Նախագահ Մաքրոն Պիտի Մասնակցի Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդի Տարեկան Ընթրիքին
1726
0
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն պիտի մասնակցի Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին: Այդ մասին «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
Այս տարի հայ համայնքի տարեկան ընթրիքը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 29-ին: Մուրատ Փափազեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկին պատուոյ հիւրն է թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ:
Ընթրիքը նախատեսուած է Փարիզի l’Hotel du Collectionneur-ի մէջ: Ընթրիքի ժամանակ կ՛ակնկալուի Ֆրանսայի նախագահին ելոյթը: