ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ. (Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)
- (0)

ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
ՏԱՐԱՇԽԱՐՀ․․․
Ըսի արդէն, թէ Սփիւռքին համար Քիւրքճեանի նախընտրած անունը՝ «Տարաշխարհ»ն է։ Ի՞նչ կամ ինչե՞ր կը թելադրէ այս անունը։
Գիտենք, որ բառը կար մեր լեզուին մէջ 5-րդ դարէն եւ կը նշանակէր «հեռաւոր աշխարհ», կ’ըսէ «Նոր Բառգիրք»ը։
Թէեւ Քիւրքճեան «Սփիւռք» անունը գործածած է, եւ 2022-ին ալ լոյս տեսած իր յօդուածներուն ժողովածոն անուանած` «Սփիւռք Եւ Ինքնացում», սակայն, կը կարծեմ, որ անունը տեսած էր ըստ իր «Տարաշխարհ»ին։ «Տարաշխարհ»ը իրեն համար՝ միայն «հեռաւոր աշխարհ»ը չէր, այլ՝ հեռաւորութեան մէջ տարածք (dimension) «աշխարհաստեղծ» գիտակցութեան, որով ինքնացումը կ’աճի՝ նուիրագործելով այլութիւնը․․․։
Կար աշխարհ մը, որ անցեալին մէջ մնաց։ 1915-ի Աղէտը՝ ահաւոր կոտորածներուն հետ, կորուստը եղաւ դարաւոր կեցութեան մը, ժառանգութեան մը, եւ՝ մեկնակէտը զանգուածներու տարագրութեան։ Տարաշխարհին սկզբնաւորութիւնը՝ տարագրական է, եւ այս տարագրութիւնը՝ պատմա-քաղաքական է։
«Նոր Բառգիրք»ի «Տարագրութիւն» բառին դիմաց դրած հոմանիշներ են՝ վտարանդիութիւնը, օտարութիւնը, խոտորումը (այսօր պիտի ըսուէր՝ այլասերումը)։ Գրաբարեան ժամանակներէն ցարդ կիրարկուող նշանակութիւններ են ասոնք, որոնք պատմա-քաղաքական բնոյթի են։ Պիտի աւելցնէի՝ ընկերային եւ գաղափարաբանական բնոյթի են։
Քիւրքճեան անհրաժեշտ տեսած է պատմա-քաղաքական նշանակութեան «իմաստաբանական շրջում»ը կատարել եւ զանցել զայն, ու այն շրջումը եւ զանցումը «տարագրութիւն» բառը արձանագրած է «տարա-գրութիւն» ձեւով։ Ասիկա միաժամանակ պատմական դէպքով յառաջացեալ «Տարաշխարհ»ին իմաստափոխութիւն մը կ’ենթադրէ․ թէեւ ասոր չէ տուած «տարա-գրութիւն»ին նման ձեւ, այսինքն՝ չէ գրած «Տար-աշխարհ», սակայն ըստ «տարա-գրութիւն»ին հասկցած է զայն։
Արդ, «տարա-գրութիւն» բառին «տար»ը հասկցած է որպէս «դուրս»ը, «այլ»ը, «ուրիշ»ը, «միւս»ը, «օտար»ը։ Ուրեմն՝ տարա-գրութիւնը անոնց «գրութիւն»ն է։ Ի՞նչ կը նշանակէ այս «գրութիւն»ը։
Ինք ծագումնաբառը՝ յունարէն «էքսորիա»ն թարգմանած է «արտասահմանում»։ Համաձայն այս թարգմանութեան ալ՝ «գրութիւն»ը ընկալած իբր «սահմանում»։ Հետեւաբար՝ տարա-գրութիւնը՝ «դուրս»ի, «այլ»ի, «ուրիշ»ի, «միւս»ի եւ «օտար»ի մասին «գրութիւն»ն է իբր սահմանում, որ կը ճակատի անոնց․ կը ճակատի՝ ոչ թէ իբր մերժումի արարք, այլ իբր չափուիլ մը անոնց ծովածաւալ կամ անջրպետային իրականութեան հետ, եթէ կարելի է սարաֆեանական պատկերները գործածել։
Ըսի, թէ տարա-գրութիւնը մեկնակէտին ունի պատմա-քաղաքական դէպք տարագրութիւնը։ Պատմա-քաղաքականը երբ կը տիրապետէ գիտակցութեան՝ օտարում կը պատճառէ, կը քարացնէ։ Այն օտարումը կամ քարացումը մեր լեզուին մէջ ծանօթ «հայապահպանում» բառով։ Ասոր սերտօրէն կապուած է պատմական դէպքին «անանձնական եւ արտաքնացած ներկայապաշտութիւն»ը (այս «ներկայապաշտութիւն»ը կը մեկնեմ իբր ներկային մէջ պաշտումը ոչ-ներկային), այլ խօսքով՝ ատոր անձնականացման կամ իւրացման անկարողութիւնը, որուն հետ կու գայ մերժումը այժմին, վայրին, դրսութեան, այլութեան, ուրիշութեան, միւսութեան եւ օտարութեան։ Ասկէ՝ ձուլումի գաղափարաբանութիւնը։ Գաղափարաբանութիւն՝ որ կ’ապրի մարդ/հայ կեղծ երկընտրանքը։ Երկընտրանք՝ որ ծնանողն է եւ դիեցնողը ձուլման։
Երբ պատմա-քաղաքականին որպէս անցեալի դէպք օրինավիճակը կ’անտեսուի կամ կը մոռցուի՝ մտահերձում մը տեղի կ’ունենայ։ Եւ մտահերձումը կը հերքէ այժմին ու վայրին, դրսութեան, այլութեան, ուրիշութեան, միւսութեան եւ օտարութեան փորձառութիւնը։ Մինչդեռ այն փորձառութիւնը ո՛չ առասպել է, եւ ոչ ալ՝ ցնորք, այլ գոյութենական եզր, որ «էապէս» շարժուն է, աւելին՝ «շարժապաշտ» է։ Եւ որպէս «շարժապաշտ»՝ «կենսական կը գտնէ» «դուրս»ին, «այլ»ին, «ուրիշ»ին, «միւս»ին եւ «օտար»ին «ստանձնումը, համարկումը սեփական ամբողջին»։ «Սեփական ամբողջ»ը՝ անցեալին մէջ չի բնակիր, այլ՝ այժմին ու վայրին, եւ անցեալն ու ժառանգութիւնը ունի իբր ձեւաւորելի ատաղձ։
Անհրաժեշտ է, որ պատմա-քաղաքական դէպքը անձնականանայ, պիտի ըսէի՝ քննութեամբ եւ վերաքննութեամբ իւրացուի՝ որպէսզի ներկայի ճանաչումին, եւ վաղուան ծրագրումին ծառայէ։ Որպէսզի պատմական դէպքը ստանձնուի՝ զայն նաեւ պէտք է կարդալ նորովի, ըստ դրսութեան, ուրիշութեան, այլութեան, միւսութեան եւ օտարութեան ժամանումին։
Ինչպէս ստիպողութիւն է զանցել պատմա-քաղաքական տարագրութեան միեզր հասկացողութեան տիրապետութիւնը, նաեւ ստիպողութիւն է զանցել անհատական տարագրութիւնը, որ ծնողական, ընկերային ազդումներով յօրինուած նախագիտակիցն է։ Անհատական տարագրութիւնը, երբ կը մտնէ զանցումի գործունէութեան մէջ, նախ պատմա-քաղաքականը կ’անձնականացնէ «այն չափով միայն, որ կարելի է», ապա եւ ամէն ինչ՝ որ նախագիտակիցէն կու գայ իբր ճնշում։
