ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․

ՄՇԱԿՈՅԹ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆԸ

ԵՒ

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԳՈՅԱՁԵՒԻՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մշակոյթը հաւաքականութեան մը «էական միջավայր»ն է, որովհետեւ է ինքնութեան, արմատներու եւ յիշողութեան տարածքը։ Քիւրքճեան խորհած է, թէ անոնցմով կը սահմանուի «մարդկային երեւոյթ»ը։ Այսպէս խորհած է, նոյն ատեն յիշելով, թէ «այսօրինակ մշակութապաշտ տեսիլք մը», (կ’իմանամ՝ պատմական եւ գոյութենական հասկացողութիւն մը), ժամանակակից ու արդի աշխարհին կողմէ մերժուած է, որովհետեւ «նախամեծար» համարուած են աւելի «իրապաշտ» գործօններ, ինչպէս՝ ընկերա-քաղաքականը կամ տնտեսականը։ Անոնք զեղչելի չեն, բայց, ըստ իրեն, այն մերժումը՝ մոռացումի ախտանիշ մըն է, որուն «դէմ կ’ելլեն յիշողութեան եւ ինքնութեան պաշտպան այլ ուժեր» (պաշպան «ուժեր»ը՝ իրողութիւններ են)։ Անոնցմէ են՝ օրինակ արեւմուտքի փոքրամասնական շարժումները, կամ անդր-պետական (Խաչիկ Թէօլէօլեանի եզրով՝ «անդրազգային», որուն համաձայն չէ եղած Քիւրքճեան)  մշակութային բազմութիւնները՝ Սփիւռքները։ Սոյն «ուժեր»ու ծիրի մը մէջ տեղադրած է արեւմտահայ Սփիւռքը, որ յառաջացած է ցեղասպանութենէն։ Թէ ինչո՞ւ արեւմտահայ Սփիւռքը միայն, եւ ոչ նաեւ՝ արեւելահայը։ Որովհետեւ արեւմտահայ Սփիւռքը «իր պատմական ծնունդով եւ իր կրած մշակոյթի (լեզուի տարբերակով), կը զանազանուի արեւելահայ Սփիւռքէն, որ նոր է, եւ «էապէս տնտեսական ծագում ունի»։ Աճապարեմ ըսելու, որ այս տեսակէտին համար՝ անհրաժեշտ տեսած է աւելցնել, թէ այս զանազանումը «ճշդելի է որոշ պայմաններու տակ»։ Սակայն յաւելումէն ետք, չէ պարզած, թէ որո՞նք են այն «որոշ պայմաններ»ը զորս ի մտի ունեցած է։ Ենթադրելի է, թէ Հայաստանէն արտագաղթողներէն ոմանց արեւմտահայ ծագումը նկատի ունեցած է, գուցէ նաեւ՝ անոնց ու այլոց դառն փորձառութիւններն ու բռնութեան կայսրութենէն ճողոպրումը։

Ինք հայ մշակոյթը՝ «իր ակունքներէն իսկ» ճանչցած է իբր բաց մշակոյթ մը, որ ի սկզբանէ ունեցած է «Օտարին հետ հաղորդուելու, համարկուելու» կարողութիւնը։ 1915-ի Աղէտն է, որ զայն ենթարկած է «հայապահպանում» տարազով «սնանկ» գաղափարաբանութեան։ Գաղափարաբանութիւն մը՝ որ կը կոտորակէ, կը հիւծեցնէ եւ կը բնաջնջէ…։ Սփիւռքը տակաւին կը շարունակէ ենթարկուիլ այն գաղափարաբանութեան ժխտական ազդումներուն։ Մշակոյթին բացութիւնը որեւէ «փոքր ածու» (ծանօթ է, որ Խորենացի այս պատկերը գործածած է հայութեան համար. Քիւրքճեան ասիկա օգտագործած է՝ նկատի ունենալով որեւէ ցիրուցանեալ ժողովուրդ) ներքնապէս կը զօդէ, կը զօրացնէ…։ Մանաւանդ սփիւռքեան հաւաքականութեան մը պարագային։

Հայ մշակոյթը դարեր շարունակ «պայմանաւորած է հայութեան հաւաքական գոյութիւնը՝ իր պատմական ծագումէն՝ արդէն»։ Անիկա հայութեան «երկրորդ բնաւորութիւն» մը եղած է։ Հակառակ ամէն տեսակի աղէտներուն, անիկա այնքան ներգործօն ազդեցութիւն ունեցած է, որ «պետական կռուանէ շատ կանուխ զրկուած» հայութիւնը՝ կանգուն պահած է իր «կրանիթեայ պատուանդան»ին վրայ։ Մարդկային կորուստները, մշակութային հարստութիւններու աւերումները եւ «անսրբագրելի բնակչագրական դիմագիծին աղաւաղումը» Հայաստանին, չեն կրցած վերջակէտ մը դնել մշակոյթի ընթացքին ու մերթ ընդ մերթ՝ թափին։ Մշակոյթը օգնած է, որ հայութիւնը փրկուի, նոյնիսկ կիսասփիւռքեան պայմաններուն մէջ, այսինքն՝ նախա-Եղեռնեան ցրուածութեան պայմաններուն։

