Նոր Սահմանադրութեան մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերող դրոյթները պիտի պահպանուին անփոփոխ

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան նոյեմբեր 2-ին յայտարարեց, որ նոր Սահմանադրութեան նախագիծին մէջ կը նախատեսուի անփոփոխ պահել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ վերաբերող գործող սահմանադրական դրոյթները։

Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Գալեան նշեց, որ այս ուղղութեամբ առկայ որոշումը քաղաքական բնոյթ ունի, հակառակ այն հանգամանքին, որ Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի շարք մը անդամներ համաձայն չեն այդ մօտեցումին։

Նախարարը բացատրեց, որ խորհուրդին մէջ ներկայացուած են տարբեր պետական հաստատութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, որոնց միջեւ բոլոր հարցերուն շուրջ համաձայնութիւն ակնկալելը իրատեսական չէ։

Միաժամանակ, Գալեան յիշեցուց, որ նախագիծին մէջ ներառուելիք դրոյթները տակաւին վերջնական չեն եւ կրնան ենթարկուիլ փոփոխութիւններու։

Յայտարարութիւնը կը կատարուի Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ երկարող լարուածութեան պայմաններուն մէջ։ Վերջին ամիսներու զարգացումները, եկեղեցական ղեկավարութեան նկատմամբ իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ դատական գործընթացները խորացուցած են պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն վերաբերող մտահոգութիւնները։

Այս պայմաններուն մէջ սահմանադրական դրոյթները անփոփոխ պահելու յայտարարութիւնը ինքնին բաւարար չէ փարատելու մտահոգութիւնները Եկեղեցւոյ անկախութեան եւ ազատ գործունէութեան շուրջ։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական ու ազգային առաքելութեան սահմանադրական ճանաչումը պէտք է ուղեկցուի անոր ներքին ինքնավարութեան եւ հաստատութենական անկախութեան գործնական յարգումով։