Անձնականացումը՝ «կարողական ինքնութեան մը առաջին ինքնահաստատում»ն է, առաջին այլացումը պատմա-քաղաքականէն եւ նախագիտակիցէն։ Է «աղբիւրը՝ միւս այլացումներուն», այլեւ աղբիւրը՝ «ինքնութեան եւ ինքնագիտակցութեան, տարա-գրութեան»։ Այսպէս կը սկսի պատմա-քաղաքական տարագրութեան, ինչպէս նաեւ նախագիտակիցին «վաւերականացում»ը։ (Անկասկած, այս վերջին բառով կը ծագի հարցումը՝ թէ պատմա-քաղաքական տարագրութիւնը վաւերական չէ՞ր։ Ինք գրած է․ «պատմական տարագրութիւնը՝ վաւերական տարագրութիւն է/չէ»։ Իրաւ որ բարդ խօսք մըն է ասիկա։ Պարզ բացատրութիւն մը տալով, կարելի է ըսել, թէ «վաւերական» է իբր անցեալի իրողութիւն։ «Վաւերական» չէ՝ իբր գոյութենական իրականութիւն։ Նոյնը կարելի է բանաձեւել նաեւ նախագիտակիցին համար․․․)։ «Վաւերականացում»ը «Տար-աշխարհին ստեղծումն է։
Պատմա-քաղաքականին անձնականցումը, կամ «արժէքային չափանիշ» ենթադրող անհատականացումը՝ իր առաջին հանգրուանին ծնողքի եւ ժառանգականութեան նախագիտակիցը ունի։ Ասոր կրնայ հետեւիլ, ասով կ’աճի «սեփական պատմութեան կուտակում»ը, որ ինքնութեան հիւսքն է արտաշխարհին։ Աճումին հետ կարելի կ’ըլլայ խօսիլ «ուրիշ վայրի մասին»։ Կարելի կ’ըլլայ խօսիլ «ուրիշ» օրինավայրի մասին («ուրիշ»ին հետ ի մտի ունենալ նաեւ իր ընկերները)։ Օրինավայր՝ որ տարբեր է հայրերու օրինավայրէն։ Այն խօսիլը՝ արտաշխարհին հետ տրամախոհութեամբ կը զարգանայ, եւ կը հասնի «միւս»(ի) գիտակցութեան (այս «միւս»ին հետ եւս ի մտի ունենալ իր ընկերները), տարա-գիտակցութեան օրինավայրին։ Ու ասիկա ոչ միայն հասնիլն է, այլեւ՝ հասնումն է «Վեհափառ․․․անզեղչելի»ին (յիշել բոլոր ընկերները) մէջ։
Այս հանգրուանին է, որ սեփական գիտակցութիւնը իր «բարձրագոյն աստիճան»ը կը գտնէ։ Կը ճալատի «Վեհափառ» գիտակցութեան։ Եւ ասիկա «նուաճեալ քայլ» է, որով պատմա-քաղաքական եւ անհատական տարագրութիւնները կը զերծուին իրենց տիրապետութեան ուժէն։ Հոս է, որ Բանով ստանձնելի կ’ըլլան «դուրս»ը, «այլ»ը, «ուրիշ»ը, «միւս»ը, «օտար»ը։ Որովհետեւ կը փորձեն, կը ճգնին գիտնալ զանոնք, կը վերածեն գիտութեան կամ տեսութեան, որ «ազատագրուած խօսք» է՝ «ազատագրուած փրաքսիս ծնող», ինքնութիւնը վերածող տարա-գրութեան, բնակիչին՝ Տար-աշխարհի։ Տար-աշխարհը՝ տարագրութեանց տարաշխարհին ուրացումը չէ, այլ՝ ազատ-ա-գրուած, ազատ-ա-գրելի տարաշխարհն է՝ վասն վաւերական լինելութեան։ Արդ, անիկա այժմն է, վայրն է ո՛չ թէ վտարանդիութիւն, ո՛չ թէ խոտորումին, ո՛չ թէ ժխտական օտարութեան, այլ՝ իսկապէս տարբերը, գաղափարաբանականէն ազատագրեալ նոր սահմանումին․․․նոր սահմանումներուն աշխարհը։
Քիւրքճեանի մտածումին ընդհանուր նայուածք մըն է ցարդ պարզածս։
(Շարունակելի 2)