ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ կամ ՎԱՐԺԵՑՈՒՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ (Շար. 10)
- (0)

(Սփիւռքեան մտածողութիւն մը)
ԳԱՌՆԻԿ Աւ․ Ք․ Գ․
«ԱԳՈՒՑՄԱՆ ՏԵՂ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ըստ Քիւրքճեանի, սփիւռքահայ մշակութային կեանքին համար՝ հայերէնին դերը անշրջանցելի է։ Այս համոզմամբ, ինք հայերէնի ուսուցման նախանձախնդիր մըն էր, եւ թէ՛ ֆրանսախօս ու անգլիախօս, եւ թէ՝ հայախօս նոր սերունդին համար պատրաստողը ձեռնարկներու, դասագիրքերու, եւ ուսուցիչներու համար ուղեցոյցներու։
Արդ, ինչպէ՞ս հասկցած է լեզուն։
Լեզուն «հոգեմտաւոր եւ ընկերաբանական երեւոյթ» մըն է։ Անիկա իբր ինքնութեան գիտակցութեան, ու մշակութային «այլազան իրագործումներու», նաեւ՝ բարքերու ամբողջութեան ագուցման տեղ՝ «կենսական դիրք» ունի։ Ուստի՝ նոյնքան կենսական է անոր դերը «գոյատեւման գործընթացին մէջ»։ Քանի որ անիկա «պարզ գործիք չէ», այլ կը մարմնացնէ «մտածում» մը, որ արտադրուած է «հաւաքական պատմութեան տեւողութեան»։ Անկասկած, «մտածում»ով Քիւրքճեան հասկցած է շատ աւելին՝ քան զուտ մտքի կիրարկումները, այսինքն՝ հասկցած է աշխարհընկալում(ներ)էն մինչեւ գաղափարներու մշակումները։ Այն «մտածում»ը «յենարան» է, առանց որուն ամէն ինչ պակասաւոր կ’ըլլայ…։
Արդ, հայերէնը յարաբերաբար հայերու կողմէ գործածուող լեզուներու՝ անհրաժեշտ է, որ նախապատուութիւն վայելէ։ Մեր տարբեր լեզուներով շրջապատուած կացութեան մէջ, հայեր կը շահին՝ երբ կը տիրապետեն մայրենի լեզուին։ Կը շահին դարաւոր հայերէնին «մտածում»ը։ Նախապատուութիւնը, անշուշտ, պէտք չէ ընկալուի իբր անտեսում շրջապատի լեզուին, կամ՝ այլ տիրող լեզուներու։ Հարկ է իւրացումը թէ՛ շրջապատի լեզուին, եւ թէ՝ տիրող այլ լեզուներու։ Մեկուսացած հայերէնագիտութիւն մը՝ անբաւարար է ինքնութեան գիտակցութեան համար։ Նոյնպէս անբաւարար է միայն շրջապատի լեզուին, կամ տիրող այլ լեզուներու իւրացումը՝ հայօրէն ըլլալու համար։ Երկու պարագաներուն ալ, հոգեմտաւոր խզում մը կը յառաջանայ։ Սփիւռքահայը կոչուած է յաղթահարելու եւ զանցելու այն խզումը, որ օտարացում է։ Ինչպէ՞ս յաղթահարել եւ զանցել զայն։ Քիւրքճենաի առաջարկն է՝ երկլեզուութեան ռազմավարութեամբ (կարգ մը իրականութիւններու մէջ՝ նաեւ քանի մը լեզուներու ռազմավարութեամբ, աւելցնեմ)։ Այն ռազմավարութիւնը «թիրախ» կ’ունենայ նոր սերունդը, կը յեղափոխէ «դասաւանդման ժամանակավրէպ կամ մակերեսային մեթոտներ»ը, տրամախոհականօրէն համարկելով հայերէնը միւս լեզուին (կամ լեզուներուն) հետ։

Այն համարկումը՝ ինք չէ հասկցած ա-լա-յունաբան գործունէութիւն մը, ուր մայրենին կը կորսնցնէ իր օրէնքը եւ կատարելապէս կ’ենթարկուի միւս լեզուին (լեզուներուն)։ Իր հասկացողութեամբ՝ համարկումը է արժեւորիչ գոյակցութիւն։ Հայերէնը երբ այնպիսի գոյակցութեան մէջ կը գտնուի, միւս լեզուի օրէնքին «մտածում»ը (միւս լեզուներուն «մտածում»ները) ունկնդրելով, արժեւորելին արժեւորելով՝ նոր որակ մը կը ստեղծէ, նոր որակի մը կը տանի սեփականը։ Արժեւորիչ գոյակցութիւնը՝ «բարոյական կեցուածք է, արժէքաբանական ամբողջական դիրքորոշում», եւ ոչ՝ «արհեստավարժական յատկութիւն» կամ ատակութիւն։ Ասիկա չի նշանակեր, թէ արհեստավարժականը կարեւոր չէ, ընդհակառակն՝ շատ կարեւոր է, բայց անոր ճշմարիտ կիրարկումին համար՝ հիմնական է բարոյական կեցուածքը։ Քանի որ այն կեցուածքը գոյակցութեան իսկութիւնն է։ Անիկա իր օրէնքը չի հասկնար իբր միաձեւութեան անփոփոխելի հրաման, այլ զայն կը խորհի իբր ուղի, որ կը յառաջանայ այլազանութեան սկզբունքին յարգանքով։ Անիկա ըստ այնմ կը պահպանէ արեւմտահայերէնի աւանդը, նաեւ կը պահպանէ իր հաւատարմութիւնը դասական ուղղագրութեան հանդէպ։ Այս տեսակ պահպանումը՝ բացուածք մըն է, որ կրնայ գտնել «համաշխարհային հեռանկար մը»։ Հեռանկար մը՝ որ «ներհայկական հաղորդակցամիջոց»ի մը վերածումն է արեւմտահայերէնին, «իբր անդր-պետական էսփերանթօ»։ Այս վերածումը կարելի կ’ըլլայ արեւմտահայերէնով մշակելի գրականութեամբ մը, որ համաշխարհային գրական-գեղարուեստական հոսանքներուն կ’առճակատի։ Ասոր զուգահեռաբար՝ այլ լեզուներէ արտադրութիւններու թարգմանութիւններով։ Թարգմանութիւնները «էական գործընթաց» մըն են. անոնք այլ լեզուներու եւ մշակոյթներու հետ հաղորդակցութիւն կը ստեղծեն, եւ կենսունակութիւն կու տան սեփական լեզուին։
Մայրենիի նոր որակին ստեղծումը՝ «կը պատրաստէ սփիւռքեան վերապրումի տարրեր, նոր ձեւ մը, տիպականօրէն հայկական ձեւ մը»։ Անիկա «զգայուն հաւասարակշռութեան» որակ մըն է, որ կ’ազատագրէ եւ դրական զարգացումի մեկնակէտ կ’ըլլայ։ Այս ընթացքը, անկասկած, պիտի վերափոխէ արեւմտահայերէնը։
Իսկ արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին մերձեցման հարցին՝ ի՞նչ տեսակէտ ունեցած է Քիւրքճեան։ Նախ հայերէնի այսպէս երկճիւղումը համարած է հետեւանք պատմա-քաղաքական բազմադարեան անբնական պայմաններու։ Ապա անդրադառնալով անոնց համաձուլման խնդրին՝ ինք հակած է այն տեսակէտին, թէ ատիկա արուեստակեալ փորձերով անիրագործելի է։ Իր կարծիքով՝ լեզուական փոփոխութիւնները կարելի կ’ըլլան միայն բնական հոլովոյթով։ Ուստի՝ համաձուլման գաղափարին տեղ՝ խորհած է մերձեցման մասին, եւ ատոր համար նպաստաւոր տեսած է ներազգային հոգեմտաւոր հաղորդակցութիւնը, շփումներու սերտացումը եւ հասարակաց գետինի մը որոնումը։ Ըստ մերձեցման իր առաջարկներուն, հիմնական խնդիրը՝ ուղղագրութիւնն է։ Արեւելահայերէնը պէտք է վերադառնայ նախախորհրդային ժամանակաշրջանին իր կիրարկած դասական գրելաձեւին։ Դիւրին չէ ասիկա ընելը, բայց՝ անհրաժեշտ։ Ապա հարկ է հեոռւ մնալ իւրաքանչիւր լեզուաճիւղի «կաղապարուած եւ անփոփոխելի տարերք»էն, քանի որ անոր «օրկանական էութիւն»ը «տեղ չի տար մերձեցումի ուղղակի փորձերու»։ Արդ, ասպարէզը միայն կրնայ վերաբերիլ «մասնակի-անուղղակի»ին, այսինքն՝ բառամթերքին, որ ընդհանրութեան մէջ՝ երկուքին մօտ «միեւնոյնն է», դարձուածքներուն, եռաստիճան բաղաձայններուն, յատուկ անուններու ուղղագրման։ Ու այն ասպարէզը պիտի հաւատայ «բնական փոխ-թափանցում»ին։
Թող ներուի ինծի, որ հիմա տեղին չեմ գտներ մէկ առ մէկ բանալ իր առաջարկները։ Ընթերցողը կը յղեմ իր «Արեւելահայերէն Եւ Արեւմտահայերէն Լեզուաճիւղեր/Մերձեցումի Կարելին Եւ Անկարելին» յօդուածին։ Չեմ բանար՝ որովհետեւ լեզուաբանական անջատ ու ծաւալուն քննութեան մը նիւթն է անիկա։
Ինք արեւմտահայերէնը մօտիկ դրած է դասական կամ գրաբար հայերէնին, ուստի՝ լեզուաճիւղերուն մերձեցման համար՝ գրած է, թէ արեւելահայերէնին «էական խնդիր»ն է՝ «վերա-կամրջումի խնդիրը՝ ազգային անցեալի եւ ո՛ղջ աւանդութեան հետ»։ Այն վերա-կամրջումը՝ մեծապէս պիտի ծառայէ արեւելահայերէնին եւ արեւմտահայերէնին մերձեցման։
Մինչ այդ՝ արեւմտահայ Սփիւռքը կարեւոր է, որ ստանձնէ լեզուական իր ժառանգութիւնը։ Ոչ թէ Երեւանէն սպասէ նախաձեռնութիւնը իր լեզուին ուսուցման ծրագիրներուն, այլ ինք նախաձեռնէ՝ յարգելով սփիւռքեան իր պայմաններուն նոր սերունդները, որոնք երկլեզուութեան (կարելի է աւելցնել. շարք մը տեղեր՝ եռալեզուութեան կամ բազմալեզուութեան) բնակիչներ են…։ Զուգահեռաբար, ամբողջական ծրագրումով՝ հայերէնի աւանդման մարդուժ պատրաստելու հետամուտ ըլլայ։
(Շարունակելի 10)