«Հորիզոն»ի լուսանկարիչ Իշխան Ղազարեան գնահատագրի արժանացաւ

Նոյեմբեր 9-ին, Թորոնթոյի մէջ կայացած «Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդի» գնահատագրերու տուչութեան ընթացքին,

«Հորիզոն»ի լուսանկարիչ Իշխան Ղազարեանի շնորհուեցաւ յատուկ գնահատագիր, լրագրական մարզին մէջ իր կամաւոր ծառայութեան համար։ Իշխան Ղազարեան երկար տարիներէ ի վեր «Հորիզոն»ի Օնթարիոյի պաշտօնական լուսանկարիչն է եւ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին ներկայ եղած է Օթթաուայի ժողովրդային հաւաքին՝ իր լուսանկարներով արխիւագրելու Ապրիլ 24-ի քայլերթի դրուագները։ Իշխանի լուսանկարները վերջերս հրապարակուեցան Գանատայի National Geography-ի տարբերակին մէջ։ Գնահատագիրը Իշխանին յանձնեց «Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդի» նախագահ Թամըս Սարաս։

Հանդիսութեան աւարտին Իշխանին շնորհաւորեցին Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան եւ «Հորիզոն»ի աշխատակից Ժագ Վարպետեան։

Նշենք, որ 2009-ի Սեպտեմբերին «Հորիզոն»ը Գանատայի համայնքային լաւագոյն լրատուամիջոցի գնահատագիր ստացած է  Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի ձեռամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.