Շաբթուան ամփոփումը (18 յունիս 2026)

«Հորիզոն Մետիա» կը ներկայացնէ անցնող շաբթուան հիմնական լուրերն ու զարգացումները՝ Գանատայէն մինչեւ սփիւռքեան այլ համայնքներ, Հայաստան եւ միջազգային թատերաբեմ։

Հաղորդումը ամբողջութեամբ դիտել՝ այստեղ։


Գանատա Եւ Սփիւռք

– Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեան նշանակուած է Գանատայի Քաղաքապետարաններու Միութեան Կառավարիչ մարմինի անդամ՝ ներկայացնելով Լաւալ քաղաքը համագանատական մակարդակի վրայ։ Միաժամանակ, ան պիտի ծառայէ որպէս Լաւալի միակ ներկայացուցիչը միութեան՝ Քեպէգի խմբակի գործադիր յանձնախումբին մէջ։ Թօփուզեան յայտնած է, թէ այս նշանակումը առիթ պիտի ընծայէ քաղաքապետական ղեկավարներու հետ համատեղ աշխատանք տանելու եւ բնակարանաշինութեան, ենթակառոյցներու, հանրային ապահովութեան ու կլիմայական մարտահրաւէրներու վերաբերեալ Լաւալի առաջնահերթութիւնները ազգային մակարդակով ներկայացնելու։

– Յունիս 15-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Մոնթրէալ-Լաւալ «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը դաստիարակչական առաքելութեամբ այցելեց Գանատայի խորհրդարան՝ ծանօթանալու երկրի խորհրդարանական համակարգին եւ քաղաքական գործընթացներուն։ Պատուիրակութիւնը, որ հիւրընկալուեցաւ Լաւալ–Լեզ Իլ շրջանի երեսփոխան Ֆայսալ Էլ-Խուրիի կողմէ, այցելեց խորհրդարանի նիստերու մայր դահլիճ եւ յանձնաժողովներու ժողովասրահները, մասնակցեցաւ խորհրդարանական քննարկումներու եւ առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու օրէնսդրական գործընթացին ու Գանատայի ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութեան։

– Յունիս 5-7 Քեպէգի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան վարիչներու վերաորակաւորման սեմինարը, մասնակցութեամբ 34 վարիչներու եւ Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի անդամներուն։ Եռօրեայ սեմինարին ընթացքին կազմակերպուեցան գործնական աշխատանոցներ եւ դաստիարակչական դասախօսութիւններ՝ համագործակցութեան, վարչական կազմակերպման, հաղորդակցութեան, ընկերային հարցերու լուծման եւ նոր պատանիներու ներգրաւման թեմաներով։ Ծրագիրը նաեւ ներառեց մտերմիկ հանդիպումներ եւ ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոներ, իսկ աւարտին մասնակիցները վերահաստատեցին հայրենատէր սերունդի դաստիարակութեան իրենց առաքելութիւնը եւ վերանորոգ ոգիով վերադարձան իրենց շրջանները։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ԱՐՑԱԽ

– Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները, որոնց համաձայն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 49.75 առ հարիւր, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 23.27 առ հարիւր, «Հայաստան» դաշինքը՝ 9.92 առ հարիւր, իսկ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 3.99 առ հարիւր՝ չյաղթահարելով խորհրդարան մուտք գործելու 4 առ հարիւր շեմը։ Կեդրոնական Ընտրական յանձնաժողովի նիստին զուգահեռ՝ ընդդիմադիր ուժերը բողոքի հաւաք կազմակերպեցին, պահանջելով անվաւեր նկատել ընտրութիւններու արդիւնքները եւ կազմակերպել նոր ընտրութիւններ՝ պնդելով, թէ ընտրական գործընթացը ուղեկցուած է համակարգուած խախտումներով։ Միեւնոյն ժամանակ, վերահաշուարկներով Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան օգտին արձանագրուած լրացուցիչ քուէները չբաւարարեցին շեմը յաղթահարելու, իսկ Վարչական դատարանը մերժեց կուսակցութեան ներկայացուցած հայցերը։

– Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու մասին արդէն յայտարարած են հինգ ընդդիմադիր ուժեր՝ «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները, «Բարգաւաճ Հայաստան», ԴՕԿ եւ Արման Թաթոյեանի առաջնորդած «Միասնութեան թեւեր» կուսակցութիւնը՝ դիտել տալով, թէ ընտրական գործընթացը ուղեկցուած է լուրջ խախտումներով։ Մինչդեռ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը, չընդունելով ընտրութիւններու արդիւնքները եւ նոր խորհրդարանի օրինականութիւնը, յայտարարած է, որ դատական համակարգի անկախութեան նկատմամբ անվստահութեան պատճառով չի դիմեր Սահմանադրական դատարան։

– Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Մայքըլ Օ’Ֆլահըրթի կոչ ուղղած է Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ միջազգային հանրութեան՝ շարունակելու աջակցիլ Հայաստան բռնի տեղահանուած արցախահայերուն եւ մշակելու անոնց երկարաժամկէտ համարկման միջոցառումներ։ Իր հրապարակած յուշագիրին մէջ ան ողջունած է Հայաստանի կողմէ իրականացուած քաղաքացիութեան, բնակարանային, կրթական եւ զբաղուածութեան աջակցութեան ծրագիրները, սակայն միաժամանակ զգուշացուցած, որ բազմաթիւ արցախահայեր տակաւին կը դիմագրաւեն բնակարանի, աշխատանքի, փաստաթուղթերու եւ ընկերային իրաւունքներու հետ կապուած լուրջ դժուարութիւններ։ Յանձնակատարը նաեւ ընդգծած է, որ տեղահանուածներու իրաւունքներու պաշտպանութեան կողքին պէտք է պահպանուի Արցախի վերադարձի իրաւունքը, եւ անոնք լիարժէք կերպով ներգրաւուին իրենց ապագային վերաբերող որոշումներուն մէջ։

– Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ, յայտարարած է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ան կիներու մարդասիրական միջազգային պատուիրակութիւն մը պիտի առաջնորդէ դէպի Պաքու՝ փորձելով այցելել Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները, ներառեալ իր ամուսինը։ Ան նշած է, թէ նախաձեռնութիւնը կը կատարուի Ռուբէն Վարդանեանի խնդրանքով եւ նպատակ ունի վերականգնել հայ բանտարկեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն միջեւ կապը։ Զոնապենտ նաեւ կոչ ուղղած է Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին՝ աջակցելու այցելութեան կազմակերպման եւ հայ գերիներուն ընտանիքներէն նամակներ ու ծանրոցներ փոխանցելու գործընթացին։