Նոր Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի Նոյեմբերի կիսուն

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան հոկտեմբեր 28-ին յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, նախնական ծրագրին համաձայն, հանրային քննարկման պիտի ներկայացուի Նոյեմբերի կիսուն։

Factor TV-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Գալեան յստակացուց, որ հրապարակուելիք փաստաթուղթը վերջնական տարբերակ մը չէ, այլ նախագիծ, որուն շուրջ քաղաքացիներն ու շահագրգիռ շրջանակները պիտի կարենան արտայայտել իրենց կարծիքները։

Սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը, սակայն, կը շարունակուի քաղաքական լուրջ տարակարծութիւններու պայմաններուն մէջ։ Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը վերջին շաբաթներուն քանի մը նիստերու ընթացքին քննարկած է նախագիծը, մինչ անոր ամբողջական բովանդակութիւնը հանրութեան տակաւին յայտնի չէ։

Գլխաւոր վիճայարոյց հարցերէն մէկը կը վերաբերի Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին յղումին։ Նիկոլ Փաշինեան նախապէս յայտարարած էր, որ նոր Սահմանադրութեան մէջ նման յղում պէտք չէ ըլլայ։

Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՝ զայն դարձնելով խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման նախապայման։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ սահմանադրական բարեփոխումները ներքին օրակարգի մաս կը կազմեն եւ կապուած չեն Պաքուի պահանջներուն։

Ընդդիմադիր շրջանակները, սակայն, լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնեն, որ երկրի հիմնարար օրէնքի վերամշակումը կրնայ ընթանալ արտաքին քաղաքական ճնշումներու պայմաններուն մէջ՝ վտանգելով Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրին պատմական եւ քաղաքական նշանակութիւնը։

Սահմանադրութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին ինքնիշխան կամքի արտայայտութիւնն է։ Անոր վերանայման գործընթացը պէտք է հիմնուի ազգային լայն քննարկումի եւ ներքին անհրաժեշտութիւններու վրայ, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանի առաջադրած նախապայմաններուն։