Յունուարին Ատրպէյճանէն Հայաստան արտահանուած է 2.4 միլիոն տոլարի արտադրանք

2026 թուականի յունուարին Ատրպէյճանը Հայաստան արտահանած է 2 միլիոն 403.6 հազար ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ արտադրանք։ Այս մասին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի Պետական Մաքսային Կոմիտէն։

Նշեալ ծաւալը կազմած է երկրի ընդհանուր արտահանման 0.11 առ հարիւրը, նշած է նոյն աղբիւրը։

Նաեւ նշուած է, որ անցեալ տարուընէ ի վեր Ատրպէյճանէն Հայաստան սկսած են նաւթի մատակարարումներ։

Դեկտեմբերի 19-ին Հայաստան մուտք գործած է Ատրպէյճանի «Socar» ընկերութեան պենզինով բեռնաւորուած 22 վակոնէ բաղկացած գնացք մը, որմէ ետք ներմուծուած են եւս երկու խմբաքանակներ։

Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, թէ ներկայիս Ատրպէյճանէն Հայաստան կը ներմուծուին միայն նաւթամթերքներ՝ պենզին եւ տիզելային վառելիք, մինչդեռ հայկական արտադրանք տակաւին չէ արտահանուած Ատրպէյճան։