Մշակոյթով ապրիլը՝ հայութեան «ազգային գոյատեւման բանալին» է։ Ցեղասպանութենէն ետք, արեւմտահայ Սփիւռքին համար մշակութային գոյաձեւ իւրացնելը՝ «թանկագին աւանդ» մըն է։ Իւրացմամբ՝ հայութիւնը կը վերածուի ազգ-ժողովուրդի։ Պետականազուրկ ժողովուրդ մը պէտք է որ «առաւել ուժգնօրէն» կառչի իր մշակոյթին, որ կրնայ փոխարինել պետութեան դերը։ Ափսոսանքով գրած է. «Մեր Սփիւռքը՝ պառակտուած այս միաւորը, չէ փութացած ըմբռնելու այսպիսի ճշմարտութիւն մը, որ սակայն էական է իր վերապրումին համար»։

Սփիւռքը մշակոյթին փրկարար դերը «շատ անորոշ կերպով մը կը զգայ միայն», հակառակ այն ստիպողական կացութեան՝ որ իրմէ կը սպասէ լուրջ ըմբռնումը անոր։ Այս հաստատումին համար, Քիւրքճեան ակնարկած է Սփիւռքի «աղէտալիօրէն մերժողական կեցուածքին»՝ հանդէպ համաշխարհային մշակութային արժէքներուն։ Այս կեցուածքով՝ Սփիւռքը անելի մը մէջ կը պահէ ինքզինք։ Անիկա ուշացած է, կարելի է աւելցնել՝ որ դեռ կ’ուշանայ, «տեսնելու իր ուղին», որ չէ այլ ինչ՝ քան «կենսական զանցում»ը արեւելեան «գաղափարաբանական կեթոյին», եւ արեւմտեան քաղքենի ապամշակութայնացման։ Ինք Սփիւռքի արեւելեան թեւը տեսած է երկչոտ փորձի մը եւ «ձախաւեր բացուածք»ի մը մէջ, իսկ արեւմտեան թեւը՝ մանկավարժական «անդամալուծութեան ու քաոսի», որ հայկական ապրող մշակոյթի մը տեղ՝ թիւրիմաց «հայութեան գիտակցութիւն» մը պահպանելու ապաւնիած է։ Պատկերը մռայլ է։

Ի՞նչ ընել։

«Պատմական դասեր»ուն Քիւրքճեանի ընթերցումը՝ չէ ուզած այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ անոնք ինքնաբերաբար դեղագիրներ կամ երաշխիքներ կը հայթայթեն։ Այն դասերը «օգտակար» կ’ըլլան, երբ իրենց «էական նշանակութեան» կը վերածուին։ Այն վերածումը՝ պայման է, որ անոնք «օգտակար» ըլլան։ «Դասեր»ը կը պահանջեն հաւատարմութիւն եւ ստեղծականութիւն։ Հաւատարմութիւն սեփական հաւաքական ինքնութեան, եւ ստեղծականութիւն՝ որ «մնայուն ճիգ» է համարկուելու ներկայ համաշխարհային մշակութային արժէքներուն։ Սփիւռքը այս կրկնակ պահանջքին կարեւորութիւնը պէտք է ընդունի, եթէ «չի կամենար արագացնել իր նահանջը», ձգելով՝ որ անիկա դառնայ «գահավէժ անկում» մը։

Իրեն համար, սփիւռքահայ ըլլալը՝ երկմշակութայնօրէն ըլլալ է (վստահ եմ, որ տարակարծիք պիտի չըլլար, եթէ ըսուէր՝ թէ սփիւռքահայ ըլլալը՝ առաւել քան երկմշակութայնօրէն ըլլալ է. կը կարծեմ, որ ասիկա բացատրելու պէտքը չկայ)։

Մշակոյթի իր տեսութիւնը՝ սերտօրէն առնչած է լեզուի իր տեսութեան։ Լեզուն որեւէ հաւաքականութեան պարագային՝ «ագուցման տեղ»ն է ինքնութեան գիտակցութեան, ու մշակութային «այլազան իրագործումներու», նաեւ՝ բարքերու ամբողջութեան։ Ըստ իրեն, առանց «ագուցման տեղ»ին իւրացման՝ ինչ որ կը ժառանգուի պակասաւոր կ’ըլլայ։ Ուրեմն՝ ինքնութեան գիտակցութիւնն ալ պակասաւոր կ’ըլլայ… եւ պակասաւորութիւնը դրական խոստումներ չի կրնար տալ։ Միայն ու միայն կը տանի բացարձակ այլութեան…։

(Շարունակելի 9)