«Նոր աշխարհակարգին մէջ Թուրքիան պիտի ըլլայ ուժային կեդրոններէն մէկը». Էրտողան
- (0)

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ վերաձեւաւորուող նոր աշխարհակարգին մէջ Թուրքիան դառնալու է առանցքային դերակատար։ Անոր համաձայն՝ այն դիրքորոշումները, որոնք տարիներ շարունակ ենթարկուած էին քննադատութիւններու, այսօր աւելի լաւ կ՚ընկալուին, իսկ յատկապէս Սուրիոյ քաղաքականութեան շուրջ հնչած մեղադրանքները ժամանակի ընթացքին վերածուած են դրական գնահատականներու։
Էրտողան նշած է նաեւ, որ ներկայիս Թուրքիան քննադատողները ապագային ստիպուած պիտի ըլլան ընդունելու Անգարայի ցուցաբերած այդ մօտեցումներուն իրաւացիութիւնը։ Ան շեշտած է, որ չ’արժեր յանձնուիլ յոռետեսական մօտեցումներու՝ ընդգծելով, թէ «Թուրքիոյ դարը» ռազմավարութեան շրջածիրէն ներս երկիրը պիտի շարունակէ առաջ շարժիլ դէպի նոր կարելիութիւններ։ Անոր ակնկալութիւնն է, որ այս ընթացքը իրականանայ պետութեան, գործարար աշխարհի եւ հասարակութեան համատեղ ջանքերով։