Յառաջիկայ զիջումներէն առաջ հիմնական դերակատարները չէզոքացնելու փորձ կը կատարուի․ Աննա Գրիգորեան

ԵՐԵՒԱՆ.- ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ իրականացուող իրաւական գործընթացները պէտք չէ դիտարկել զուտ իրաւական հարթութեան վրայ, այլ՝ յառաջիկայ քաղաքական զիջումներու ընդհանուր ծիրին մէջ։

Օգոստոս 25-ին, Հակակոռուպցիոն դատարանին առջեւ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Գրիգորեան նշած է, որ Նիկոլ Փաշինեան փաստացիօրէն կը թելադրէ արդարադատութեան համակարգին ուղղութիւնը, իսկ դատական մարմինները կը գործեն այդ քաղաքական հրահանգներուն համապատասխան։

«Նիկոլ Փաշինեան հրահանգները իջեցուցած է, եւ ժողովրդավարութեան բաստիոնի փաստացի պետը արդէն իր ձեռքով արդարադատութիւն կ՚իրականացնէ։ Հրամանը կը հնչեցնէ, իսկ դատաւորները այդ հրահանգները ուղղակի կը կատարեն», ըսած է ան։

Գրիգորեան ըսած է, որ ներկայ գործընթացներուն նպատակը ոչ միայն առանձին ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ ճնշում գործադրելն է, այլեւ առաջիկայ զարգացումներէն առաջ քաղաքական դաշտի ազդեցիկ դերակատարները չէզոքացնելը։

Ան մասնաւորաբար նշած է Տիգրանաշենի հնարաւոր յանձնումը եւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը՝ զայն որակելով «Ալիեւեան սահմանադրութեան» ընդունման գործընթաց։

«Փորձ կը կատարուի առաջիկայ զիջումներէն առաջ հիմնական դերակատարները չէզոքացնելու եւ վախի այնպիսի մթնոլորտ ստեղծելու, որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ քաղաքացի, որ ընդդիմադիր հայեացքներ ունի, այլեւս չհամարձակի իր դիրքորոշումը հրապարակաւ արտայայտել», ընդգծած է Գրիգորեան։

Ընդդիմադիր պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ իրական եւ անկախ արդարադատութեան նկատմամբ մեծ ակնկալիքներ չունի՝ տեղի ունեցողը գնահատելով իբրեւ քաղաքական ճնշումներու աւելի լայն գործընթացի մաս։