Նստացոյց ԱՄՆ, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի Դեսպանատուներուն Եւ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցչութեան Դիմաց
27 յունիսի առաւօտեան ժամը 8:30-էն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց սկսած է ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնած «Էս. Օ. Էս. Արցախ» խորագիրը կրող 24-ժամեայ նստացոյցը:
Ցուցարարները իրենց հետ բերած էին Արցախի Հանրապետութեան դրօշները, ինչպէս նաեւ «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը», «Գործելու պահը հիմա է», «Արցախում 120.000 մարդ է ապրում», «Առանց Արցախ չի լինելու նաեւ Հայաստանը», «Արցախը դիմակայում է ֆաշիզմին», «Վե՛րջ տուէք ապօրինի շրջափակմանը» եւ նմանատիպ այլ գրութիւններով պաստառներ:
«ԵԱՀԿ-ի Միսնքի խմբակի համանախագահող երկիրներու դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց նստացոյցի նպատակը մէկն է. մենք կը պահանջենք վերջ դնել երկակի չափանիշերուն: Արցախը կը գտնուի մարդասիրական ճգնաժամի, ցեղային զտման, ցեղասպանութեան առջեւ», Եւրոպական Միութեան գրասենեակին դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան ընդգծեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային հանրութիւնը ընդամէնը կը բաւարարուի յայտարարութիւններ կատարելով, երբեմն բանաձեւեր ընդունելով:
«Բայց փաստը այն է, որ Արցախը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած: Մեր նպատակն է բողոքի ձայնը բարձրացնել, պահանջներ ներկայացնել», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ան նշեց, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն ռուս խաղաղապահներու դերն ու առաքելութիւնը Արցախի մէջ:
«Պէտք է քննարկուի նաեւ անոնց առաքելութեան երկարաձգման հարցը: Բայց այսքանով հանդերձ, մենք ունինք յստակ պահանջներ, քանի որ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնն է նաեւ ապահովել Լաչինի միջանցքի անխափան ընթացքը: Այս իմաստով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագող երեք երկիրներէն մենք ունինք ակնկալիքներ», ըսաւ ան:
«Նիկոլ Փաշինեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը եւ մնացեալ պաշտօնատարները հայ ժողովուրդ չեն եւ չեն արտայայտեր հայ ժողովուրդի կարծիքը, չունին լիազօրութիւն, չունին օրինական իրաւունք հայ ժողովուրդի անունով նման դաւաճանական յայտարարութիւններ կատարելու. այսօր տարբեր դեսպանութիւններու մօտ բարձրաձայնումը նաեւ ատոր վկայութիւնն է, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը իրական գործողութիւններու մղելուն», Ռուսիոյ դեսպանատան մօտ նստացոյցի ժամանակ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:
«Տուեալ պարագային Ռուսիան, որ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ստորագրող կողմն է եւ ունի պարտաւորութիւններ, որու խաղաղապահ առաքելութեան ներկայութիւնը այսօր, ցաւօք սրտի, միակ անվտանգային երաշխաւորն է եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ ռուսական զօրքերու ներկայութիւնը Արցախի մէջ կենսական անհրաժեշտութիւն է ցեղասպանութեան վտանգի դիմագրաւման համար, բայց Ազրպէյճանը այնքան լկտիացած է, որ իր թշնամական գործողութիւնները կ՛իրականացնէ նաեւ ռուս խաղաղապահներու նկատմամբ, Ռուսիոյ Դաշնութիւնը աւելի կտրուկ գործողութիւններու պէտք է դիմէ այսօրուան խուլ շրջափակումը վերացնելու, Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտը կանխելու համար», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու մեկնարկին, ընդդիմադիր պատգամաւորը ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն հապշտապ պայմանական «խաղաղության պայմանագիր» անունով թուղթ մը ստորագրել, մինչ Արցախը կը շարունակէ շրջափակուած մնալ»: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը իր կամքով եւ կազմակերպուածութեամբ թոյլ պիտի չտայ նման պայմանագիրի վաւերացում:
Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ՀՅԴ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեանի` Արցախը 6 ամիսէ աւելի կը գտնուի ամբողջական շրջափակման մէջ, եւ 120 հազար հայ մարդ այսօր կը գտնուի ցեղային զտման, ցեղասպանութեան եզրին:
«Ցաւօք, միջազգային հանրութիւնը իր լուռ կեցուածքով կը նպաստէ, որ Ազրպէյճանի յանցաւոր վարչակարգը իրականացնէ իր սկսած ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Այսօր գործելու ճիշդ ժամանակն է, մենք կ՛ուշացնենք, եւ ամէն օրը, ամէն ժամը պիտի արժէ մարդկային կեանքեր: Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է նաեւ կեանքի կոչել միջազգային դատարանի վճիռը. 6 ամիսէ ի վեր միջազգային հանրութիւնը արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռը չի կրնար պարտադրել, կեանքի կոչել», ըսաւ ան:
Comments are closed.