն իրականացուցած է գնումի գործընթացը։

– Համաշխարհային դրամատունը հաստատեց 200 միլիոն տոլարի զարգացման գործընթացի ծրագիր մը՝ ուղղուած Հայաստանի տնտեսական վերափոխման եւ կլիմայական բարելաւման համակարգի ամրապնդման։ Ծրագիրը նպատակ ունի զարգացնել աւելի մրցունակ եւ միջազգային շուկաներուն համարկումի տնտեսութիւն մը, միաժամանակ բարելաւելով արտանետումներու վերահսկման եւ կառավարման գործընթացները։ Լրացուցիչ ֆինանսաւորում կը սպասուի նաեւ OPEC հիմնադրամէն՝ մինչեւ 92.8 միլիոն տոլարի, որով ընդհանուր աջակցութիւնը կրնայ հասնիլ մօտ 290 միլիոնի։ Նախաձեռնութիւնը կը ներառէ ներդրումային եւ գործարարական միջավայրի բարելաւում, մրցակցութեան եւ օգտատէրերու պաշտպանութեան զարգացում, ինչպէս նաեւ կլիմայական օրէնսդրութեան եւ կայուն ներդրումներու խթանում, որ պիտի իրականացուի Հայաստանի պետական համապատասխան մարմիններու համագործակցութեամբ։


ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

– Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն յառաջիկայ երկու կամ երեք շաբաթներուն ընթացքին պիտի դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները Իրանի մէջ, անկախ անկէ թէ դիւանագիտական համաձայնութիւն գոյանայ թէ ոչ։ Մինչ աւելի կանուխ ան ըսած էր թէ «բաւական վստահ» է, որ Իրանի հետ մօտ ապագային համաձայնութիւն կրնայ գոյանալ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը սպառնար ռազմական խիստ քայլերու դիմել, եթէ բանակցութիւնները ձախողին։ Ան նշած էր, որ Հորմուզի նեղուցի վերաբացման չիրականանալու պարագային, Ուաշինկթըն կրնայ թիրախաւորել Իրանի ուժանիւթային կենսական ենթակառոյցները, ներառեալ Խարգ կղզին։ Շարունակուող պատերազմը, որ արդէն տարածուած է տարածաշրջանային այլ երկիրներ, աւելի կը խորացնէ լայնածաւալ բախումի վտանգը, մինչ միջազգային միջնորդական ճիգերը՝ մասնաւորաբար Փաքիստանի գլխաւորութեամբ, կը շարունակուին՝ առանց էական յառաջընթացի։ Թէեւ երկու կողմերն ալ տեսականօրէն բաց են բանակցութիւններու, սակայն շրջանառուած տարաձայնութիւնները կը խոչընդոտեն համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնը, եւ ռազմական լարուածութիւնը կը մնայ բարձր մակարդակի վրայ։